Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հագուստի Սեւ Գոյնը Կը Պատմէ Մարդու Բնաւորութեան Մասին

April 16, 2026
| Կնոջական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Աշխարհի երեսին շատ մարդիկ սեւ հագուստ կը կրեն: Ոմանք այս գոյնը կը նախընտրեն գործնականութեան պատճառով, իսկ ոմանք ալ` անգիտակցաբար:

Հոգեկան Լարա Ֆերերոն կ՛ըսէ, որ յաճախ սեւ գոյնը կը կապուի «չարի» հետ, բայց ան կրնայ նաեւ լաւ նշանակութիւն ունենալ:

Ֆերերոյի կարծիքով, սեւ գոյնը կրնայ ներկայացնել ներքին կարգուկանոն եւ պարզութիւն: Ան յաճախ կ՛օգտագործուի, քանի որ դիւրութեամբ կարելի է համադրել ուրիշ գոյներու հետ: Սեւը նաեւ աւելի ձեւականութիւն կը հաղորդէ աշխատանքի ընդունուելու հարցազրոյցներուն, կ՛ըսէ հոգեբանը:

L՛Officiel նորաձեւութեան ամսագիրը կը նշէ. «Եթէ կը ցանկաք տպաւորել, հանգստացնել կամ գայթակղեցնել, սեւ հագուեցէք»:

Ճափոնի մէջ սեւ գոյնը «կուրօ» կը կոչուի, որ խորութիւն եւ առեղծուած կ՛ենթադրէ:

Միւս կողմէ` սեւէն կարելի է նաեւ բացասական վերաբերիլ: Օրինակ, ան կրնայ խորհրդանշել մելամաղձոտութիւն կամ սուգ: Սեւը նաեւ կապուած է տխրութեան, պաշտպանութեան եւ ահաբեկման հետ: Այս գոյնը սովորաբար կը կրեն հոգեկան խանգարումէ տառապող հիւանդները, գէր անձերը եւ ներամփոփուած մարդիկ:

Սեւը նաեւ կրնայ խորհրդանշել` գաղտնապահութիւն, խաբէութիւն, դաժանութիւն, դաւաճանութիւն եւ այլն…

«Միայնակ կամ տառապող մարդիկ յաճախ աւելի յարմարաւէտ կը զգան սեւ հագուստով», կ՛ամփոփէ հոգեբանը:

Մէկ այլ հոգեբանի կարծիքով, մարդիկ, որոնք կը նախընտրեն սեւ գոյնը, առեղծուածային են: Անոնք անգիտակցաբար կ՛ուզեն գրաւել շրջապատի ուշադրութիւնը, քանի որ սեւ գոյնը հետաքրքրական է եւ հանելուկ մը ունի իր մէջ: Սեւ գոյնի սիրահարները լեցուն են կրակով եւ կիրքով: Եթէ մարդ ամբողջութեամբ սեւ հագած ըլլայ, այդ կը նշանակէ, որ կեանքին մէջ կայ կարեւոր պակաս մը, որուն պատճառով ինք հանգիստ ու բաւարարուած չէ: Սեւ հագուելով` մարդ ինքզինք կը պաշտպանէ տհաճութենէ եւ կը փորձէ թաքցնել այդ մէկը:

Վերջապէս, սեւ գոյնը հեղինակութիւն ու ծանրակշռութիւն կը ներկայացնէ եւ յաւակնոտութիւն կ՛ենթադրէ: Եթէ մենք տեսնենք սեւ հագած տղամարդ կամ կին եւ կամ սեւ ինքնաշարժ, ենթագիտակցօրէն անոնք մեզի համար կը դառնան աւելի ծանրակշիռ:

Անշուշտ հոգեբաններուն այս վերլուծումները կը վերաբերին անոնց, որոնք սեւ գոյնը որդեգրած են որպէս տեւական գոյն:

Մանկական Հոգեբանի Կարծիքով

 Առաջին 3 Վայրկեաններու
Կարեւորութիւնը

Դպրոցէն վերադարձող երեխան պէտք է դիմաւորենք մեծ ուրախութեամբ, կարծէք հանդիպեր ենք ընկերոջ մը, որուն շատո՜նց չենք տեսներ: Եւ կարեւոր չէ` մենք գործէ վերադարձա՞ծ ենք, յոգնա՞ծ ենք, թէ՞ անտրամադիր…

3 Վայրկեանի Գաղտնիքը

Որպէս կանոն` երեխան կ՛ուզէ մեզի ամէն ինչ պատմել հանդիպման առաջին վայրկեանին եւ հարցը այդ կարեւոր 3 վայրկեաններու առիթը չփախցնելն է` առիթ տալով, որ ան պատմէ մտքէն բոլոր անցածները:

Եկէ՛ք, ծանօթանանք, թէ ինչպէ՛ս կը վարուին այն ծնողները, որոնք կը կիրարկեն «առաջին 3 վայրկեան»-ի կանոնը:

– Անոնք երեխային հանդիպելու պահուն անմիջապէս ծունկի կ՛իջնեն, երեխային հետ կը խօսին նոյն բարձրութենէն, կը գրկեն երեխան եւ կ՛ըսեն, որ շատ կարօտցեր են զինք:

– Երեկոյեան տուն մտնելով` անմիջապէս կ՛երթան երեխային մօտ եւ քանի մը խօսք կը փոխանակեն:

– Մինչեւ երեխային քունի ժամը, թէկուզ` կարճ ժամանակով, ամբողջովին կը նուիրուին երեխային եւ չեն շեղիր այլ գործերով:

– Մտիկ կ՛ընեն, թէ ինչ կ՛ուզէ երեխան եւ կ՛ընեն այն, ինչ որ երեխան կ՛ուզէ:

Իսկ ինչպէ՞ս կը վարուին այն ծնողները, որոնք չեն կիրարկեր «առաջին 3 վայրկեան»-ի կանոնը:

– Անոնք երեխային հանդիպելով` պարզապէս կը բռնեն անոր ձեռքէն եւ կը շարունակեն խօսիլ բջիջայինով:

– Տուն հասնելէ ետք կը կերակրեն երեխան, ապա դասի կը նստեցնեն, իսկ իրենք կ՛անցնին տան գործերուն կամ կը ստուգեն իրենց հեռախօսային հաղորդագրութիւնները: Մինչ այդ պահուն խեղճ երեխան ծնողքէն ուշադրութիւն եւ սէր կը սպասէ:

– Միւս կողմէ` ծնողը կրնայ ամբողջ օր մը անցընել երեխային հետ, բայց զուգահեռելով այդ ժամերը այլ գործերու հետ, առանց լիարժէք զբաղելով փոքրիկին հետ:

Ծնողներ, Յիշեցէ՛ք

Ա.- Քանի մը վայրկեան ամբողջովին երեխային տրամադրելը անոնց կու տայ աւելին, քան քանի մը ժամը` այլ գործերու հետ զուգահեռածը:

Բ.- Երեխան ձեզի չի վստահիր իր գաղտնիքներն ու միտքերը, եթէ զգայ, որ ձեր ուշադրութիւնը այլ տեղ է:

Ժամանակը կարճ է. չէք ալ նկատեր, թէ ինչպէ՛ս ձեր աղջիկը կամ տղան մեծցեր են… եւ եթէ նոյնիսկ խնդրէք, չեն գար ձեր մօտ, չեն ուզեր, որ պարզապէս նստիք իրենց կողքին եւ կարիք չեն ունենար օրուան թանկ պահերը ձեզի հետ կիսուելու:

Ստուգենք Մեր Գիտելիքները

 Ճի՞շդ, Թէ՞ Սխալ

 Անբաւարար Քունը Կը Գիրցնէ:

ՃԻՇԴ: Ուսումնասիրութիւններ հաստատած են, որ քունը կը նպաստէ ախորժակի բարձրացման, քանի որ շատ կարճ գիշերէ մը ետք լեփթին կոչուած հորմոնը (յագեցումի հորմոն) որոշ խախտումներ կ՛արձանագրէ, մինչ անօթութեան պատասխանատու հորմոնը կը գերիշխէ: Նաեւ հաստատուած է, որ քունի պակասը կը նպաստէ գիրութեան եւ սոնքութեան, յատկապէս` գիշերային ժամերու աշխատողներուն եւ երեխաներուն մօտ:

* * *

Տարիքի Հետ Մարդու Մօտ Քունի Պահանջը Կը Պակսի:

ՍԽԱԼ: Տարիքի հետ քունի ընդհանուր տեւողութիւնն ու պահանջը չեն նուազիր (կամ` շատ քիչ). սակայն քունը կը դառնայ աւելի թեթեւ եւ յաճախակի ընդհատումներով:

* * *

Կաթով Հացը Կարագ Կը Պարունակէ:

ՃԻՇԴ: Ֆրանսական կաթով հացը (փեն տը մի) կարագ կը պարունակէ: Արդարեւ, քառանկիւն, սպիտակ եւ համեղ այս հացերը քառապատիկ կարագ կը պարունակեն, քան` մնացեալները. հետեւաբար պէտք է զգուշանալ եւ սահմանափակել անոնց սպառումը:

* * *

Պտուղները Պէտք Է Ուտել Ճաշէն Ետք:

ՃԻՇԴ: Ճաշի ժումերուն միջեւ կերուած պտուղը շաքարի իմաստով աւելի վնասակար է, քան` կերակուրէ ետք կերուածը: Այսպիսով, մարմինը կը վերահսկէ շաքարի տոկոսը արեան մէջ:

* * *

Սխտորին Հոտը Բուժիչ Յատկութիւն Ունի:

ՃԻՇԴ: Քանատացի գիտնականներու կարծիքով, սխտորին պարունակած ալլիսին նիւթը (որ սխտորին համ եւ բոյր կու տայ), ազդու անթիօքսիտան մըն է, որ կը զօրացնէ մարմնին դիմադրողականութիւնը եւ կը պաշտպանէ բջիջները:

* * *

Թարմ Եւ Սառած Ձուկը Նոյն Սննդական Արժէքը Ունին:

ՃԻՇԴ: Սառած ձուկը չի կորսնցներ իր բնասպիտները, կենսանիւթերն ու հանքայինները: Ինչ կը վերաբերի օմեկա 3-ին, ան կրնայ տուժել ժամանակի ընթացքին, բայց` չնչին տոկոսով: Սառած ձուկի սպառումի ժամանակը 3-6 ամիսը պէտք չէ անցնի:

* * *

Կան Իւղ Այրող Ուտելիքներ:

ՃԻՇԴ: Նոյնիսկ եթէ անոնք չեն կրնար ոչնչացնել մարմնին մէջ կուտակուած իւղը, այսուհանդերձ, կարգ մը մթերքներ, ինչպիսիք են սմբուկն ու կարոսը, կ՛արգիլեն իւղերու կուտակումը երկար ժամանակի վրայ:

* * *

Գինիին Շիշը Խոհանոցը Պէտք Չէ Պահել:

ՃԻՇԴ: Չբացուած կարմիր գինիի շիշը ո՛չ խոհանոցը եւ ո՛չ ալ սառնարանը կը պահուի, քանի որ շատ տաք կամ պաղ միջավայրը կրնայ փճացնել զայն, կամ` խաթարել համը: Հետեւաբար չբացուած գինիի շիշին յարմարագոյն տեղը մառանն է եւ կամ մութ ու չոր տեղ մը:

* * *

Կիտրոնը Ախորժակ Կը Կտրէ:

ՃԻՇԴ: Արդարեւ անիկա կը պարունակէ փեքթին կոչուած բնաթելը, որ ջուրին հետ լուծուելով` կ՛ուռի ստամոքսին մէջ եւ յագեցումի տպաւորութիւն կը ստեղծէ: Միւս կողմէ` փեքթինը կը դանդաղեցնէ շաքարի ծծումը:

* * *

2 Հաւկիթ Նոյնքան Բնասպիտ Կ՛ապահովեն Մարմնին, Որքան 250 Կրամ Միսը:

ՍԽԱԼ: 2 հաւկիթ, բնասպիտի իմաստով, համազօր են 100 կրամ կովու, հաւու կամ ձուկի միսի:

Խոհագիր

 Թարմ Կանաչ Նուշով Աղցան

Բաղադրիչներ (Չափաբաժինները` ըստ անձերու թիւին)

– Շերտուած կանաչ թարմ նուշ
– Մանրուած հազար
– Մանրուած վարունգ
– Ռոքքայի տերեւներ
– Անանուխի տերեւներ
– Քերոցէ անցած ստեպղին
– Մեղրադդումի սերմեր
– Նուռի հատիկներ

Թացանին համար`

– Կիտրոնի հիւթ
– Ձիթապտուղի ձէթ
– Նուռի ռուպ
– Աղ, աղտոր

Պատրաստութիւն

Լուացուած,  թարմ կանաչ նուշերը շերտել, խորունկ ամանի մը մէջ փոխադրել եւ վրան կիտրոնով ջուր աւելցնել, որպէսզի նուշերը իրենց գոյնը պահեն:

Առանձին պատրաստել նաեւ թացանը` վերը յիշուած բաղադրիչներով:

Աղցանի ներկայանալի ամանի մը մէջ դնել վերը նշուած բոլոր կանաչեղէնները, ինչպէս նաեւ` քամոցէ անցած նուշերը:

Մատուցելու պահուն երեսը զարդարել մեղրադդումի սերմերով ու նուռի հատիկներով եւ աւելցնել թացանը:

Կանաչ Նուշ Ուտելու
Համոզիչ Պատճառներ

Մեծ քանակութեամբ սննդարար նիւթեր պարունակող այս փոքրիկ կանաչ հրաշքները հին ժամանակներէն յայտնի են իրենց առողջարար եւ բուժիչ յատկութիւններով:

Կանաչ նուշին ֆոսֆորը կ՛օգնէ ակռաներուն եւ ոսկորներուն ամրացման:

Կանաչ նուշի օգտագործումը կրնայ բարելաւել մարսողական համակարգի գործունէութիւնը, ամրապնդել դիմադրողականութեան համակարգը եւ նպաստել սիրտի առողջութեան:

Կանաչ նուշին Սէ. կենսանիւթը եւ զինկը կ՛օգնեն վերականգնելու մորթը, նուազեցնելու կանխահաս ծերացումի նշանները եւ բարելաւելու մազերու առողջութիւնը:

Վերջապէս, կանաչ նուշը կ՛օգնէ կարգաւորելու շաքարի եւ քոլեսթերոլի մակարդակներն ու կը նպաստէ ծանրութեան կորուստի:

*
*  *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

 Ես Չկատարեցի,
Ինչ Որ Գրուած Էր

Ես չկատարեցի, ինչ որ գրուած էր:
Ես անցայ, ինչպէս առաւօտն է անցնում, քսուելով շէնքերին:
Ես պարտութիւններիս բաժակը դատարկեցի իմ յոյսերի վրայ:
Ես իմ մէջ քամեցի ձիերի տխուր համբերութիւնը, որ լուռ դողում է մառախուղի մէջ:
Ես խօսել ուզեցի, բայց իմ խօսքը թոյլ էր, ինչպէս խաչ ելնողի վերջին ժպիտը կամ մեռնողի ձեռքը:
Ես չկատարեցի, ինչ որ գրուած էր:
Ես անցայ ինչպէս առաւօտն է անցնում քսուելով շէնքերին:
Ես այն լուսինն էի, որ շրջում էր քաղաքի տանիքների վրայ եւ անհետանում ինչ-որ հեռու մի տեղ:
Եւ իմ տողերը, որ թոյլ էին, ինչպէս խաչ բարձրացողի վերջին ժպիտը կամ մեռնողի ձեռքը, հռհռում են վրաս, ինչպէս զինուորները մի եղբայրական գերեզման փորելիս:
Ես չկատարեցի, ինչ որ գրուած էր:

ՀԵՆՐԻԿ ԷԴՈՅԵԱՆ

 

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (15 Ապրիլ 2026)

Յաջորդը

Գաղութէ-Գաղութ

RelatedPosts

Լաւատես Ըլլալու 7 Համոզիչ Պատճառներ
Կնոջական

Լաւատես Ըլլալու 7 Համոզիչ Պատճառներ

October 22, 2026
Հետաքրքրական
Կնոջական

Հետաքրքրական

October 15, 2026
Երեխայի Հոգեբանին Կարծիքով.  Որպէսզի Պատիժը Դաստիարակչական Բնոյթ Կրէ
Կնոջական

Երեխայի Հոգեբանին Կարծիքով. Որպէսզի Պատիժը Դաստիարակչական Բնոյթ Կրէ

October 8, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.