Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մըթրի. «Ուաշինկթընի Հանդիպումի Ընթացքին Զինադադար Կամ Զինադուլ Պիտի Պահանջենք, Որպէսզի Կարենանք Իսրայէլի Հետ Բանակցելու Կերպը Քննարկել»

April 15, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փոխվարչապետ Թարեք Մըթրի «Էլ.Պի.Սի.»-ի հետ զրոյցի ընթացքին անդրադարձաւ Ուաշինկթընի մէջ Իսրայէլի հետ բանակցութիւններուն եւ նշեց. «Պահանջուածը առնուազն զինադուլ մըն է, որ բանակցութիւններ կատարելը կ՛արտօնէ, որովհետեւ այդ բանակցութիւնները ընդհանրապէս կը կատարուին հանդարտ մթնոլորտի մէջ եւ ոչ թէ զինուորական գործողութիւններու լոյսին տակ»:

«Տեսնենք, թէ այս ժողովին ի՛նչ տեղի պիտի ունենայ, եւ Իսրայէլի դեսպան Եհիէլ Լայթըրի ըսելիքէն աւելի կարեւորը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի ըսելիքն է», յայտնեց ան:

«Զինադադարի մասին խօսակցութիւնը նոյն ատեն ժամանակաւոր զինադուլի մասին խօսք է», աւելցուց փոխվարչապետը:

«Իսրայէլի հետ Լիբանանի անունով բանակցողը հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունն է, վարչապետին հետ բանակցութիւններու դիմելու վերաբերեալ համաձայնութեամբ», նշեց Մըթրի:

«Հարաւի եւ Պընթ Ժպէյլի մէջ պատերազմը ընթացքի մէջ է, եւ ռմբակոծումը կը շարունակուի: Ներկայիս Պէյրութը զանց կացուցելու որեւէ վճռական երաշխիք չկայ, ուստի այսօրուան նիստի ընթացքին զինադադար կամ զինադուլ պիտի պահանջենք, որպէսզի կարենանք Իսրայէլի հետ ինչպէս բանակցիլը քննարկել», յայտնեց փոխվարչապետը:

«Այսօրուան հանդիպումին մէջ լիբանանեան օրէնքը խախտող ոչինչ կայ: Նախապէս Իսրայէլի հետ բանակցութիւն տեղի ունեցաւ, եւ բանակցութիւնը ինքնին Իսրայէլի ճանաչում կամ անոր հետ համաձայնութեան կնքում չէ, այլ պարզապէս հաղորդակցութիւն», նշեց Մըթրի:

«Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի դեսպանը լիբանանեան կառավարութիւնը կը ներկայացնէ, եւ ոչ թէ Հըզպալլայի բանբեր կողմը», ըսաւ ան:

«Կուսակցութեան ղեկավարներուն յայտարարուած դիրքորոշումներէն գիտենք, թէ ան եւս զինադադար կ՛ուզէ», յայտնեց Մըթրի:

Տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս «Հատաս» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, թէ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն հաղորդակցութիւններ կը կատարէ` Ուաշինկթընի մէջ ժողովի ընթացքին զինադադարի հաստատման համաձայնութեան հասնելու համար:

Ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապեր «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Ուաշինկթընի մէջ այսօրուան հանդիպումը բանալին է զինադադարին, որ առաջնահերթութիւնն է»:

Պաշտօնական աղբիւրներ «Էլ.Պի.Սի.»-ին յայտնած են, թէ ամերիկեան կողմը մեծ հասկացողութիւն կը ցուցաբերէ Լիբանանի դիրքորոշման նկատմամբ, եւ Ուաշինկթընի մէջ Լիբանան-Իսրայէլ ժողովին մէջ իր ներկայացուցչութիւնը բարձրացուցած է արտաքին գործոց նախարարի մակարդակին, ինչ որ լիբանանեան թղթածրարին հետ Միացեալ Նահանգներու լուրջ վերաբերումին արտացոլացում է:

Աղբիւրները կը նշեն, որ Ուաշինկթընի մէջ զինադադարի քննարկման յատկացուած ժողովի արդիւնքները վերջնական պիտի չըլլան, որովհետեւ ժողովը մաս կը կազմէ երկար բանակցային հոլովոյթի մը:

«Չենք կրնար վճռել այն նիւթերը, որոնք ժողովի ընթացքին կրնան արծարծուիլ, որովհետեւ երկու կողմերուն միջեւ ուղղակի ժողովի առջեւ կանգնած ենք, սակայն իբրեւ լիբանանեան կողմ զինադադարէն անդին եղող մնացեալ թղթածրարներու քննարկումը կը ձգենք մեծ պատուիրակութիւններուն, որոնք յառաջիկայ փուլին բանակցութիւնները պիտի վարեն», յայտնած են աղբիրները:

«Էլ.Պի.Սի.»-ի տեղեկութեան համաձայն, «Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ նախապատրաստական ժողովին քանի մը վայրկեանով ներկայութիւնը հաստատուեցաւ»:

Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը հաղորդեց. «Ուաշինկթընի մէջ Իսրայէլի դեսպանը ցուցմունք ունի Լիբանանի հետ բանակցութիւններու շարունակման ընթացքին զինադադարի հաստատման պահանջը մերժելու»:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Թայմզ աֆ Իզրայէլ» օրաթերթին յայտնած է, որ ներկայիս կեդրոնացումը Հըզպալլայի զինաթափման վրայ է:

Իսրայէլացի պաշտօնատար մը իր կարգին իսրայէլեան օրաթերթին ըսած է. «Լիբանանի հետ բանակցութիւններուն մէջ խաղաղութեան աղաւնիներ թռցնելու չենք պատրաստուիր»:

Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի անդամ Ուաֆիք Սաֆա «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ իր կուսակցութիւնը ինքզինք յանձնառու չի նկատեր Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ուղղակի բանակցութիւններէն բխելիք որեւէ համաձայնութեան:

 

 

Նախորդը

Շէյխ Քասեմ. «Կը Մերժենք Իսրայէլի Հետ Բանակցութիւնները»

Յաջորդը

Ռուպիօ. «Ուաշինկթընի Մէջ Իսրայէլեան – Լիբանանեան Բանակցութիւններուն Վերաբերեալ Պատմական Առիթ Մը Ունինք»

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.