Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Ֆրանսա
Մեծարանքի Երեկոյ` Ի Պատիւ Ֆրանսահայութեան Խորհրդանշական Դէմքերէն Նորվան Արք. Զաքարեանի
Նախաձեռնութեամբ Ֆրանսայի հայ կաթողիկէ Սուրբ Խաչ ընկերակցութեան, 21 մարտին Փարիզի Սուրբ Խաչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ծխական սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի երեկոյ` նուիրուած Նորվան արք. Զաքարեանի, ներկայութեամբ Ֆրանսայի հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Եղիա եպս. Եղիայեանի, միութենական բազմաթիւ պատասխանատուներու եւ հանրութեան մը, որոնք եկած էին մեծարելու հաւատքի, համոզումի, արիութեան եւ յարատեւութեան տէր հոգեւորական մը, որ անխոնջ կերպով եւ խոնարհութեամբ ծառայած է գաղութին` կիսելով անոր ուրախութիւններն ու վիշտերը: Սրբազանը յաճախ քալած է հոսանքին հակառակ` անդադար շեշտելով մշակոյթի, մայրենի լեզուի եւ նոր սերունդներու կրթութեան կենսական կարեւորութիւնը` սփիւռքի մէջ հայութիւնը լիարժէք ապրելու: Որպէս Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի անդրանիկ առաջնորդ` ան չէր վարանած հրաժարական ներկայացնելու իր պաշտօնէն, երբ կաթողիկոսի պահանջները հակասած էին իր համոզումներուն եւ ֆրանսահայ գաղութի գործերը վարելու իր սկզբունքներուն:
Ձեռնարկի բարի գալստեան խօսքը արտասանեց Յակոբ Թալաթինեան, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ Նարինէ Զախարեան-Ֆովի հեղինակած «Կեանք մը` ի սպաս Եկեղեցւոյ եւ հայ համայնքին» խորագրեալ վաւերագրական ժապաւէնը, որուն մէջ շարք մը անձնաւորութիւններու եւ մտաւորականներու վկայութիւններով կը դրուատուէր սրբազան հօր կեանքն ու յանձնառութիւնը` ուրուագծելով դիմանկարը մարդու մը, որուն գործունէութիւնը խորապէս դրոշմած է ոչ միայն հայ համայնքը, այլեւ` ֆրանսական կրօնական եւ միջեկեղեցական դաշտը: Վաւերագրական ժապաւէնը կ՛արձանագրէր Նորվան սրբազանի կեանքի անկիւնադարձային պահերը:
Կան փորձառութիւններ, որոնք արմատապէս կը վերաձեւաւորեն մարդու մը գոյութիւնը: Սրբազանին համար այդ մէկը Ասիզի հանդիպումն էր: Որպէս Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ` այդ պատմական միջեկեղեցական հաւաքին ան բազմած էր Պենետիքթոս ԺԶ. պապին կողքին եւ ելոյթ ունեցած` աշխարհի չորս ծագերէն ժամանած պատուիրակներուն առջեւ: Սակայն, ինչպէս ինք կը վկայէ, յայտնութիւնը տեղի ունեցաւ լռութեան մէջ: Այնքան տարբեր աւանդութիւններէ եկող հաւատացեալներու կողքին ապրուած միասնական խոկումը անոր ներշնչեց այն խոր ու յարատեւ համոզումը, թէ խաղաղութիւնը հնարաւոր է բառերէն անդին: Ոչ թէ հանդիսաւոր յայտարարութիւններէն, այլ` կիսուած ամփոփումէն ծնող խաղաղութիւնը: Անկէ ետք ան համակուեցաւ նորոգուած յոյսով եւ ժողովուրդներու միջեւ հաշտութեան ի սպաս գործելու վճռակամութեամբ:
Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ երգիչ Վիգէն Դարբինեանը, որ մեկնաբանեց Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին հայկական» բանաստեղծութեան իր յօրինած երաժշտական տարբերակը եւ «Թռչէի մտքով տուն» երգը:
Մտաւորական եւ լրագրող Տիգրան Եկաւեան ելոյթ ունենալով` ներկայացուց հոգեւորականը իր ձգած ժառանգութեան ընդմէջէն` կեդրոնանալով անոր շինարարի, տեսլականի տէր առաջնորդի եւ հոգեւոր ուղեցոյցի արժանիքներուն վրայ: Ան լուսարձակի տակ առաւ այն եկեղեցականը, որ յաջողեցաւ Եկեղեցին յարմարցնել աքսորի մարտահրաւէրներուն եւ պահպանել հայկական ինքնութիւնը` յատկապէս մայրենի լեզուի պաշտպանութեան եւ տարագրութեան եզակի աստուածաբանութեան մը մշակման միջոցով:
Ապա խօսք առաւ Եղիա եպս. Եղիայեան, որ, իր կարգին, բարձր գնահատեց Նորվան արք. Զաքարեանի վաստակը` ընդգծելով, որ հայ կաթողիկէ համայնքին համար մեծ պատիւ է հիւրընկալել Հայ առաքելական եկեղեցւոյ վաստակաշատ առաջնորդին նուիրուած այս մեծարանքի երեկոյթը: Իբրեւ երախտագիտութեան նշան իր հոգեւոր առաքելութեան եւ միջեկեղեցական երկխօսութեան բերած նպաստին` ան սրբազանին յանձնեց «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» շքանշանը:
Աւարտին շնորհակալական եւ սրտի խօսքով ելոյթ ունեցաւ Նորվան արք. Զաքարեան, որ նկատել տուաւ, թէ իր ըրածը պարզապէս լումայ մը ձգել էր մեր հոգեւոր եւ մշակութային գանձարանին մէջ` հաստատելով, որ ինք ոչինչ կրնար ընել առանց իրեն աջակցող անձերուն եւ իր մեծարանքը ընծայեց անոնց: Սրբազանը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլորին` դիտել տալով, թէ ի՛նչ որ ըրած է, Աստուծոյ օգնութեամբ եւ օրհնութեամբ եղած է: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ անոնցմէ Գրիգոր Պըլըտեանը, Սահակ Սուքիասեանը եւ Տիգրան Եկաւեանը ներկայ են ձեռնարկին: Անդրադառնալով դպրոցաշինական աշխատանքներուն` սրբազան հայրը շեշտեց, թէ ինք կը հաւատայ, որ սփիւռքի մէջ մեր հայկական յարատեւութիւնը պիտի ապահովուի հայ լեզուի վերակենդանացումով, աւելցնելով, որ ֆիզիքական ջարդերուն զուգահեռ, ոչնչացուեցաւ հազարաւոր տարիներու քաղաքակրթութիւն մը, որուն մաս կը կազմէր նաեւ մեր լեզուն: Սրբազանը ըսաւ, որ մեր հայապահպանութեան խնդրին հանգոյցը լեզուն է` անոր գործածութիւնն ու վերակենդանացումը, եւ պէտք է մեր ամբողջ ղեկավարութիւնը անդրադառնայ այս իրողութեան եւ լուծման ճար մը գտնէ:
Սրբազանը յիշատակեց նաեւ Ալֆորվիլի դպրոցի կառուցման դժուարին փուլերը: Ան ըսաւ, որ երբ 2009-2010 թուականներուն յանձնախումբ կազմուեցաւ Ալֆորվիլի դպրոցի ծրագիրը իրագործելու համար, ինք հոգեւորական ծառայութեան մէջ նման մեծ նախաձեռնութեան մը չէր սկսեր առանց Աստուծոյ արտօնութեան: Անկէ ետք աւելի դժուար ժամանակաշրջան մը սկսաւ, բայց յանկարծ յայտնուեցաւ Գէորգ Արապեանը, եւ բոլոր հարցերը լուծուեցան: Ներկայիս երկրորդ շէնքն ալ աւարտած է, կը մնայ մանկապարտէզի բաժինը:
Աւարտելով իր խօսքը`սրբազանը շեշտեց, որ լեզուի պահպանման աշխատանքը իւրաքանչիւր հայու գործն է, եւ աղօթեց, որ Աստուած ողորմի մեզի եւ յատկապէս փրկէ վտանգուած արեւմտահայերէնը, որպէսզի վերակենդանանայ մեր ոսկեղենիկ ու սքանչելի լեզուն:
Քանատա
Լաւալի Մէջ Գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձանի Շրջակայ Զբօսայգին Վերանուանուեցաւ «Յոյսի Զբօսայգի»
Լաւալի մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանի շրջակայ զբօսայգին պաշտօնապէս վերանուանուեցաւ «Յոյսի զբօսայգի»: Վերանուանումը կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի ոգեկոչման ծիրէն ներս` շեշտելով զբօսայգիին մէջ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած յուշարձանին նշանակութիւնը:
Լաւալի Քաղաքապետական խորհուրդի հայազգի անդամ Սեդա Թոփուզեան յայտնեց, որ այս քայլը մեծ նշանակութիւն ունի Լաւալի հայ համայնքին համար եւ կը մարմնաւորէ համայնքին հանդէպ համերաշխութեան, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան եւ արդարութեան արժէքներուն նկատմամբ հաւատարմութիւնը: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց իր գործընկերներուն եւ Լաւալ քաղաքի վարչակազմին` նախաձեռնութեան իրականացման համար ցուցաբերուած համագործակցութեան եւ կատարուած աշխատանքին համար:
Միացեալ Նահանգներ
Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարան Այցելեց Լոս Անճելըսի Մէջ Լիբանանի Նորանշանակ Ընդհանուր Հիւպատոսը
12 մարտին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան ընդունեց քաղաքավարական այցելութիւնը Լոս Անճելըսի մէջ Լիբանանի նորանշանակ ընդհանուր հիւպատոս Շարպել Նասսարի:
Փոխադարձ ծանօթացման լոյսին տակ, սրբազան հայրը շնորհաւորեց Նասսարի նշանակումը սոյն կարեւոր պաշտօնին եւ նշեց, որ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան սրբազան հայրերը, իրենց կարգին, նաեւ հոգեւոր դեսպաններն են Լիբանան հայրենիքին:
Լիբանանցի պաշտօնատարը, իր հերթին, ուրախութիւն յայտնեց հանդիպման այս առիթին համար եւ տեղեկացուց սրբազան հօր, որ ընդհանուր հիւպատոսին գրասենեակը միշտ բաց է` ընդառաջելու Լիբանանի զաւակներու քաղաքացիական զանազան դիմումներուն եւ պատասխանելու հարցումներուն:
Մտերմիկ հանդիպման աւարտին տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում: Առաջնորդ սրբազանը Շարպել Նասսարին նուիրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ծառայութեան 30-ամեակին նուիրուած գեղազարդ ալպոմէն օրինակ մը, մինչ պետական ներկայացուցիչը սրբազան հօր նուիրեց Լիբանանը խորհրդանշող պատմական բրածոյ յուշանուէր մը:
Գէորգ Պետիկեանի «Մեծ Բակին Փոքրիկ Աղջիկը»` Գիրքին Շնորհահանդէսը
Նախաձեռնութեամբ Համազգային Շրջանային վարչութեան Գրական միաւորին, 15 մարտին Համազգայինի «Արիս Սթամպոլեան» մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Գէորգ Պետիկեանի անդրանիկ վէպին` «Մեծ բակին փոքրիկ աղջիկը» գիրքին շնորհահանդէսը:
Բացման խօսքը արտասան»ց միաւորի անդամ Վանիա Պապիկեան, որ ողջունեց հեղինակը եւ բոլոր ներկաները: Պապիկեան դրուատեց գրագէտին գրական արժէքները` յայտնելով, որ գրողին համար հայրենիքը եւ մայրենի լեզուն անքակտելի կապերն են մեր գրականութեան հետ, որ մեր ազգի գոյատեւման գլխաւոր գրաւականն է: Ան ըսաւ, որ հեղինակին համար հայրենիքի սէրը` մեծ է եւ նուիրական. մեծ է նաեւ իր սէրը` հանդէպ իր ծննդավայր Հալէպին, որ ակներեւ է անոր գրութիւններուն մէջ:
Միաւորի անդամ Ռուպինա Սերոբեան ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց Պետիկեանի կենսագրականը:
Միաւորի ներկայացուցիչ Սոնա Մատարեան ներկայացուց գիրքը: Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Ձեռնարկի աւարտին շնորհակալական ու երախտագիտական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Գէորգ Պետիկեան:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ընդունեց Հայ Աւետ. Համաշխարհային Խորհուրդի Գործադիր Տնօրէն Վեր. Դոկտ. Գրիգոր Եումշաճըգեանի Այցելութիւնը
20 մարտին Արեւմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարան այցելեց Հայ աւետ. համաշխարհային խորհուրդի գործադիր տնօրէն վեր. Գրիգոր Եումշաճըգեան, ընկերակցութեամբ Ամերիկայի Հայ աւետ. միութեան Ա. հովիւ վեր. Հենրիկ Շահնազարեանի եւ Փասատինայի Հայ Կիլիկիա աւետ. եկեղեցւոյ հովիւ պատ. Յովսէփ Կարապետեանի:
Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան բարձր գնահատեց հոգեւոր դաշտի մէջ գործող հին բարեկամներու հետ վերահանդիպումը եւ այս առիթով շնորհաւորեց Աւստրալիայէն Լոս Անճելըս այցելութեան եկած վեր. Եումուշաճըգեանը` իր ստանձնած նոր պաշտօնին համար:
Մտերմիկ զրոյցի ընթացքին կողմերը արտայայտուեցան ներկայ ժամանակներու մէջ քրիստոնեայ քոյր եկեղեցիներու դիմաց ծառացած բարոյագիտական, հոգեբանական, մարդկային ու ընկերային տեսակ-տեսակ մարտահրաւէրներու մասին եւ ընդգծեցին հոգեւոր դաստիարակութեան կարեւորութիւնը, յատկապէս` նորահաս սերունդներու պատրաստութեան ի նպաստ կազմակերպուած կրթական գործունէութեան մէջ:
Երեք Հայեր Լոս Անճելըս Գաւառի Յանձնաժողովներու Անդամ Նշանակուեցան

Լոս Անճելըսի գաւառի Վերահսկիչներու խորհուրդը որոշեց երկու հայեր իր յանձնաժողովներուն անդամ վերանշանակել:
Արդարեւ, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի երկար տարիներու գործօն անդամներէն առաջինը` Ճեք Հաճինեան, վերանշանակուեցաւ Ոգելից ըմպելիներու եւ դեղերու յանձնաժողովի անդամ` ներկայացնելով գաւառի վերահսկիչ Հիլտա Սոլիսի Ա. ընտրաշրջանը, մինչ Վազգէն Եարտըմեան նշանակուեցաւ գաւառի Տնտեսութեան եւ արդիւնաւէտութեան յանձնաժողովի անդամ` ներկայացնելով վերահսկիչ Քեթրին Պարկըրի Ե. ընտրաշրջանը:
Աւելի կանուխ Աշոտ Մուրատեան նշանակուած էր գաւառի Յաճախորդներու հարցերու խորհրդատուական յանձնաժողովի անդամ` ներկայացնելով Սոլիսի Ա. ընտրաշրջանը:


