Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Զատկուան Ճշմարտութիւնը` Վիրաւոր Աշխարհի Մը Մէջ

April 9, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

«Ե՛ս եմ` մի՛ երկնչիք» – «Ես եմ` մի՛ վախնաք» (Յովհ. Զ, 20):

Սուրբ Զատիկ է` Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան տօնը: Հայոց քրիստոնէութեան դարձի վաղագոյն շրջաններէն նաեւ այսօր, զայն բերկրանքով զեղուն աւետիսին սա խօսքերով կ՛ողջունէ հայ մարդը աշխարհի չորս ծագերուն.

Քրիստոս յարեա՜ւ ի մեռելոց,
Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի:

Ս. Զատիկը կեանքի, ճշմարտութեան եւ յոյսի տօնն է. իրադարձութիւն մը, որ մեզ կը հրաւիրէ ոչ միայն ուրախանալու, այլեւ` աչալուրջ դիտելու մեր կեանքը եւ աշխարհի իրականութիւնը: Այսօր, երբ շուրջ 8,3 միլիառ մարդ կը բնակի մեր երկրագունդին վրայ, աւելի քան երբեք կը զգանք մարդկային կեանքին գերագոյն արժէքն ու վսեմութիւնը, բայց, ափսո՜ս, միաժամանակ` անոր խոցելի դիւրաբեկութիւնը: Մարդիկ միայն թիւեր չեն, այլ կեանքեր, անհատական ճակատագրեր` առլցուն յոյսերով, սիրով, արարելու ցանկութիւններով եւ ապագայի ակնկալիքներով: Իւրաքանչիւր կեանք ինքն իր մէջ անփոխարինելի արժէք մըն է, իւրաքանչիւր մարդ անհուն տիեզերք մըն է` իր Արարիչին շունչը կրող, օծուն` աստուածանմանութեան պատկերով:

Այնուհանդերձ, այս անհամար բազմութեան` 8,3 միլիառ մարդկութեան, ճակատագիրը կը գտնուի համեմատաբար շատ աւելի փոքրաթիւ քաղաքական գործիչներու, այսպէս կոչուած, երկիրներու եւ ազգերու ղեկավարութիւնը ստանձնած պետական այրերու ձեռքը: Անոնք են, որ կը վճռեն պատերազմի եւ խաղաղութեան բարակ սահմանագիծը, եւ իրենց բազմատեսակ շահերէն թելադրուած որոշումներով ազգերու եւ երկիրներու միջեւ կը հրահրեն կործանարար հակամարտութիւններ, կը սփռեն մահ ու աւեր, ծաղկուն եւ շէնշող քաղաքներ կը վերածեն աւերակոյտերու` մատնելով միլիոնաւոր կեանքեր անասելի տառապանքի ու անդառնալի կորուստներու:

Այս դաժան իրողութեան դիմաց, մինչ մարդկութեան ճնշող մեծամասնութիւնը խաղաղութեան վերջնական իրականացումին եւ արժանապատիւ կեանք մը ապրելու իրաւունքին կը ձգտի, Երկիր մոլորակին վրայ տարուէ տարի կը շարունակուին իրերայաջորդ պատերազմները` իբրեւ մարդկութեան երեսին «դամբանի սեւ մրուր»-ով գրուած անխուսափելի ճակատագիր մը, որմէ կարծէք անկարելի դարձած է խուսափիլ: Միլիոնաւոր ձայներ լռութեան կը մատնուին թնդանօթներու ահեղ որոտումներուն մէջ, եւ տառապող ժողովուրդներու մինչեւ երկինք բարձրացող աղաղակը ցաւօք կը մնայ անլսելի: Ահա այս հակասութիւնն է, որ մեզ կը մղէ վերաքննելու մեր ընկալումը քաղաքական պատասխանատուութեան եւ ժողովրդավարութեան իսկական էութեան մասին:

Ակամայ հարց կու տամ. ի՞նչ է ժողովրդավարութիւնը, եթէ ոչ` ընտրական համակարգ մը, որ ձայնի իրաւունք կու տայ ժողովուրդին` կարենալ դրսեւորելու համար իր կամքը երկրի քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, հասարակական եւ յարակից բազմաթիւ հարցերու բարօր ղեկավարումը վստահելով հաւասարակշռուած եւ արժանահաւատ պետական գործիչներու կամ առաջնորդներու: Եղո՜ւկ, որքան մեծ է յաճախ ընտրազանգուածներու յուսախաբութիւնը, երբ հուսկ կ՛անդրադառնան, թէ խաբուսիկ էին տրուած խոստումները, եւ մին միւսին ետեւէն կը խորտակուին այն բոլոր ակնկալիքները, որոնք դրուած էին այս կամ այն ղեկավարին վրայ: Արդեօ՞ք ժողովրդավարութիւնն այսօր իսկապէս կը գործէ, երբ բազմիցս չարաշահուելով` ան կը վերածուի ընդամէնը հարթակի մը, որուն վրայ ժողովուրդը պարտաւորուած կ՛ըլլայ ընտրելու իր սեփական բռնապետը եւ իր ճակատագրին վերահսկողութիւնը յանձնելու քանի մը խոստումնադրուժ ղեկավարներու:

Ս. Զատիկը մեզ կը կանգնեցնէ ճշմարտութեան դիմաց` կեանքը ընդդէմ մահու, յոյսը ընդդէմ յուսահատութեան եւ ճշմարտութիւնը ընդդէմ անարդարութեան ու իշխանութեան չարաշահումին: Քրիստոսի յարութիւնը լոկ մխիթարութեան կամ ինքնախաբէութեան պատգամ մը չէ, այլ զարթօնքի կոչ` տեսնելու անարդարութիւնը, զանազանելու ճշմարիտը սուտէն, եւ երբեք չկնքելու ծոյլ զիջում մը սուտին, կեղծիքին ու բռնութեան հետ:

Եթէ բազմութեան ձայնը բռնաճնշումներու պատճառով կը տկարանայ, ապա իւրաքանչիւր քրիստոնեայ մարդու սեպուհ պարտականութիւնն է զօրացնել զայն: Եթէ համակարգերը կը խախտին իրենց նպատակային գործառոյթներէն, ապա պատասխանատւութիւնը չի վերաբերիր միայն ուրիշներու, այլ` մեզմէ իւրաքանչիւրին եւ բոլորիս անխտիր:

Որքա՛ն վհատեցուցիչ է, երբ Երկիր մոլորակին վրայ ապրող մարդկութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը ի վիճակի չէ ամենեւին կանխարգիլելու իրագործուող չարիքը` կախուած քանի մը մարդերու կանխակալ որոշումներէն: Արդարեւ, ամէն ինչ կը փոխուի, երբ կ՛անդրադառնաս բոլորովին այլ իրականութեան մը, երբ միլիոնաւոր մարդիկ կը մահանան անիմաստ ու շահամոլ պատերազմներէ, երբ` ոսկրացած, ցաւատանջ մայրեր արցունքէ չորցած աչքերով կը հակին իրենց նորածին երեխաներու անթաղ դիակներուն վրայ, երբ` գռեհկութիւնն ու բիրտ ուժը կ՛ոտնահարեն մարդկային բոլոր արժէքները, երբ` դիտաւորեալ կը հեղինակազրկուին Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան բոլոր ատեաններն ու կառոյցները, ու այդ ժամանակ կը գիտակցիս, որ այս աշխարհի վրայ «ինչ-որ մի տեղ, ինչ-որ մի բան սխալ է…»: Եւ ի զուր կը թուի, թէ պիտի կարենաս ուղղել այդ սխալը, բայց միեւնոյնն է, դուն անզօր ես, տկար ու անկարող` որպէս անհատ եւ միլիառներէ կազմուած հաւաքականութիւն, այնքան ատեն որ հաշտուած ես անձնատուր ըլլալու գաղափարին հետ:

Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան պարգեւած յոյսը փախուստ մը չէ աշխարհէն, այլ կենդանի հրաւէր մը` ծառայելու կեանքին, բարձրացնելու խաղաղութեան ձայնը եւ աներկբայ մերժելու այն խեղաթիւրուած իրականութիւնը, ուր անպարկեշտ պատասխանատուներու եւ երբեմն ուղղակի հտպիտներու փոքրիկ ածու մը կը տնօրինէ բազմութիւններու ճակատագիրը:

Պաթոն Ռուժ, 5 ապրիլ 2026
Տօն հրաշափառ Յարութեան Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի

Նախորդը

Ե՞րբ Դիմել Մանկական Հոգեբանին

Յաջորդը

Տաղանդաւոր Յօրինող Սէրուժ Պաղտասարեան Կը Շարունակէ Իր Հպարտալի Երթը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.