. ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսա «Օ.Թի.Վի.»-ին. «Եթէ համաձայնութիւն չգոյանայ, բոլոր ճակատներուն վրայ աւելի մեծ, բարձր կշռոյթով եւ արագ մագլցումի կարելիութիւնը չէ բացառուած»:
. ԿԱՌԱՎԱՐԱԿԱՆ շրջանակներ «Ասաս»-ին. «Սահմանային անցակէտերու անվտանգութիւնը արտաքին պահանջ մը ըլլալէն առաջ լիբանանեան ազգային կարիք մըն է եւ կը համապատասխանէ պետութեան զէնքի մենաշնորհման ու բոլոր սահմանային անցակէտերու վերահսկողութիւնը բացառապէս լիբանանեան օրինական իշխանութիւններուն ձեռքը դնելու նպատակին»:
. «ԺԱՏԻՏ» պատկերասփիւռի կայան. «Վարչապետ Սալամի Սուրիոյ նախագահական պալատին ու միջազգային միջնորդներու հետ համակարգաբար կատարած հաղորդակցութիւններուն շնորհիւ, Իսրայէլ Մասնաաը հարուածելու որոշումէն ետդարձ կատարեց»:
. 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները նուազեցան 21000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 2.376.000 լ.ո.-ի եւ 2.417.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը բարձրացաւ 27000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 2.417.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը նուազեցաւ 71000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.771.000 լ.ո.-ի:


