Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Պատգամը Սուրբ Զատկուան Առիթով. «Մի՛ Վախնաք, Միայն Հաւատացէ՛ք…»

April 3, 2026
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսպէ՛ս ըսաւ Քրիստոս մահուան դիմաց գտնուող հիւանդին, փոթորիկի մէջ մնացած աշակերտներուն, կեանքի տագնապներով ընկճուած ու անորոշութիւններով տիրապետուած իր հետեւորդներուն (Ղկ 12.32): Նոյն կոչը ուղղեց Յիսուս վտանգալից կացութիւններուն դիմաց, ինչպէս նաեւ իր յարութեան նախօրեակին` մի՛ խռովիք, մի՛ վախնաք, միայն հաւատացէ՛ք (Յհ 14.27):

Քրիստոնէութիւնը վախէն փախչող, վախին դիմաց ընկճուող, վախին տեղի տուող կրօն չէ, այլ` վախին դիմաց ամուր կեցող, վախը քաջութեամբ դիմակալող, վախը հաւատքով յաղթահարող կրօն է: Հաւատքը ներքին հզօրութեան ու ինքնավստահութեան աղբիւր է: Հաւատքը հզօր վահան է վախի ու յուսահատութեան դիմաց: Ան զօրեղ զէնք է չարին, մեղքին ու նոյնիսկ մահուան յաղթող: Սա էութիւնը կը կազմէ Քրիստոսի ուսուցումներուն. «Հաւատքդ քեզ փրկեց» (Ղկ 7.50), ըսաւ Յիսուս մեղքերու տիղմին մէջ խրած կնոջ:

Իր յաղթական յարութեամբ Քրիստոս վերահաստատեց իր առաքելութեան հիմքը կազմած պատգամը` «մի՛ վախնաք, այլ հաւատացէք, ես ձեզի հետ եմ մինչեւ աշխարհի վերջը» (Մտ 28.20): Արդ, Քրիստոսի յարութիւնը աղբիւր է հաւատքի հզօրութեան ու միաժամանակ, չարն ու չարիքը, տառապանքն ու տագնապը յարութեան հաւատքով յաղթահարելու կոչ է:

«Մահուամբ մահը յաղթած» եւ միշտ մեզի հետ ըլլալու ու դարձեալ վերադառնալու խոստումը տուած Աստուծոյ Որդին եկեղեցւոյ` իր խորհրդական մարմնոյն ճամբով դարձեալ կոչ կ՛ուղղէ` հաւատարմութեամբ ու նոյնիսկ արեան նահատակութեամբ իրեն հետեւած մեր ժողովուրդի զաւակներուն. Մի՛ խռովիք, մի՛ յուսահատիք, մի՛ վախնաք, միայն հաւատացէ՛ք:

Արդ, եկէ՛ք դառնանք իր հրաշափառ յարութեամբ` տագնապը վերանորոգ յոյսով, վախը ամուր կամքով, մահը յարութեան շունչով նուաճելու մեզի հաւատք պարգեւած Քրիստոսին եւ յարութեան հաւատքով մեր կեանքը շաղախենք ու հաւատքի զօրութեամբ դիմագրաւենք մեր շուրջը յառաջացող տագնապները:

* *  *

Այս օրերուն տագնապի մէջ են միջինարեւելեան երկիրներուն մէջ հաստատուած մեր համայնքները: Պատերազմը աւեր կը գործէ տարածաշրջանին մէջ` մարդկային, նիւթական թէ տնտեսական: Հայ համայնքները բնականօրէն ենթակայ են պատերազմի ահաւոր հետեւանքներուն: Մեր համայնքներուն անվտանգութիւնը մեզի համար բացարձակ առաջնահերթութիւն է: Արդարեւ, քաղաքական, կրօնական, մշակութային, տնտեսական ու ընկերային տարբեր միջավայրերու մէջ ապրելով, անհրաժեշտ կը նկատենք, որ մեր հայրենակիցները, տեղական պայմաններուն պատշաճելու կողքին, կառչած մնան հետեւեալ սկզբունքներուն.

– Հաւատարիմ ըլլան իրենց պետութեան որդեգրած ուղղութեան ու որոշումներուն: Մեր ժողովուրդի զաւակները իրենց ապրած երկիրներուն մէջ միշտ եղած են տիպար քաղաքացիներ: Ներկայ տագնապալից պայմաններուն մէջ մեր համայնքները պէտք է գործնապէս ապացուցեն իրենց հաւատարմութիւնը:

– Մասնակից դառնան տագնապները յաղթահարելու, դժուարութիւնները մեղմացնելու, ընկերա-տնտեսական կեանքը վերականգնելու կոչուած պետական թէ համայնքային կառոյցներու աշխատանքներուն:

Ու որպէս կազմակերպ համայնքներու պատկանող անդամներ, անհրաժեշտ է, որ մեր ազգայինները`

– Համախմբուին մեր եկեղեցիներու, համայնքային կազմակերպութիւններուն ու կեդրոններուն շուրջ:

– Արթուն ըլլան եւ մօտէն հետեւին տեղի ունեցող զարգացումներուն, որպէսզի կարենան մեր համայնքը հեռու պահել վտանգալից կացութիւններէ:

– Միակամ ըլլան բոլոր դժուարութիւնները միասնաբար դիմակալելու ու համայնքային նախաձեռնութիւններուն մասնակից դառնալու:

Մօտէն կը հետեւինք շրջանին մէջ տեղի ունեցող վերիվայրումներուն: Մնայուն կապի մէջ ենք մեր կրօնական ու համայնքային պատասխանատուներուն հետ: Խորապէս մտահոգ ենք տագնապի ստեղծած աննախատեսելի հետեւանքներուն նկատմամբ: Կ՛աղօթենք, որ Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ քաղաքական ղեկավարներու խոհեմ ու հեռատես մօտեցումով խաղաղութիւնը շուտով հաստատուի Միջին Արեւելքի մէջ:

Կ՛ուզեմ յիշեցնել մեր ժողովուրդի զաւակներուն, թէ առանձին չեն ներկայ տագնապալից օրերուն: Առաքեալը կ՛ըսէ` «Եթէ մարմնին մէկ անդամը ցաւի, բոլոր անդամներն ալ միասին կը ցաւին…» (Ա.Կր 12.26): Այսպէս եղած է մեր ժողովուրդը ճակատագրական ժամանակներուն, գործնապէս փաստելով, թէ որքան ալ իրարմէ հեռու ըլլան, անոնք կ՛ապրին, կը գործեն ու կը պայքարին մէկ եւ նոյն ազգի պատկանելիութեան խոր գիտակցութեամբ: Արդարեւ, տագնապները միասին դիմագրաւելու եւ իրարու օժանդակութեան ձեռք երկարելու պատրաստակամութիւնը մեր ժողովուրդի զաւակներուն  համար միշտ եղած է անշեղ սկզբունք ու ամուր յանձնառութիւն:

* *  *

Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնին առիթով, եղբայրական ջերմ սիրով կ՛ողջունենք ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը` մաղթելով աստուածահաճոյ իրագործումներով երկար գահակալութիւն: Կ՛ողջունենք նաեւ Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Նուրհան արք. Մանուկեանը եւ Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ արք. Մաշալեանը` մաղթելով արդիւնաշատ ծառայութիւն` ի սպաս իրենց հոգեւոր խնամքին յանձնուած հօտին:

Հայրապետական օրհնութեամբ ու հայրական սիրով կ՛ողջունենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմակալ առաջնորդները, հոգեւոր դասը, Ազգային իշխանութիւնները, մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ գործող կազմակերպութիւններն ու միութիւնները եւ մեր հաւատացեալ ժողովուրդը: Կ՛աղօթենք առ Աստուած, որ Իր երկնային հովանիին ներքեւ պահէ ու պահպանէ մեր ազգին զաւակները, որպէսզի կարենանք Յարուցեալ Փրկչին յաղթանակով հզօրացած, վերանորոգ հաւատքով ու կամքով դիմագրաւել մեր եկեղեցւոյ, հայրենիքին  ու ժողովուրդին դիմաց յարուցուած մարտահրաւէրները:

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց,
Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Սուրբ Զատիկ 2026
Անթիլիաս, Լիբանան

 

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայաստանի Դեսպանատուն

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (3 Ապրիլ 2026)

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.