Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը Ուաթըրթաունի իր նստավայրին մէջ գումարեց իր լիագումար նիստը, 19-22 մարտ 2026:
Լիագումարին օրակարգը գերյագեցած էր միութեան բազմաբնոյթ գործունէութեան առնչուած տարբեր նիւթերով, որոնք հանգամանօրէն քննարկուեցան, եւ տրուեցան համապատասխան որոշումներ:
ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, որ միաձայնութեամբ կայացուց որոշում, որուն հիմամբ տարբեր հաստատութիւններու եւ ծրագիրներու կատարուեցան նիւթական յատկացումներ` այն խոր համոզումով, որ սփիւռքի տարածքին գործող մեր կառոյցները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ իրականացուող տարբեր բնոյթի միութենական թէ անհատական օգտաշատ ծրագիրները իրենց կարեւոր ներդրումը ունին հայութեան հաւաքական կեանքին մէջ:
Առ այդ, կը յայտարարենք, որ նիւթական օժանդակութիւններ յատկացուեցան` Պոսթընի ՀԵԴ «Հայաստան» ճամբարին, Լոս Անճելըսի ՀԵԴ ճամբարին, Ֆրանսայի Կապոյտ խաչի «Պել Ֆոնթեն» ճամբարին, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի ՀՕՄ-ի «Նորսիկեան» մանկապարտէզին, Պուլկարիոյ «Սօսէ» մանկապարտէզներուն, ՀՕՄ-ի Արժանթինի եւ Պրազիլի տարեցներու տուներուն, Լիբանանի Պուրճ Համուտ քաղաքին եւ Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ գործող` Ազգային Միացեալ վարժարանին եւ Ազգային Քարէն Եփփէ քոլեճին, ՍՕԽ-ի եւ ԼՕԽ-ի «Տաք ճաշ» ծրագիրներուն, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի շողանկարումի սարքին Carestream-CR classic գործիքին գնման, արցախահայ հաշմանդամ երեխաներու հոգատարութեան եւ նշանաւոր դիւանագէտ եւ գործիչ Տիանա Աբգարի մասին վաւերագրական ժապաւէնի պատրաստութեան ծրագիրին:
Այս յոյժ կենսական յատկացումներուն ընդհանուր գումարը կը կազմէ 440.500 ամերիկեան տոլար:
ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը խորապէս կը հաւատայ, որ ազգային, երիտասարդական, կրթական, բարեսիրական թէ այլ կառոյցները եւ հիմնարկները իրենց առանցքային դերակատարութիւնը ունին մեր ժողովուրդին բարօրութեան եւ նորահաս սերունդներուն դաստիարակութեան առաքելութեան մէջ:
Վերոյիշեալ յատկացումները գործնական թարգմանութիւնն են այս համոզման:
ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ


