Աւագ երեքշաբթին Քրիստոսի երկրաւոր կեանքի ամէնէն երկար օրը կը համարուի: Հայ եկեղեցւոյ ծիսական կեանքին մէջ ան յիշատակուած է իբրեւ «Տասը Կուսանաց»` վերցնելով օրուան աւետարանական ընթերցումէն: Քրիստոս` տասը կոյսերուն մասին պատմած առակին ճամբով, մեզի կը փոխանցէ իմաստութեամբ ապրելու եւ երկրորդ գալուստին պատրաստ ըլլալու պատգամը:
Արդարեւ, Աւագ երեքշաբթի, 31 մարտ 2026-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ տասը կոյսերու յիշատակի ժամերգութիւնը: Աւետարանի ընթերցման պահուն, մայրավանքի կիրակնօրեայ վարժարանէն տասը աշակերտներ կանգնեցան եկեղեցւոյ ատեանին մէջ` խորհրդանշելով աւետարանական հատուածի տասը իմաստուն եւ յիմար կոյսերը` իրենց ձեռքերուն ունենալով մոմեր: Ապա աշակերտները վիճակ ձգեցին. անոնց, որոնց վիճակուեցաւ «յիմար» վիճակը` մարեցին իրենց մոմերը` խորհրդանշելով անտարբեր ու անպատրաստ կոյսերը, իսկ անոնք, որոնք իրենց մոմերը վառ պահեցին` խորհրդանիշն էին Տէրը դիմաւորելու արթուն ու պատրաստ կոյսերուն: Նշենք, որ ժամերգութեան ընթացքին մոմակրութիւնն ու վիճակաձգութիւնը կատարեցին կիրակնօրեայ վարժարանի երեք այլ աշակերտուհիներ:
Եկեղեցական հոգեպարար արարողութեան աւարտին մայրավանքի կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները, տնօրէնութեան եւ ծնողներուն ընկերակցութեամբ, բարձրացան վեհարան, ուր Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր օրհնութիւնը տուաւ անոնց:


