Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Քառեակին Առաքելութիւնը

April 1, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ – Իրան թէական համաձայնութեան մասին ամերիկեան յայտարարութիւնները կը շարունակուին: Նախագահ Թրամփ նոյնիսկ հրապարակուած ժամկէտէն առաջ հաւանական կը նկատէ գործարքը: Առընթեր կ՛արծարծուին միջազգային ներգրաւուածութեան եւ Հորմուզի նեղուցի օգտագործման նոր ձեւաչափերու եւ դրոյթներու մասին նախագիծեր:

Իրանեան կողմը նոյն խանդավառութիւնը չի ցուցաբերեր անշուշտ եւ կը պահանջէ երաշխիքներ կրակի դադրեցումին համար, կառչած կը մնայ նեղուցի օգտագործումը թշնամի պետութիւններուն չարտօնելու սկզբունքին:

Ընդհանուր այս համապատկերին մէջ դիտարժան են նոր միաւորի ուրուագծման նախադրեալները: Խօսքը կը վերաբերի Եգիպտոսին, Փաքիստանին, Սէուտական Արաբիոյ եւ Թուրքիոյ, որոնք կը բանակցին ռազմավարական դաշինք ստեղծելու սկզբունքներուն շուրջ:

Տեսքով ռազմավարական ինքնուրոյնութիւն առաջադրող միաւոր կը ձգտի ըլլալ այս քառակողմ ձեւաչափը, որ պիտի առաջադրէ ճգնաժամային պայմաններուն մէջ տնտեսական նոր միջանցքներու կառուցումը: Կը մեկնաբանուի այնպէս, որ այս ձեւաչափի կայացման պարագային, կը ձեւաւորուի Միջին Արեւելքի եւ հարաւային Ասիոյ մէջ նոր ուժային բեւեռ` Ուաշինկթընի եւ Փեքինի միջեւ:

Պէտք չէ աճապարել ընդունելու համար շրջանառուող այս մեկնաբանութիւնը: Փորձենք պարզել այս երկիրներուն հանգամանքները, յարաբերակցաբար ընթացող պատերազմին:

Չորսն ալ միջնորդական առաքելութիւն իրականացնելու փորձեր կատարած են եւ կը շարունակեն կատարել: Ասոնցմէ երեքը` Փաքիստանը, Եգիպտոսն ու Թուրքիան չեն ներքաշուած պատերազմին: Սէուտական Արաբիան ստացած է պատասխան հարուած, ծառայած կամ ծառայեցուած ըլլալով ամերիկեան յենակէտի:

– Փաքիստանին Ուաշինկթընը վերապահած էր միջնորդական հարթակ ըլլալու կարգավիճակ: 15 կէտնոց առաջարկներու թղթածրարը Փաքիստանի միջոցով յղուած էր Թեհրանին, որ նոյն խողովակով պատասխանած էր եւ բանաձեւած իր նախապայմանները:

– Գահիրէի դերը ունի նախադէպ Կազայի պարագային: Իրանի վրայ ազդելու հնարաւորութենէն աւելի, Եգիպտոսին կը տրուի տարածաշրջանին մէջ տնտեսաքաղաքական կայունութեան հաստատման նպաստելու դերակատարութիւն:

– Թուրքիան ամէնէն երկակի խաղցող պետութիւնն է այս շարքին մէջ: Իրեն թոյլատրուած է ՕԹԱՆ-ի անդամ ըլլալով յարաբերութիւններ զարգացնել Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ: Ուշագրաւը այն է, որ այլ ուղղութիւններու վրայ մրցող Ռիատն ու Անգարան իրենց տնտեսաքաղաքական ժամացոյցի սլաքները կը համադրեն:

– Սէուտական Արաբիան Ուաշինկթընէն դժգոհ ըլլալու բազմաթիւ պատճառներ ունի: Սակայն յատկապէս անվտանգային ոլորտին մէջ այնքան խոր կապեր կան Միացեալ Նահանգներու հետ, որ տարակուսելի է ինքնուրոյն միաւորի մը` առանցքային կէտ ըլլալու երեւոյթը:

Անշուշտ շատ հանգամանքներ կան տակաւին կապուած այս քառեակին հետ, թէ՛ փոխյարաբերութիւններու եւ թէ՛ հակամարտող կողմերուն հետ իրենց այսօրուան դիրքորոշումներուն առումով:

Հիմա վերադառնանք Ուաշինկթընի առաջ մղած գործարքի նախագիծին: Շրջանառուող տեղեկութիւններ կը խօսին նոյնիսկ ցամաքային գործողութիւններէ հրաժարումի եւ վերահսկողական նոր համակարգ հաստատելու մօտեցումին մասին:

Վերահսկողական համակարգը ըստ ձեւի միջազգային պիտի ըլլայ եւ ոչ թէ զուտ ամերիկեան: Ահա այստեղ է, որ տարածաշրջանային այս քառեակը կ՛առաջադրէ ռազմավարական նոր դաշինք: Որքան ալ ձեւաւորուող այս դաշինքին մասին տրուի ինքնուրոյն բնութագիր կամ տարածաշրջանային բեւեռ ըլլալու հանգամանք, դժուար է ընկալելը, որ այս քառեակը կը կազմուի Ուաշինկթընի վերահսկողութենէն դուրս: Ի վերջոյ այս գործընթացը կը տեղաւորուի Հորմուզի միջազգային վերահսկողական գործիքակազմի հաստատման առաջադրանքին հետ: Շարունակելով տրամաբանութիւնը` ցամաքային գործողութիւններէ հրաժարում, միջազգային վերահսկողութեան հաստատում:

Մինչ այդ, սակայն, զուգահեռ սպառնալիքները կը շարունակուին: Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարը հզօրագոյն հարուածներով կը սպառնայ Իրանին, եթէ չբանակցի եւ չհամաձայնի: Մինչ ամերիկեան ուժերը կը համալրուին շրջանին մէջ. բանակցելու ճնշամիջոցները սաստկացնելու համար:

Քառեակը նոր առաքելութիւն կը ստանձնէ երեւութապէս: Քառեակին նոր առաքելութիւն կը տրուի ըստ էութեան:

«Ա.»

Նախորդը

Թրամփ. «Իրանի Վրայ Յաղթանակ Յայտարարելու Համար Շատ Բան Չմնաց»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (1 Ապրիլ 2026)

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.