Մայեմի Կարտընի մէջ, Եաննիք Սինըր 6-4 եւ 6-4 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Յերի Լեհեչքան շահեցաւ Մայեմիի թենիսի բաց մրցաշարքը` իրագործելով «տուպլէ» մը նախապէս շահելէ ետք Ինտիըն Ուելս թենիսի մրցաշարքն ալ: Նոյն իրագործումը կատարեց նաեւ աղջկանց թիւ 1 թենիսվումըն Արինա Սապալենքա, որ պարտութեան մատնած էր ամերիկացի Քոքօ Կաֆը:
Վերջին անգամ տղոց տուպլէն կատարած էր Ռոժէ Ֆետերեր 2017-ին: Իտալացի Սինըր (աշխարհի թիւ 2) դարձաւ առաջին թենիսմէնը որ առանց սէթ իսկ կորսնցնելու շահեցաւ Մայեմիի մէջ:
24 տարեկան Սինըր եղաւ 8-րդ տղոց թենիսմէնը, որ Ինտիըն Ուելզ եւ Մայեմի տիտղոսները կը շահի, մինչ Սապալենքայի հետ եղան առաջին զոյգը, որ նոյն տարին կը շահին զոյգ մրցաշարքերը 2016-էն ի վեր, ուր Նովաք Ճոքովիչ եւ Վիքթորիա Ազարենքա շահած էին:
Նշենք, թէ թիւ 1 թենիսմէն Քարլոս Ալքարաս 3-րդ փուլին անակնկալ պարտութիւն կրած էր Սեպասթիան Քորտայի դէմ, մինչ Ճոքովիչ ոջ ուսի ցաւի պատճառով չէր մասնակցած:


