ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Ներքին «յեղափոխութիւն» ստեղծելու ձախող փորձերէն ետք, 28 փետրուար 2026-ին իսրայէլեան-ամերիկեան ուժերը յարձակում գործեցին Իրանին վրայ` իրականացնելու շարք մը քաղաքական, տնտեսական, ապահովական եւ ռազմական նպատակներ, ա՛յն յոյսով, որ շուտով կը փլուզուի Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան վարչակարգը: Շաբաթներ ետք ի յայտ եկաւ, որ առաջին կարգի ղեկավարներու ահաբեկումներէն եւ մեծ աւերուածութիւններէն ետք Իրան առաւել ուժեղ է, եւ օրէ օր Իրանի գործողութիւնները առաւել եւս թիրախային են: Յստակ է, որ Իսրայէլ-Միացեալ Նահանգներ լաւապէս չեն տիրապետած կացութեան եւ պատրաստ չեն դիմակալելու` Իրանի մարտունակութիւնը, երկար շունչը եւ պայքարելու ոգին ու կամքը:
Այս իրադրութիւններուն մէջ զգայուն է իրավիճակը հայութեան, որ հակադրուած ուժերու բոլոր գօտիներուն մէջ ֆիզիքական ներկայութիւն է. անդին` պատերազմին Իրանի պարտութիւնը կրնայ Հայաստանը ենթարկել ամբողջական շրջափակման, որուն կ՛անդրադառնանք յաջորդ յօդուածին մէջ: Այսօր Իրանի մէջ հայութիւնը ունի ապահովական խնդիրներ, Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայերը անկայուն պայմաններու ու տնտեսական տագնապներու մէջ կ՛ապրին, իսկ Ծոցի երկիրներու հայերը` անորոշութեան մէջ:
Նշեալ կացութեան լոյսին տակ ի՞նչ պէտք է ընեն հայրենի եւ սփիւռքի լրատուամիջոցները: Բոլորը պէտք է առաջնորդուին համայն հայութեան անվտանգութիւնը ի մտի ունենալու մօտեցումով, որովհետեւ կարելի չէ այս պայմաններուն մէջ չէզոք մնալ, որովհետեւ վաղը «հաշուետուութիւն» պիտի կատարուի, ուզենք կամ ոչ: Պատասխանատու ըլլալը կ՛ենթադրէ համապատասխան պատրաստուածութիւն ու սերտողութիւն, եւ այս ծիրին մէջ պէտք է կատարել համապատասխան համակարգումները եւ ուսումնասիրութիւնները` ստեղծելու համապատասխան հայեցակարգ ու առաջնահերթութիւններ:
Օրինակի համար, նշեալ պատերազմին վերաբերեալ կարելի չէ ըսել Իրան-Իսրայէլ-Ամերիկա պատերազմ, այլ` Իրանին դէմ շղթայազերծուած իսրայէլամերիկեան պատերազմ, Իրանին պարտադրուած պատերազմ: Երկրորդ` Իրանի ներկայացուցիչները չսպաննուեցան, այլ` ահաբեկուեցան, որովհետեւ կատարուածը ահաբեկչական գործողութիւն էր: Երրորդ` մեր թերթերուն վերնագիրները եւ առաջին էջերը պէտք է ըլլան հաւասարակշռուած եւ չափաւոր: Կարելի չէ ամէն օր Թրամփին խօսքերը կողքի էջերուն վրայ տեղադրել եւ չանդրադառնալ Լարիժանիի դէմ գործադրուած ահաբեկչական արարքին: Չորրորդ` կարելի չէ իսրայէլեան սիրաբանութիւն կատարել, որպէսզի Հայաստանի իշխանութիւնները «բաւարարուած» ու «յագեցած» զգան ու ալիեւներէն «գնահատագիր» ստանան: Հակառակ դիտակէտէն, նաեւ անընդունելի են «պապէն աւելի պապական ըլլալու»` դիմադրութեան շարժումներուն բանբերը ըլլալու ճիգերը: Տակաւին, կարելի չէ սպասել այս կամ այն ուժին պարտութիւնը եւ այս գծով հաւաքականութիւնը ոգեւորել եւ կամ ալ ուղղորդել, որպէսզի կարելի ըլլայ վաղը ապահովել տեղայնական շահեր, կամ ալ սրահի մը անկիւնը` աթոռ մը…
Լրատուամիջոցները, յօդուածագիրները, քաղաքական գործիչներն ու ընկերային ցանցերուն վրայ ներկայութիւն ունեցող հայ դէմքերը պէտք է առաջնորդուին ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքները պահպանող, ծաւալապաշտական ծրագիրները մերժող, ռազմական գօտիներուն մէջ գործող գաղութներու անվտանգութիւնը չխաթարող եւ հայ-իրանական յարաբերութիւնները ամուր պահող սկզունքներով:
Ժամանակն է, որ հայրենի թէ սփիւռքի բոլոր լրատուամիջոցները եւ խօսնակները մշակեն համապատասխան ուղեգիծ եւ ունենան հարցերը դիմակալելու ու նոր զարգացումներուն հակազդելու համակարգուած մօտեցումներ` առաջնորդուելով ազգային-համահայկական շահերէն:
Ժամանակն է, որ մեր լրատուամիջոցները դուրս գան իրենց կրաւորական-անդիմագիծ եւ երբեմն ալ կողմնակալ ու ապազգային դիրքերէն եւ վերցնեն իրենց երբեմնի առաջնորդողի դերը:


