Ազնի՛ւ ընթերցող,
Կար ժամանակ, երբ աշխարհը կը կառավարէին իմաստունները: Հիմա՞… ես պատասխան չունիմ:
Յարգելի՛ բարեկամներ, 2026 տարուան փետրուարի 28-ն եղաւ մեծ ազդանշան, երբ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի պատերազմական օդանաւեր անակնկալօրէն յարձակումներ գործեցին Իրանի Թեհրան, Սպահան, Քոմ, Քերեճ եւ Քրմանշահ քաղաքներուն վրայ, եւ ասոր դիմաց, իրանական պալեսթիք հրթիռներ սկսան հարուածել շրջանի մէջ գտնուող ամերիկեան զինուորական խարիսխներն ու կեդրոնները, նաեւ անշուշտ` թիրախաւորելով իսրայէլական տարածքներ:
Միացեալ Նահանգներու եւ իսրայէլեան ուժեր իրենց «Առիւծի մռունչ» անուն յարձակողականով առաջին վայրկեանէն ուզեցին հարուածել Իրանի զինուորական ու քաղաքական կառավարական կեդրոնները եւ ահաբեկել իրանցի մեծաւորները: Եւ արդարեւ, միացեալ ուժերը առաջին հերթին սպաննեցին Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէին: Կատարուած սպանութեան դիմաց, Իրան անմիջապէս յարձակեցաւ Յորդանանի, Սուրիոյ, Պահրէյնի, Քաթարի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց ամերիկեան զինուորական կեդրոններու վրայ, ինչպէս նաեւ` Կիպրոսի մէջ գտնուող անգլիական զինուորական խարիսխին: Սկսած մագլցումին զուգահեռ Լիբանանի Հըզպալլա կուսակցութեան զինուորական ուժերը դիրքաւորուեցան իրանեան ուժերու կողքին:
Հոս պէտք է արձանագրենք, որ իրանեան նեցուկ վայելող Լիբանանի Հըզպալլա եւ Եէմէնի հուսի զինուորական խմբակներուն եւ Իսրայէլի միջեւ կայ 1982 թուականէն ի վեր շարունակուող ռազմական փոխադարձ ընդհարումներ. արդարեւ, անոնք Իսրայէլի կողմէ Պաղեստինի Կազա շրջանին դէմ արիւնալի պատերազմի ժամանակ ուղղակիօրէն մասնակեցան` կազմակերպելով յարձակումներ:
Թէեւ պէտք չէ մոռնալ, որ 2024 թուականին Իսրայէլ եւ Իրան ունեցան մանր-մունր բախումներ, իսկ 2025 թուականին, Իսրայէլ, հիւլէական կեդրոնները թիրախաւորելու ու փճացնելու տրամադրութեամբ լայնածիր յարձակում մը գործեց Իրանի վրայ, որուն միացան Միացեալ Նահանգներ, եւ 12 օր տեւած պատերազմը վերջ գտաւ միջնորդներու հաշտարար միջամտութեամբ, սակայն թէ՛ Իսրայէլի եւ թէ՛ Միացեալ Նահանգներու հեռաւոր նպատակը յայտնի էր, այն, որ պատերազմը չէր աւարտած:
Հակառակ ձեռք ձգուած ժամանակաւոր խաղաղութեան, ճիշդ է, որ աջէ եւ ձախէ կը բարձրանային պատերազմ վերսկսելու կոչեր, երբ թուականէս մօտաւորապէս շաբաթներ առաջ`
8 յունուար 2026-ին, Թեհրանի մէջ յանկարծ, անսպասելիօրէն սկիզբ առին հակակառավարական լուրջ ցոյցեր: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփ անձամբ քաջալերեց ցուցարար ամբոխները եւ սպառնաց միջամտել զինուորապէս, եթէ իշխանութիւններ փորձէին դիմել զէնքի, եւ տեղի ունենար սպանութիւն:
Անշուշտ, հակառակ տրուած խոստումին, միջամտութիւն տեղի չունեցաւ: Տեղի ունեցած ցոյցերուն եւ բողոքներուն պատճառները երկրէն ներս ծայր առած տնտեսական տագնապն էր, իրանեան դրամանիշին անկումը եւ շարունակուող սղաճը: Ցուցարարներ նոյնիսկ կը պահանջէին իշխանութեան փոփոխութիւն, ինչ որ պատճառ եղաւ հազարաւորներու մահուան:
1979 թուականէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով կատարուող բողոքներն ու ցոյցերը շուտով տարածուեցան մօտաւորապէս 90 քաղաքներու մէջ, եւ արձանագրուեցան մեծաթիւ զոհեր: Ամէնէն արիւնալի ցոյցերն ու դէպքերը տեղի ունեցան 8-10 յունուար 2026-ին: Իրանի իշխանութիւններ կը խօսէին 3117 անձերու մահուան մասին, իսկ ամերիկացիներ կու տային տարբեր թիւեր:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամբ, 13 յունուարին անձամբ յայտարարեց, որ պիտի քաջալերէ ցուցարարները եւ այս ուղղութեամբ ալ Միջին Արեւելք ուղարկեց «Աբրահամ Լինքըլն» ռազմանաւը եւ այլ պատերազմական նաւեր` միաժամանակ հետապնդելով ու յայտարարելով երեք նպատակ.
Ա.- Իրանի կողմէ իւրանիոմի հարստացումը արգիլել,
Բ.- Իրանի հրթիռային կարողութիւնը փճացնել,
Գ.- Իրանի կողմէ քաջալերուող Համաս, Հըզպալլա եւ հուսի զինուորական խմբակները զսպել:
Անշուշտ այս բոլոր նպատակներու յաջողութեան համար Միացեալ Նահանգներ պիտի գործակցէին իսրայէլեան ուժերու հետ` օգտուելով անոնց հետախուզական ու լրտեսական ծառայութիւններէն:
Արդարեւ, այն օրերուն, երբ Իրանի մէջ տեղի կ՛ունենային բողոքներ, անդին, նոյն օրերուն, միջնորդութեամբ Օմանի իշխանութիւններուն, Ժընեւի մէջ կը կայանային Իրանի հիւլէական ուժի թղթածրարին շուրջ բանակցութիւններ: Մինչ Ժընեւի մէջ կը կատարուէին բանակցութիւններ, անդին` Միացեալ Նահանգներ Միջին Արեւելքի մէջ օրէ օր աւելի կը կեդրոնացնէին իրենց զինուորական ներկայութիւնը` հոն ուղղելով օդանաւակիրներ, ընդծովեաներ եւ բազմաթիւ ռազմանաւեր, միաժամանակ հզօրացնելով Ծոցի երկիրներու մէջ գտնուող իրենց խարիսխները` զանազան ձեւերով ու ստորաբաժանումներով:
28 փետրուարի առաւօտը ոչ միայն Իրանի եւ շրջանի երկիրներուն, այլ ամբողջ աշխարհի ժողովուրդներուն համար եղաւ մտահոգիչ օր, ճակատագրական, մանաւանդ` տնտեսական բնագաւառէն ներս, որովհետեւ ստեղծուեցաւ կազի եւ քարիւղի նոր տագնապ, երբ իրանեան իշխանութիւններ փակեցին Հորմուզի նեղուցը` արգիլելով քարիւղատար նաւերուն անցքը:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը ինքնավստահ իր յաղթանակէն, Իրանի իշխանութիւններուն առաջարկեց առաջին վայրկեանին յանձնուիլ եւ չդիմել դիմադրութեան, հակառակ պարագային անոնց սպառնալով մահուամբ: Ան նպատակ ունէր եւ ծրագրած էր երեք բան.
Ա.- Առաջին հերթին փճացնել Իրանի զինուորական եւ հրթիռային ուժը,
Բ.- Արգիլել հիւլէական զէնք ունենալու իրանեան ցանկութիւնը,
Գ.- Փոխել ներկայ իշխանութիւնները:
Անշուշտ Միացեալ Նահանգներ, յաջողութեան հասնելու համար առաջին նպատակ ու գործողութիւն ընտրեցին ահաբեկչութիւնը եւ իրանեան ղեկավարներու սպանութիւնը` երկրէն ներս ստեղծելու համար նոր իրարանցում, օգտագործելով փոքրամասնութիւնները:
Եւ արդարեւ, երբ տեղի ունեցան սպանութիւններ, շատ մը երկիրներ ու պետական այրեր, գլխաւորութեամբ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ), քննադատեցին ու դատապարտեցին կատարուած ահաբեկչութիւնը:
Այսօր, պատերազմի սկիզբէն ի վեր անցած են երեք շաբաթներ, եւ իրանեան բազմաթիւ քաղաքներու ու կեդրոններու ռմբակոծումներուն հետ անխնայօրէն կը քանդուին նաեւ Լիբանանի հարաւն ու լիբանանեան տասնեակ քաղաքներ, ու գիւղեր եւ հարիւր հազարաւորներ կը գաղթեն… մնալով անտէր ու անտիրական, իսկ աշխարհ կը դիտէ..
Այս բոլոր քանդումներէն ետք, կը նշմարենք, որ պատերազմը ստացած է նոր ուղղութիւն, եւ հիմա կը թիրախաւորուին իրանեան քարիւղի եւ ուժանիւթային կեդրոններ, որոնց շարունակութիւնը վստահաբար մեծ աղէտ է բոլոր երկիրներու համար, առաջին հերթին` բոլոր այն երկիրներուն համար, որոնց համար անհրաժեշտութիւն են կազն ու քարիւղը` զարգացնելու համար իրենց ճարտարարուեստը. ապա` աղքատ բնակչութիւն ունեցող երկիրներու համար, որոնք արդէն կը տուայտին չքաւորութեան մէջ:
Հիմա, մեր մտքին մէջ կը յառաջանայ հարցում մը.
արդեօ՞ք Միացեալ Նահանգներ եւ Իսրայէլ նախքան պատերազմ ճիշդ հաշուարկած էին Իրանի ուժը, երբ այսօր, հակառակ անցած երեք շաբաթներուն, անոնք հանդիպեցան շատ լուրջ դիմադրութեան, երբ իրանեան քաղաքներու քանդման զուգահեռ կը ռմբակոծուին իսրայէլեան քաղաքներ, ռազմավարական կեդրոններ` իրանեան հրթիռներու եւ Հըզպալլաի ուժերուն կողմէ:
Շատ յստակ էր, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Իսրայէլ ծրագրած էին այս պատերազմը եւ առաջին փուլին իսկ կ՛ուզէին սպաննել ղեկավար խաւը եւ անղեկ թողուլ երկիրը, օգտագործել փոքրամասնութիւնները` հոն յառաջացնելով հսկայ պարապութիւն, իրարանցում եւ շփոթ վիճակ: Սակայն պատահեցաւ հակառակը:
Այո՛, անոնք յաջողեցան սպաննել ղեկավարութիւնը, բայց ղեկավարներու ժառանգական ու շարունակական տեղակայումը եւ պատասխանատուութեանց յանձնառութիւնը անակնկալ էին եւ իրենց հաշիւներէն դուրս մնացած էին: Ուստի, յաջողութեան գրաւականը մնաց հարցականի տակ` ուշացնելով նպատակադրուածը: Ան կը յաջողի՞ արագ, թէ՞ կը պահանջէ ժամանակ, ներկայիս դժուար է անոր ելքը, առանց մոռնալու, որ նախագահ Թրամփ հասնելու համար իր ծրագրած նպատակին` ապահովաբար պիտի յամառի եւ հրդեհի բոցէն տաքնալու համար գուցէ ջանայ հրաւիրել այլ պետութիւններ կամ ղեկավարներ եւս:
Այժմ, ազնի՛ւ ընթերցող, այսօր տեսնելէ ետք այս պատերազմը եւս, իրապէս համոզուեցանք, որ աշխարհ կարիքն ունի լրջախոհ ու իմաստուն ղեկավարներու, որոնք կրնան խաղաղութիւն բերել հիւծող աշխարհին: Հակառակ պարագայի՞ն` անտառի օրէնքը պիտի տարածուի ամբողջ աշխարհի վրայ` հրկիզելով թացն ու չորը միաժամանակ:



