Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Պատմական Արդարութեան Պահանջին Իրաւականութիւնը

March 28, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի մէջ, յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ ընտրարշաւը արդէն թափ հաւաքած է: Վարչապետ Փաշինեանի յայտարարութիւնները նորութիւն չեն բերեր: Պարզապէս հետզհետէ աւելի բացայայտ, աւելի շեշտակի կ՛ըսեն այն, ինչ որ երբեմն անուղղակի, երբեմն նուազ շեշտադրումներով պատեհ-անպատեհ առիթներու կ՛արծարծուէին:

Կեդրոնանանք վերջին յայտարարութեան վրայ, որ կը վերաբերի կայսերական կամ ստալինեան հայրենասիրութենէն հրաժարելուն: Աւելի յստակ` պատմական արդարութիւն հետապնդելու պահանջներէն հրաժարելու եւ մեղադրելու ընդդիմախօսները` ժողովուրդը Արցախ վերադարձնելու «պատրանքներ» առաջ քշելու:

Վարչապետին բառերով, «ինչքան գնացինք պատմական արդարութեան յետեւից, այնքան առերեսուելու ենք նորանոր պատմական անարդարութիւնների: Պարտքս եմ համարում սրա մասին տեղեկացնել մեր ժողովրդին: Ես ուզում եմ նաեւ կառավարութեան նիստում արձանագրել եւ նոյնիսկ դատապարտել բոլոր այն միտումները, որոնց նպատակը Ղարաբաղից տեղահանուած մեր հայրենակիցներին եւ ընդհանրապէս հայ ժողովրդին պանդուխտի կարգավիճակում պահելն է»: Ըստ անոր, խաղաղութեան մասին խօսիլը նաեւ հոգեկան-ընկերային խաղաղութիւն կ՛ենթադրէ, «որովհետեւ խաղաղութիւնը միայն պայմանագիր չէ, խաղաղութիւնն այն է, որ մարդը խաղաղուի: Չկայ աւելի դաժան եւ տառապալի բան, քան սպասումը»:

Գուցէ անտեղի է այս հաստատումներուն հակափաստարկները ներկայացնելով բանավէճի ներքաշուիլը: Այս գաղափարախօսութիւնը, գործող իշխանութիւններուն ետին կանգնած ուժին վարքագիծը հունաւորողն է:

Այս բանավէճի հրահրումը ընդդիմութեան ռազմատենչ ուժի պիտակաւորումը կը հետապնդէ եւ կը զգուշացնէ ընտրազանգուածը, որ եթէ իշխանափոխութիւն իրականանայ, ապա պատերազմը անպայման  կը թակէ Հայաստանի Հանրապետութեան դռները:

Հիմա սակայն կեդրոնանանք իրաւական կէտերու վրայ: Գործող Սահմանադրութիւնը իրաւական աղերս ունի Անկախութեան հռչակագիրին հետ: Այլ խօսքով` Անկախութեան հռչակագիրը կը շարունակէ պահպանել իր սահմանադրականութիւնը: Հետեւաբար իրաւական հարց կը ծագի: Պետական ոեւէ պաշտօնեայ իրաւական խախտում կատարած կ՛ըլլա՞յ, եթէ սահմանադրական-իրաւական դրոյթ ունեցող հռչակագիրին կէտերուն հակասական յայտարարութիւն կատարէ:

Անկախութեան հռչակագիրը կը խօսի պատմական արդարութեան վերահաստատման, Արցախի Հայաստանի վերամիաւորման եւ համայն հայութեան իղձերու կենսագործման հրամայականներուն մասին:

Ասոնք հռչակագրային հիմնադրոյթներ չեն միայն: Ասոնք, Սահմանադրութեան նախաբանի յղումով իրաւադրոյթներ են, եւ հետեւաբար բարձրագոյն մակարդակներէ հնչած նման միտքեր պարզապէս հակասահմանադրական կը նկատուին: Այս բոլորի մասին կարելի կ՛ըլլայ խօսիլ, փոփոխութեան առաջարկներ հիմնաւորել, երբ պաշտօնապէս ճշդուած կ՛ըլլայ Սահմանադրութեան փոփոխութեան կամ  նոր Սահմանադրութեան յատկացուած հանրաքուէի թուականը եւ անոր ընդառաջ քարոզչութիւն իրականացնելու օրէնքով սահմանուած կարգը:

Պարզ է, որ այս յայտարարութիւնները նաեւ կը ծառայեն Սահմանադրութիւնը փոխելու եւ Անկախութեան հռչակագիրը սահմանադրական ուժէ զրկելու որոշումին ապահովման աշխատանքներուն:

Վարչապետը կը յայտարարէր, որ եթէ հանրաքուէով չորդեգրուի նոր Սահմանադրութիւն, ապա դարձեալ պիտի փորձեն եւ այդպէս շարունակ, մինչեւ հաստատուի նոր Սահմանադրութիւնը:

Ժողովրդավար երկիրներու պարագային նման շրջադարձային եւ գաղափարական կտրուկ փոփոխութեան կեցուածքի մերժումը ժողովուրդին կողմէ համազօր է վստահութեան քուէի մերժումին: Ժողովրդային մերժումը, ժողովրդավար հասկացողութեամբ եւ գործնական ընկալումներով վարչակարգի փոփոխութիւն կ՛ենթադրէ: «Դարձեալ փորձելու» խոստումը ժողովրդավարական հասկացողութիւններէն հեռու է:

Նախորդը

Մինչ Թրամփ Համաձայնութեան Գոյացման Պայմանաժամը 10 Օրով Կ՛երկարաձգէ. Նեթանիահու. «Փոփոխութիւնը Որոշ Համեմատութեամբ Դէպի Աւելի Լաւ Պիտի Ըլլայ, Սակայն Ոչ Զգետնիչ Հարուածի Ճամբով»

Յաջորդը

Հայ Դատի 60-Ամեակ — Բացառիկ Հատորի Մը Հրատարակութեան Առիթով

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.