Սպահանի մէջ սաստիկ հրթիռակոծումներու իբրեւ հետեւանք արձանագրուած է հայ զոհ մը` Սիմոնեան մականունով: Տեղեկութիւնը փոխանցուեցաւ Թեհրանէն` կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական բաժանմունքին:
Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը կը շարունակէ առօրեայ դրութեամբ կապ հաստատել պատերազմի մէջ յայտնուած երկիրներուն մէջ գործող մեր բոլոր թեմերու պատասխանատուներուն հետ:
Թեհրանի թեմի պատասխանատուները հայրապետին զեկուցեցին, որ վերջին օրերուն սաստիկ հրթիռակոծումներու կ՛ենթարկուին Թեհրանն ու Սպահանը:



