Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կեանք-Պարգեւը

March 27, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ

Զ.
Կեանքը Մարտահրաւէրներու
Շղթայ Մըն Է

Համալսարանի դասերու առաջին օրը դասախօսը ինքզինք ծանօթացնելէ ետք յանձնարարեց ուսանողներուն` ծանօթանալ բոլորովին անծանօթ անձի մը հետ:

Երբ ոտքի ելայ, որ անծանօթի մը մօտենամ, ուսիս վրայ թեթեւ հպում մը զգացի: Ետեւ դարձայ եւ տեսայ կարճահասակ ծեր կին մը, որ հիւրընկալ ժպիտով զիս կը դիմաւորէր: Ան ըսաւ. «Բարեւ, ազնի՛ւ պարոն, անունս Վարդենի է: Ութսունեօթը տարեկան եմ: Կրնա՞մ քեզ ողջագուրել»:

Խնդացի եւ անմիջապէս պատասխանեցի` «Անշու՛շտ»: Կնոջ ուժեղ ողջագուրումէն ետք կատակախառն հարց տուի. «Ինչո՞ւ այս երիտասարդ տարիքիդ համալսարան եկած ես»:

Ան ալ ուրախ շեշտով պատասխանեց. «Եկած եմ հարուստ ամուսին մը գտնելու, հետը ամուսնանալու եւ երեխաներ ունենալու համար»:

«Ո՛չ, իսկապէս ինչո՞ւ», հարցուցի` մտածելով, որ լուրջ մարտահրաւէր մը կը դիմագրաւէր ծեր տարիքին համալսարան գալու համար:

«Միշտ երազած էի համալսարանական ուսումի տիրանալ, հիմա երազս իրականութիւն պիտի դարձնեմ», մեծ եռանդով պատասխանեց:

Դասէն ետք իրարու հետ համալսարանին սրճարանը գացինք եւ սուրճ խմեցինք: Շուտով սերտ ընկերներ դարձանք: Ուսումնական տարեշրջանի ամբողջ տեւողութեան, ամէն օր անխափան, միասին դուրս կ՛ելլէինք դասարանէն եւ երկարօրէն կը զրուցէինք: Շատ տպաւորուած էի գրեթէ դար մը ապրած այս կնոջմէն, երբ ան իր ամբարած իմաստութիւնն ու փորձառութիւնը ինծի կը բաշխէր:

Վարդենի նաեւ ամբողջ համալսարանին սիրելին դարձաւ իր ընկերային քաղցր բնաւորութեամբ: Ան սկսաւ շատ վայելչօրէն հագնիլ եւ գրեթէ բոլոր ուսանողներուն հետ բարեկամութիւն հաստատել: Մէկ խօսքով, իր կեանքը համալսարանակա՛ն շրջանակով իմաստաւորուեցաւ:

Եռամսեակի աւարտին Վարդենին` որպէս բանախօս, հրաւիրեցինք մեր ոտնագնդակի խումբի ճաշկերոյթին: Բնաւ չեմ կրնար մոռնալ այդ գիշեր անոր խօսածը: Երբ ան սկսաւ իր գրածը կարդալ, թուղթերը ձեռքէն գետին թափեցան: Նեղսրտած եւ ամչցած` ան բարձրախօսին մօտեցաւ ու ըսաւ. «Կը ներէք, քիչ մը իրար անցած եմ: Պահքի շրջանին գարեջուր չխմեցի, իսկ ուիսքին ալ այս գիշեր ծանր եկաւ կարծէք», կատակեց եւ շարունակեց. «Չեմ խորհիր, որ պատրաստած խօսքս պիտի կարենամ կարդալ ձեզի. ուրեմն ի՛նչ որ գիտեմ, այդ պիտի ըսեմ հիմա»:

Բոլորս խնդացինք, մինչ ինք հետեւեալը ըսաւ. «Խաղալէ չենք դադրիր, որովհետեւ կը ծերանանք. այլ կը ծերանանք, որովհետեւ խաղալէ կը դադրինք: Երիտասարդ մնալու, ուրախ ըլլալու եւ յաջողութիւն արձանագրելու գաղտնիքները հետեւեալներն են. ամէն օր ուրախ եւ սրամիտ ըլլալ: Միշտ երազել. երբ երազելէ դադրիս, կը մեռնիս. մեր շուրջ կան շատ մարդիկ, որոնք մահացած են, բայց նոյնիսկ իրենց մահացած ըլլալը չեն գիտեր: Մեծ տարբերութիւն կայ ծերանալուն եւ մեծնալուն միջեւ: Եթէ տասնինը տարեկան ես եւ ամբողջ տարին անկողինիդ մէջ կը պառկիս` առանց բան մը ընելու, պարզապէս քսան տարեկան պիտի դառնաս: Եթէ ես ութսունեօթը տարեկան եմ եւ ամբողջ տարին անկողինիս մէջ պառկիմ առանց բան մը ընելու, պարզապէս ութսունութ տարեկան պիտի դառնամ: Ոեւէ մէկը կրնայ ծերանալ. աս կարողութեան հետ կապ չունի: Կարեւորը մի՛շտ մեծնալն է` փոփոխութեանդ մէջ աճում եւ նորութիւն գտնելով: Մի՛ ափսոսաք: Ծերերը ընդհանրապէս չեն ափսոսար իրենց ըրածներուն համար, այլ կ՛ափսոսան իրենց չըրածներուն համար: Մահէն կը վախնան միայն անոնք, որոնք իրենց կեանքը ափսոսալով կ՛անցընեն»: Ան իր խօսքը աւարտեց` մեզ հրաւիրելով, որ մեր կեանքը լաւատեսութեամբ եւ իրագործումներով լեցնենք:

Նոյն տարին Վարդենին աւարտեց համալսարանը, ստացաւ համապատասխան վկայականը եւ շրջանաւարտներու հանդէսէն մէկ շաբաթ ետք քնացած ատեն խաղաղօրէն հոգին աւանդեց: Աւելի քան երկու հազար համալսարանական դասընկերներ անոր յուղարկաւորութեան եւ թաղումին ներկայ գտնուեցանք` ի յարգանս այն սքանչելի կնոջ, որ իր տիպար օրինակով մեզի սորվեցուց, թէ բնաւ ուշ չես ինքզինքդ գերկատարելագործելու համար:

Մտահան մի՛ ընէք. ծերանալը անխուսափելի է, իսկ մեծնալը մեր ձեռքն է: Մենք կ՛ապրինք մեր շահածով, իսկ կեանք կ՛ունենանք մեր բաշխածով: Աստուած մեզի ապահով օթեւան խոստացած է եւ ո՛չ թէ` հեզասահ ընթացք: Երբ Աստուած մեզի հետ է, ամէն մարտահրաւէր կրնանք յաղթահարել: Լաւ ընկերները աստղերու կը նմանին. միշտ չենք տեսներ զանոնք, բայց գիտենք, որ անոնք մեր կեանքին մէջ ներկայ են: Այս աշխարհէն կ՛անցնինք աւելի լաւ տեղ մը հանգրուանելու համար:

Աթէնք, 15 մարտ 2026    

(Ազատ եւ խտացեալ թարգմանութիւն անգլերէն յօդուածէ մը):

(Շար. 4)

Նախորդը

Մարտ 27 ` Թատրոնի Միջազգային Օր

Յաջորդը

Յայտարարութիւն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.