Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին Նախագահութեամբ Միջ-Կուսակցական Խորհրդակցութիւններ

March 24, 2026
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին հրաւէրով եւ նախագահութեամբ, Երկուշաբթի, 23 Մարտ 2026-ի առաւօտեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկսութեան Մայրավանքի վեհարանին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ։

Խորհրդակցութեան կը մասնակցէին կուսակցութիւններուն համահայկական եւ լիբանանեան մարմիններու ներկայացուցիչները։ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութենէն՝ Ալեքսան Քէօշկէրեան եւ Վանիկ Տաքէսեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութենէն՝ Յակոբ Բագրատունի եւ Ալպէր Պալապանեան, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութենէն՝ տոքթ․ Աւետիս Տաքէսեան եւ Յարութ Երկանեան։ Նիստին ներկայ էր նաեւ Կաթողիկոսութեան համահայկական խորհրդաժողովները համակարգող Շահան Գանտահարեան։

Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց ներկաները եւ վերլուծեց Միջին Արեւելքի պատերազմին բռնկման, զարգացման եւ առաջադրուած նպատակներուն հանգամանքները։ Ապա, ան զեկուցեց պատերազմական պայմաններու մէջ յայտնուած ինչպէս Իրանի այնպէս ալ արաբական երկիրներու մէջ գործող Կաթողիկոսութեան թեմերուն պարզած վիճակը եւ դիմագրաւած դժուարութիւնները՝ փոխանցելով տեղեկութիւններ հրթիռակոծումներու պատճառով ստեղծուած կացութեան եւ յատկապէս իրանահայ կառոյցներու կրած նիւթական վնասներու մասին։

Ապա, ժողովականները քննարկումի ճամբով արծարծեցին շրջանային իրավիճակի հետ կապուած ռազմական ու քաղաքական գործընթացները՝ կեդրոնանալով Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան վրայ։

Հաստատուեցաւ, որ տարածաշրջանային այս պատերազմի, Իրանէն ետք ամէնէն բռնկուն շրջանը Լիբանանն է, որուն ուղղութեամբ ձեռնարկուած իսրայէլեան յարձակումները խախտած են երկրին տարածքային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը։

Ժողովականները յատկապէս լուսարձակի տակ առին շրջանային պատերազմին քաղաքակրթական ու տնտեսական բնոյթը եւ անոր իբրեւ հետեւանք ստեղծուած մարդասիրական խոր ճգնաժամին հետ կապուած երեւոյթները։

Անդրադարձ կատարուեցաւ ներ-լիբանանեան գաղթականական աննախընթաց ալիքի բարձրացման, անոր իբրեւ արդիւնք ստեղծուող ժողովրդագրական փոփոխութեան, կենցաղային սուր խնդիրներուն, տնտեսական ահագնացող տագանպին եւ այդ բոլորին ունենալիք ժխտական ազդեցութեան լիբանանեան հասարակութեան եւ անոր բաղադրիչ հայ համայնքին վրայ։

Այս հանգամանքներու համակողմանի քննարկումներէն ետք, Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց.-

ա) Միջին արեւելեան մակարդակով ընթացող պատերազմը, որ նպատակադրած է քաղաքական քարտէսի ամբողջ փոփոխութիւնը, կ՚ընթանայ ցնցումներով, որոնք կ՚ազդեն բնականաբար տեղւոյն հայ համայնքներուն վրայ։

բ) Թելադրուած է իւրաքանչիւր թեմի հոգեւոր եւ ազգային պատասխանատուներուն ըլլալու զգօն, հեռու մնալու վտանգաւոր կացութիւններէ եւ իւրաքանչիւրը տուեալ պետութեան հետ համադրելու արտակարգ իրավիճակներու հետ կապուած նախազգուշական քայլերը։

գ) Լիբանանահայ համայնքը կառչած կը մնայ պետութեան որդեգրած սկզբունքներուն՝ գերիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան, ներ-լիբանանեան ապահովութեան ու անդորրութեան պահմանման։

դ) Լիբանանի ստացած ծանրագոյն հարուածներու նկատառումով շարունակել համակարգուած աշխատանքները՝ հայահոծ թաղամասերու անդորրութեան պահպանման եւ բարեսիրական գործունէութեան շարունակման։

ե) Յատուկ զգօնութեամբ եւ սթափութեամբ չներքաշուիլ ներ-լիբանանեան բեւեռացումներու եւ լարուածութիւններու՝ պահպանելով լիբանանահայ համայնքին երկխօսութեամբ հարցերը լուծելու աւանդական վարքագիծը։

զ) Մղել, որ հայկական բարեսիրական միութիւնները համակարգեն մարդասիրական կենցաղային մարզերու մէջ օժանդակութիւններու տրամադրման աշխատանքները։

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց հայ քաղաքական կուսակցութիւններու միացեալ նիստերը եւ կարեւոր նկատեց, յատկապէս նման ճգնաժամային պայմաններու մէջ, նման խորհրդակցական եւ աշխատանքային հանդիպումներու հետեւողական ընթացքը։

Նախորդը

Թրամփ Կը Խօսի Իրանի Հետ «Լաւ» Եւ «Չափազանց Արդիւնաւէտ» Բանակցութիւններու Մասին

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (24 Մարտ 2026)

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.