Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կեանք-Պարգեւը

March 20, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ

Գ.
Ճաթած Դոյլը

Չին ծեր կին մը երկու մեծ դոյլ ունէր եւ զանոնք ձողի մը երկու ծայրերուն ամրացուցած ու վիզէն կախած` կը քալէր: Դոյլերէն մին ճաթած էր, մինչ միւսը կատարեալ էր եւ ամբողջ ջուրը տեղէ-տեղ կը փոխադրէր` առանց նոյնիսկ կաթիլ մը թափելու. իսկ ճաթած դոյլը մինչեւ աղբիւրէն տուն հասնէր, ջուրին կէսը թափած կ՛ըլլար:

Ամբողջ երկու տարի, ամէն օր, կինը մէկուկէս դոյլ ջուր բերաւ տուն: Անշուշտ կատարեալ դոյլը հպարտ էր իր արձանագրած յաջողութեամբ, սակայն ճաթած դոյլը կ՛ամչնար եւ կը նեղուէր իր ձախողութենէն, որովհետեւ իրեն վստահուած գործը կիսով կը կատարէր:

Երկու տարի ետք ճաթած դոյլը այլեւս չհանդուրժեց եւ աղբիւրին քով ըսաւ կնոջ. «Որովհետեւ մինչեւ տունդ հասնիլը ջուրին կէսը կը թափեմ, կ՛ամչնամ այս արարքէս»:

Ծեր կինը ժպտաց եւ պատասխանեց. «Չտեսա՞ր, որ ճամբուն քու կողմդ ծաղիկներ բուսած են, մինչդեռ միւս կողմը չոր է: Գիտնալով, որ ճաթած դոյլէս մաս մը ջուր պիտի հոսի, ես ծաղիկի հունտեր ցանեցի քու կողմդ եւ ահաւասիկ դուն ամէն օր զանոնք ջրեցիր: Ամբողջ երկու տարի ես այս գեղեցիկ ծաղիկները քաղեցի եւ անոնցմով սեղանս զարդարեցի: Եթէ իմ ճաթած դոյլս գոյութիւն չունենար, տունս գեղեցկութեամբ պիտի չլեցուէր»:

Աստուած իւրաքանչիւրս գոնէ շնորհով մը օժտած է: Սակայն իւրաքանչիւրիս իրագործումներով եւ ձախողութիւններով կեանքը հետաքրքրական եւ իմաստալից կը դառնայ: Մեր պարտականութիւնն է մեր նմանները ընդունիլ ինչպէս որ են եւ անոնց բարութիւնն ու բարիքները գնահատել:

Իմ բոլոր ճաթած ընկերներուս բարի օր կը մաղթեմ: Չմոռնաք ձեր ճամբուն կողմը գտնուող ծաղիկները հոտոտալու…

Դ.
Կիները Եւ Այրերը

Կիները ծառին վրայ գտնուող խնձորներուն պէս են: Անոնց լաւագոյնները ծառին գագաթը կը գտնուին: Շատ մը այրեր չեն ուզեր զանոնք քաղել, որովհետեւ կը վախնան, որ եթէ ծառը մագլցին, կրնան իյնալ եւ վիրաւորուիլ: Աւելի՛ն. անոնք յաճախ գետին թափած խնձորները կը հաւաքեն, որոնք, թէեւ ծառին վրայ եղողներուն պէս համեղ եւ աղուոր չեն, սակայն դիւրաքաղ են: Ծառին գագաթը գտնուող խնձորները կը խորհին, թէ իրենք համեղ չեն, թէեւ իրականութիւնը այն է, որ իրենք ամէնէն համեղն են, սակայն պէտք է սպասեն, որ ճիշդ եւ քաջ այրը գայ, ծառին գագաթը մագլցի  եւ քաղէ զիրենք:

Իսկ այրերը ընտիր գինիին պէս են: Անոնք նախ խաղող կ՛ըլլան, եւ երբ կիներ լաւ մը կը կոխկռտեն ու կը ճզմեն զիրենք, ճաշասեղան դրուելիք գինիի կը վերածուին:

 

Աթէնք, 15 մարտ 2026    

(Ազատ եւ խտացեալ թարգմանութիւն անգլերէն յօդուածէ մը):

(Շար. 2)

Նախորդը

Աստուած Տակաւին Կու Լայ…

Յաջորդը

Կիներու Օր

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.