Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կեանք-Պարգեւը

March 19, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ

Ա.
Խոհեր Ծերութեան Մասին

Նշմարա՞ծ ես, թէ կը ցանկանք ծեր ըլլալ միայն այն ատեն, երբ մանուկ ենք: Երբ տակաւին տասը տարեկան չենք եղած, մեծապէս կը խանդավառուինք ծերութեամբ: Բացատրեմ, թէ ինչպէ՛ս. երբ տակաւին տասը տարեկանը չես թեւակոխած, եւ քեզի հարցնեն` «Քանի՞ տարեկան ես», կը պատասխանես` «Չորսուկէս տարեկան եմ». այսինքն ըսել կ՛ուզես` «Չորսուկէս տարեկան եմ եւ հինգ պիտի ըլլամ»: Երբ տասը տարեկանը անցած ես եւ երեսունվեց տարեկանիդ մէջ քեզի հարցնեն` «Քանի՞ տարեկան ես», կը պատասխանես` «Երեսունվեց», եւ բնաւ չես ըսեր` «Երեսունվեցեւկէս»: Այլ խօսքով, երբ պատանի եւ երիտասարդ, ես թիւերը առանց կոտորակի իրարու կը յաջորդեն` «Տասներկու… Տասներեք… Երեսունվեց… Երեսունեօթը», եւ այսպէս: Ուրիշ հանգրուան մըն ալ յիշեմ: Քեզի կը հարցնեն` «Քանի՞ տարեկան ես», կը պատասխանես` «Քսանմէկ»: Այս թիւը կեանքիդ ամէնէն յատկանշական սանդղամատերէն մին կը հանդիսանայ, որովհետեւ այլեւս երիտասարդ կը նկատուիս ընկերութեան կողմէ:

Սակայն յետոյ երեսուն տարեկան կ՛ըլլաս: Հոս արդէն երեսուն տարեկան դարձած ես: Այս դարձակէտը այլեւս քեզ երիտասարդութենէն հասունութիւն կը տանի:

Քսանմէկ տարեկան, երեսուն տարեկան եւ ահա քառասուն տարեկան կ՛ըլլաս: Հիմա կ՛անդրադառնաս, թէ տարիները  սահած են եւ աչքդ կը բանաս-կը գոցես` յիսուն տարեկան եղած ես, եւ երազներդ յօդս ցնդած են:

Համբերէ՛: Վաթսուն տարեկան կ՛ըլլաս, եւ չես հաւատար, թէ վաթսուն տարի ապրեցար:

Անգամ մը եւս կը յիշես. քսանմէկ տարեկան եղայ, երեսուն տարեկան դարձայ, քառասուն տարեկանը նուաճեցի, յիսուն տարեկանը հասայ եւ վաթսուն տարեկանը թեւակոխեցի:

Ուժերդ կը հաւաքես եւ եօթանասունը կը գտնես: Ասկէ ետք օրը օրին կ՛ապրիս:

Երբ ութսուն տարեկան կ՛ըլլաս, բոլոր օրերդ իրարու նման միապաղաղ կը թաւալին` ճաշ, հանգիստ, քուն: Սակայն կեանքդ հոս չի՛ կասիր: Իննսուն եւ առաւել տարեկանիդ ետ կ՛երթաս եւ` «Դեռ երէկ իննսուն երկու տարեկան էի» կ՛ըսես:

Եւ ահա տարօրինակ վիճակ մը կը պարզես: Երբ հարիւր տարեկան կ՛ըլլաս, դարձեալ մանուկ կը դառնաս եւ «Հարիւրուկէս տարեկան եմ» կ՛ըսես:

Մաղթենք, որ բոլորս ալ առողջ ըլլանք եւ հարիւրուկէս տարեկան դառնանք…

Բ.

Երիտասարդ Մնալու Գաղտնիքը

1.- Կենսական չեղող թիւերը` տարիք, ծանրութիւն եւ հասակ, աղբը թափէ: Բժիշկները թող մտահոգուին ասոնցմով: Արդէն ասոր համար կը վճարես իրենց:

2.- Միայն ուրախ ընկերներով շրջապատուէ: Ժխտական տիպարները քեզ ի զուր յոռետես կը դարձնեն:

3.- Ամէն օր նոր բաներ սորվելու հետամուտ եղիր: Օրինակ` համակարգիչ գործածելը, պարտէզ մշակելը, գծելը եւ այլն, գեղեցիկ նոր փորձառութիւններ կրնան ըլլալ: Միտքդ միշտ զբաղած պահէ: Արդարօրէն ըսուած է. «Ծոյլ ուղեղը սատանային կը ծառայէ»: Այս ծառայութիւնն ալ ալզայմըր կը կոչուի:

4.- Պարզ բաները վայելքի վերածէ:

5.- Յաճախ, երկար եւ բարձրաձայն խնդայ: Խնդայ` մինչեւ շնչասպառ ըլլաս:

6.- Յուզիչ պահերէն մի՛ վհատիր: Անոնք պիտի յաճախեն քեզի, բայց դուն քաջ եղիր, յաղթահարէ զանոնք եւ կեանքդ ապրէ: Մինչեւ այն ատեն որ ողջ ես, կեանքդ լիուլի ապրէ:

7.- Շուրջդ պահէ միմիայն այն, ինչ որ կը սիրես` ընտանեկան պարագաներ, բարեկամներ, անասուններ, գիրքեր, առարկաներ, բոյսեր, երաժշտութիւն եւ այլն: Տունդ միակ սիրելի պատսպարանդ է:

8.- Առողջութեանդ հոգ տար: Եթէ առողջ ես, առողջութեանդ արժէքը գնահատէ: Իսկ երբ հիւանդանաս, անմիջապէս բուժումի դիմէ:

9.- Յանցաւոր մի՛ փնտռեր: Ամբողջ աշխարհի մէջ երջանկութեան հետամուտ եղիր` առանց յանցաւոր գտնելու ժամանակ վատնելու:

10.- Միշտ մարդոց ըսէ, թէ կը սիրես զիրենք: Որքան «Կը սիրեմ քեզ» ըսես, քիչ է:

ԵՒ ՄԻՇՏ ՅԻՇԷ. կեանքը մեր առած շունչերով չի՛ չափուիր. այլ` այն պահերով, որոնք մեր առած շունչերը իմաստալից կը դարձնեն:

Աթէնք, 15 մարտ 2026    

(Ազատ եւ խտացեալ թարգմանութիւն անգլերէն յօդուածէ մը):
(Շար. 1)

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Հռչակագիրէն Հեռանալը` Ազգային Նահանջի Վտանգ

Յաջորդը

2026-ի Մոնտիալ. Իրան Կը Փորձէ Մրցումները Մեքսիքօ Փոխադրել

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.