Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Թութը ոչ միայն համեղ պտուղ է, այլ նաեւ` հայկական մշակոյթի անբաժան մասը: Հայաստանի մէջ թութը յայտնի էր հնագոյն ժամանակներէն` որպէս համեղ պտուղ, իսկ թթենին` որպէս տնտեսական նշանակութիւն ունեցող ծառ:
Հայաստանի բերրի հողերն ու բարենպաստ կլիման միշտ ալ նպաստեր են թթենիներու աճման: Բացի պտուղէն թթենիի տերեւները կարեւոր նշանակութիւն ունեցեր են մետաքսագործութեան մէջ` որպէս մետաքսաթելի արտադրութեան համար անհրաժեշտ թրթուրներու հիմնական կեր:
Հայաստանի մէջ մետաքսագործութիւնը մեծ պատմութիւն ունի, ձեւաւորուեր են թթենիի պարտէզներ` ապահովելու տերեւներու մնայուն մատակարարումը:
Թութը միայն արդիւնաբերական նշանակութիւն չունի, ան դարձած է սիրելի պտուղ` թարմ չորցուած կամ անուշի ձեւով: Մայիսէն յունիսի միջեւ ժամանակահատուածէն տեղի կ՛ունենայ թութի բերքահաւաքը: Այդ օրերուն մարդիկ ծառերուն տակ փռուած մեծ սաւաններու վրայ կը թափեն պտուղները` ծառը թափ տալով: Սովորաբար այս արարողութիւնը կը կատարուի խումբով եւ կը դառնայ իւրօրինակ ժողովրդական աւանդոյթ:
Թութը իր տեղը ունի նաեւ հայկական խոհանոցին մէջ, անիկա կ՛օգտագործուի անուշներու, գաթաներու եւ քաղցրաւենիքներու մէջ:
Թութը նաեւ խորհրդանշական իմաստ ունի: Ան կը համարուի առատութեան, բեղմնաւորութեան եւ յաջողութեան խորհրդանիշը: Այս քաղցր պտուղը ոչ միայն անցեալի պատմութիւն է, այլ նաեւ ապրող մշակութային արժէք` միահիւսուած հողին, մարդուն ու հայկական խոհանոցին:
«Մի՛ Կարծէք, Որ Բժիշկներն Ու Ճարտարապետները
Աշխարհի Միակ Երջանիկ Մարդիկն Են»
Սինկափուրի դպրոցներէն մէկուն տնօրէնը տարիներ առաջ այս նամակը ուղարկեր է աշակերտներու ծնողներուն.
«Սիրելի՛ ծնողներ
Ձեր երեխաներուն քննութիւնները շուտով կը սկսի: Գիտեմ, որ բոլորդ իսկապէս անհանգստացած էք, որ ձեր երեխան լաւ արդիւնք ձեռք բերէ:
Բայց, կը խնդրեմ, յիշեցէք, որ քննութիւններուն մասնակցող աշակերտներուն մէջ կայ նկարիչ մը, որ պէտք չունի հանրահաշիւ հասկնալու, կայ ձեռնարկատէր մը, որ հետաքրքրուած չէ պատմութեամբ կամ գրականութեամբ, կայ երաժիշտ մը, որուն համար քիմիագիտութեան արդիւնքները անկարեւոր են, կայ մարզիկ, որուն համար ֆիզիքական պատրաստուածութիւնը աւելի կարեւոր է, քան` բնագիտութիւնը…
Եթէ ձեր երեխան բարձր գնահատականներ կը ստանայ, գնահատելի է: Բայց եթէ չի ստանար, կը խնդրեմ, մի՛ խլէք անոնց ինքնավստահութիւնն ու արժանապատուութիւնը: Ձեր զաւակին ըսէք, որ ամէն ինչ կարգին է, այս պարզապէս քննութիւն է: Ձեր զաւակները ստեղծուած են կեանքի մէջ շատ աւելի մեծ բաներու համար: Ըսէք, որ անկախ անկէ, թէ ի՛նչ նիշ պիտի ապահովէ, դուք զինք կը սիրէք եւ չէք դատեր:
Կը խնդրեմ, ըրէ՛ք այս եւ երբ ընէք, դիտեցէք, թէ ինչպէ՛ս ձեր երեխաները կը նուաճեն աշխարհը: Մէկ քննութիւնը կամ ցած նիշը չեն խլեր անոնց երազանքներն ու տաղանդը: Եւ կը խնդրեմ, մի՛ կարծէք, որ բժիշկներն ու ճարտարապետները աշխարհի միակ երջանիկ մարդիկն են:
Ջերմ յարգանքներով»
***
Կ՛արժէ մտածել…
Տեսողութիւնը Պահպանելու Միջոցներ
Ակնաբուժին կարծիքով, ճիշդ է, որ կայ ժառանգականութեան ազդակը, որմէ պաշտպանուիլը թերեւս անկարելի է, սակայն կան դիւրին գործադրելի միջոցներ, որոնք կ՛ապահովեն մեր աչքերուն առողջութիւնը եւ կը պահպանեն մեր տեսողութիւնը. եւ այսպէս`
– Արեւի ակնոցներ կրեցէք ձեր աչքերը արեւի վնասակար ճառագայթներէն պաշտպանելու համար:
– Ծխախոտը դադրեցուցէք:
– Ձեր ճաշացուցակէն անպակաս ըրէք` ստեպղինը, լոլիկը, շոմինը, պրոքոլին, հաւկիթը, ընկուզեղէնը, իւղոտ ձուկերը, Սէ. կենսանիւթով հարուստ մթերքները եւ այլն…
– Վերահսկեցէք արեան ճնշումը:
– Վերահսկեցէք շաքարի տոկոսը:
– Աչքի մարզանքներ ըրէք:
– Եթէ երկար ժամանակ համակարգիչի դիմաց կ՛անցընէք, 20 վայրկեանը անգամ մը դադար տուէք ձեր աչքերուն` զանոնք թարթելով կամ 15 վայրկեան զանոնք յառելով կանաչ տարածութեան վրայ:
– Ժառանգական նախընթացի պարագային, տարին անգամ մը այցելեցէք ձեր ակնաբուժին:
Ինչպէ՞ս Օգտագործել Պտուղներու
Եւ Բանջարեղէններու Կեղեւները
Պտուղներու եւ բանջարեղէններու կեղեւները հարուստ են սննդարար նիւթերով եւ առողջութեան համար օգտակար յատկութիւններով: Դժբախտաբար մենք յաճախ չենք օգտագործեր զանոնք եւ պարզապէս աղբը կը թափենք: Ստորեւ` կեղեւները օգտագործելու հետաքրքրական տարբերակներ:
– Նարինջի Եւ Կիտրոնի Կեղեւ
Սուր դանակի մը միջոցով կեղուել, նարինջը կամ կիտրոնը` հրաժարելով ճերմակ խաւէն: Ստացուած բարակ շերտերը պահել ապակեայ փակ շիշի մէջ եւ սառնարանը կամ սառցարանը պահել հետագային խմիչքներու, աղցաններու, կարկանդակներու եւ թացաններու մէջ օգտագործելու համար:
Նոյն այս կեղեւները կտրատել, չորցնել եւ ծրարիկներու մէջ լեցնել եւ հագուստի պահարանին մէջ կախել ցեցերը վանելու համար:
– Խնձորի Կեղեւ
Խոհարարներու կարծիքով, կարելի է խնձորի կեղեւները վերածել համեղ եւ իւրայատուկ չիփսերու:
Կեղեւներուն վրայ քիչ մը փոշի շաքար եւ կասիա ցանել, ապա զանոնք տարածել ափսէի մը մէջ եւ 150 ջերմաստիճանով փուռի մէջ եփել, մինչեւ որ խրթխրթան դառնան:
Խնձորի կեղեւներով կարելի է համեղ տնական քացախ եւ բուրաւէտ թէյ պատրաստել:
– Պանանի Կեղեւ
Լուծուող մանրաթելով հարուստ պանանի կեղեւը կը խթանէ աղիքային աշխատանքը եւ կը լուծէ փորկապութեան հարցը: Որքան որ ալ տարօրինակ թուի պանանի կեղեւը, այնպէս` ինչպէս քիուիինը, կարելի է հում ուտել եւ օգտուիլ անոր հարուստ եւ սննդարար նիւթերէն:
Ածխաջուրով, սպիտակուցով, փոթասիոմով, կիրով, մակնեզիոմով եւ լիւթէինով հարուստ պանանի կեղեւը կը կարգաւորէ քոլեսթերոլը եւ արեան մէջ շաքարի մակարդակը: Ան նաեւ կը կանխարգիլէ վաղաժամ ծերացումը, կ՛օգնէ վէրքերու սպիացման, կը պահպանէ աչքերուն առողջութիւնը, կը բարելաւէ քունը եւ այլն…
– Բանջարեղէններու Կեղեւները
Ինչպէս խնձորի պարագային, այնպէս ալ ստեպղինի եւ գետնախնձորի կեղեւներէն կարելի է չիփսեր պատրաստել:
Շատ լաւ լուացուած ու ցամքած կեղեւները տարածել թխման թերթիկի վրայ, համեմել աղով, խոտաբոյսերով եւ ձիթապտուղի ձէթով եւ փուռի մէջ եփել, մինչեւ խրթխրթան դառնան:
– Վարունգի, Մանկայի, Անանասի Կեղեւները
Մորթը թարմացնելու եւ մաքրելու համար վիզն ու դէմքը շփել վերոյիշեալներու կեղեւներով: Գաղտնիք չէ, որ պտուղներուն եւ բանջարեղէններուն պարունակած կենսանիւթերուն մէկ կարեւոր մասը կը գտնուի անոնց կեղեւներուն մէջ:
– Սոխի Կեղեւներ
Սոխի կեղեւներով պատրաստուած թուրմը, ինչպէս նաեւ հարիչէ անցած սոխի չոր կեղեւները կարելի է օգտագործել`
– որպէս արգանակներու համեմ,
– որպէս հիանալի պարարտացուցիչ,
– որպէս գործուածքներ ներկելու միջոց,
– որպէս Զատկուան հաւկիթներու ներկ:
Խոհագիր
Նարինջի Կեղեւով Անուշ
4 նարինջ
500 կրամ շաքարաւազ
1 կասիայի փայտիկ
1 աստղաձեւ անիսոն
1 կիտրոնի հիւթ
1 լիթր ջուր
Պատրաստութիւն
Նարինջները շատ լաւ լուալ տաք ջուրով:
Կեղուել սուր դանակով` խուսափելով ճերմակ, լեղի բաժինէն շատ վերցնելէ: Կեղեւները ոլորել, ցպիկով ամրացնել, տեղաւորել կաթսայի մէջ եւ ծածկել պաղ ջուրով ու եռացնել, ապա քամոցէ անցընել: Գործողութիւնը կրկնել եւս 2 անգամ:
Կեղեւները կրկին կաթսային մէջ փոխադրել, աւելցնել 1 լիթր ջուրը, շաքարաւազն ու կիտրոնի հիւթը նաեւ` կասիայի փայտիկն ու աստղաձեւ անիսոնը:
Հասցնել եռման աստիճանի, ապա եփել թեթեւ կրակի վրայ 1 ժամ` պարբերաբար խառնելով:
Ստուգել խտութիւնը. ծորը պէտք է քիչ մը թանձր ըլլայ, իսկ կեղեւները` թափանցիկ:
Տաք անուշը լեցնել ապակեայ շիշերու մէջ, անմիջապէս փակել եւ գլխիվար շրջել: Ձգել, որ պաղին մինչեւ սենեկային ջերմաստիճան:
Պահել զով եւ չոր տեղ մը:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Անդաստան
Արեւելեան կողմն աշխարհի
Խաղաղութի՜ւն թող ըլլայ…
Ոչ արիւններ, քրտինք հոսին
Լայն երակին մէջ ակօսին
Ու երբ հընչէ կոչնակն ամէն գիւղակի`
Օրհներգութի՜ւն թող ըլլայ:
Արեւմտեան կողմն աշխարհի
Բերրիութի՜ւն թող ըլլայ…
Ամէն աստղէ ցօղ կայլակի,
Ու ամէն հասկ ձուլէ ոսկի.
Եւ ոչխարներն երբ սարին վրայ արածին`
Ծիլ ու ծաղի՜կ թող ըլլայ:
Հիւսիսային կողմն աշխարհի
Առատութի՜ւն թող ըլլայ…
Ոսկի ծովուն մէջ ցորեանին
Յաւէտ լողայ թող գերանդի.
Ու լայն ամբարն աղուններուն երբ բացուի`
Բերկըրութի՜ւն թող ըլլայ:
Հարաւային կողմն աշխարհի
Պտղաբերութիւն թող ըլլայ…
Ծաղկի` մեղրը փեթակներուն,
Յորդի գինին բաժակներուն.
Ու երբ թխեն հարսերը հացը բարի`
Սիրերգութի՜ւն թող ըլլայ:
ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ



