Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պալապանեան. «Թիրախաւորուող Շրջաններուն Մէջ Հայութեան Թիւը Համեմատաբար Նուազ Է»

March 18, 2026
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Հիմա հայաբնակ շրջանները համեմատաբար աւելի հանդարտ են, անշուշտ կան այն շրջանները, որոնք շարունակ կը ռմբակոծուին պատերազմի սկիզբէն ի վեր, այնպէս չէ, որ հոն բնաւ հայութիւն չկայ, բայց եթէ բաղդատական պիտի ընենք բնակչութեան խտութեան իմաստով, այդ շրջաններուն մէջ աւելի նուազ թիւով հայեր կան», յայտնեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան երէկ հայրենի «Հ1» հանրային պատկերասփիւռի կայանի «Լուրեր» յայտագիրի հարցումներուն պատասխանելով: Պատերազմի ազդեցութեան անդրադառնալով` Պալապանեան ըսաւ. «Բնականաբար պատերազմը ինքնի՛ն մտահոգիչ է, պատերազմի արդիւնքը աւերիչ է»:

Իսկ վերջին օրերուն Պուրճ Համուտի ծայրամասին` Նապաայի մէջ շէնքի մը թիրախաւորումին մասին հարցումին պատասխանելով Ալպեր Պալապանեան ըսաւ. «Պուրճ Համուտի աւարտին գտնուող թաղամասերն էին  թիրախաւորուող շրջաննեըը, որոնք համեմատաբար աւելի նուազ հայաբնակ են: Այդ շրջանին մէջ բնակարան մը հարուածած էր Իսրայէլ ենթադրելով, որ Դիմադրութեան պատկանող պատասխանատու անձնաւորութիւն մը պէտք է ներկայ ըլլայ հոն»:

Քաղաքացիներու, յատկապէս հայութեան կարիքներուն եւ անոնց հոգածութեան մասին հարցումի մը անդրադառնալով, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը յայտնեց, որ «համախմբուած, կեդրոնացած եւ համակարգուած աշխատանք կը տարուի այն իմաստով, որ կարիքներուն հասնինք, եթէ գաղութը անհրաժեշտ պէտքերու հասնի, ժողովուրդը անհրաժեշտ տարրական պէտքերու կարօտի: Բնականաբար պատերազմը այս ընթացքով ճգնաժամային պահեր պիտի ստեղծէ, ըլլայ այդ մէկը տնտեսական, ըլլայ կենցաղային թէ ինչու ոչ` նաեւ նիւթական»:

 

Նախորդը

Յակոբ Բագրատունի. «Մեզի Համար Հիմնականը Մեր Ժողովուրդի Կամքը Ամուր Պահելն Է Եւ Լիբանանեան Մեր Հայրենիքին Կառչիլը»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (18 Մարտ 2026)

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.