Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէր, Սեռ Եւ Քրիստոնէութիւն (Նորատիպ Հրատարակութեան Մը Առիթով)

March 17, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Անցնող 2025-ի ընթացքին Բերիոյ թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան հրատարակեց իր սեփական հայացումներէն կամ թարգմանութիւններէն շուրջ 10 հատոր ու զանոնք դրաւ հետաքրքրուողներու տրամադրութեան տակ:

Այո՛, տասը հատոր` մէ՛կ տարուան ընթացքին:

Սրբազանը անմրցելի ռահվիրայ մըն է կարծէք «հայացում»-ներու այս մարզին մէջ: Իր հետաքրքրութիւնները, սկիզբէն եւեթ, կը դառնան Աստուածաշունչին ու հոգեւոր ապրումներու առանցքին շուրջ, ինչ որ ամէնէն բնական հակումն է ոեւէ եկեղեցականի: Բայց երբեմն կան նիւթեր, որոնք Եկեղեցւոյ ու կրօնին առնչուած ըլլալով հանդերձ, կը կրեն «աշխարհիկ» բնոյթ ալ ու դուրս կը ցայտին բացարձակ հոգեւորի շրջածիրէն: Օրինակ` ամուսնութիւնը:

Ամուսնութիւնը կամ պսակը Եկեղեցւոյ սրբազան խորհուրդներէն մէկն է, ինչպէս` մկրտութիւնը, հաղորդութիւնը, ձեռնադրութիւնը: Բայց ամուսնութիւնը նա՛եւ ընկերային ու աշխարհիկ վիճակ մըն է, որ Եկեղեցւոյ կողմէ պաշտօնապէս օրհնուելէ ու վաւերացուելէ ետք, ամուսնացեալ զոյգին ամբողջ կեանքին տեւողութեան կը վերածուի ընտանեկան անքակտելի կապերով սնանած կեանքի կացութաձեւի մը: Ու երբ կը խօսինք ամուսնութեան մասին, ինքնաբերաբար երեւան կու գան սիրոյ եւ սեռայնութեան զոյգ երեւոյթները` իրենց հոգեբանական, յուզական եւ բնախօսական բազմաշերտ ճիւղաւորումներով…

Մեզի` աշխարհական քրիստոնեաներուս համար, մի՛շտ ալ հետաքրքրական եղած է սա՛ հարցումը. «Եկեղեցին ի՞նչ կը մտածէ սեռայնութեան մասին: Ս. Գիրքը ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէ կամ կ՛ուղղորդէ մարդ արարածին սեռային կեանքը»…

Վստահաբար ամէն ոք պիտի ուզէ լսել այս մասին: Լսել` հեղինակաւոր բերաններէ, հմուտ աստուածաբաններէ: Իսկ մեր եկեղեցականները, հասկնալի պատճառներով ու ամօթխածութեամբ, ընդհանրապէս կը խուսափին այսօրինակ հարցումներէ…

Մակար սրբազան, ահաւասիկ, յանդգնաբար սեղան բերած է այս զգայուն հարցը` հայացնելով եգիպտացի ժամանակակից քրիստոնեայ մտաւորականի մը` բժ. Ատել Հալիմի մէկ գործը, որ կը կոչուի «Սեռայնութեան քրիստոնէական իմաստը»: Գիրքը տպուած է Հալէպ, 2025-ին: Կը բաղկանայ 208 փոքրածաւալ էջերէ: Հեղինակը, որ համալսարանի դասախօս եղած է ու երկար տարիներ` ամուսնութեան եւ ընտանիքի խորհրդատու, իր այս գիրքը գրած է արաբերէնով: Գործը աւելի ուշ անգլերէնի թարգմանուեր է: Մակար սրբազանն ալ զայն հայացուցեր է անգլերէն տարբերակէն:

Թարգմանիչ սրբազանը իր ներածական խօսքին մէջ նկատել կու տայ, որ` «Քրիստոնէութեան մէջ սեռայնութիւնը մարդ էակին համար կը ներկայացնէ ամենանուիրական երեւոյթը, որովհետեւ անոր միջոցով է, որ մարդուն կը յայտնուի սիրոյ եւ բաժնեկցութեան խորհուրդը, երբ ամուսնացեալները Քրիստոսով կը միանան եւ կ՛օգնեն իրարու, որպէսզի լրացնեն կեանքի պահանջները»: Այս կարճ բանաձեւումը սեռայնութեան մասին` զայն դուրս կը բերէ կեղծ ամօթխածութեան գուբէն ու անոր կը շահեցնէ կենսաւէտ տարածք մը` կրօնական դիտանկիւնէ,  մանաւանդ որ սրբազանը յաւելուածաբար կը շեշտէ. «Անոնց [ամուսնացեալ զոյգին] կը տրուի նաեւ Աստուծոյ հետ ստեղծագործութեան մասնակից ըլլալու խորհուրդը, պատիւն ու շնորհքը, որ որդեծնութեան միջոցով կը կատարուի»: Յստակ եւ մեկին:

Նորատիպ հատորը առաւելաբար հասցէագրուած ըլլալ կը թուի երիտասարդներու եւ ամուսնութեան թեկնածու զոյգերու:

Երբ կը խօսինք ամուսնութեան մասին, անմիջապէս կը յիշենք Տիրոջ սա պատուէրը. «Այրը պիտի ձգէ իր հայրն ու մայրը եւ իր կնոջ միանայ, եւ երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան»: Աշխարհի օրէնքն է այս:

Արդ, «մէկ մարմին ըլլալ»-ու աստուածային այս ծանօթ պատգամը իր մէջ կը ներառէ նաեւ սեռայնական միութիւնը: Ըստ գիրքին եգիպտացի հեղինակին, մարդկային սեռայնութիւնը, զգո՜ւշ… անասուններու սեռայնութիւնը հիմնովի՛ն կը տարբերի, ունի երեք տարածքներ. նախ` երկու սեռերուն միջեւ անձնական մերձեցում, հրապուրիչ զգացումներու զարգացում եւ սէր, կապուածութի՛ւն: Երկրորդ` տռփանք, որ կը ստեղծուի ամուսնութենէն ետք մտերմիկ յարաբերութեամբ: Երրորդ` սերնդագործութիւն: Աստուած հրահանգած էր արդէն մարդ արարածին. «Աճեցէ՛ք, բազմացէ՛ք, Երկիրը լեցուցէք եւ անոր տիրեցէ՛ք…»:

Մարդ արարածը սեռային յատկութեամբ օժտեալ էակ մըն է: Եթէ անսեռային արարած մը ըլլար ան, դիտել կու տայ հեղինակը, անոր պիտի պակսէին իր մարդկային բնութիւնը արժեւորող շատ մը գիծեր: Ասիկա բացայայտօրէն նկատելի կ՛ըլլայ սեռային զօրութենէ կամ ուժէ զրկուածներուն կամ գեղձային հիւանդութիւններէ տառապողներու մօտ: Աստուած մարդուն մէջ դրած է «սեռային հրապոյր» կոչուած խորունկ զգացումը, որ զայն շարունակ կը քաշէ դէպի «միւս»-ը, դէպի «ուրիշ»-ը:

Հոս, ահաւասիկ, գլուխ կը ցցէ կուսակրօնութեան հարցը, որ կը վերաբերի առաւելաբար հոգեւորականներուն: Վարդապետներ, եպիսկոպոսներ, կաթողիկոսներ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս կուսակրօն կը մնան… «Մարդ արարածը, կը գրէ հեղինակը, աստուածատուր կամքին միջոցով կրնայ զսպել իր սեռային արարքը` զայն ուղղելով, յետաձգելով կամ հակակշռելով» (էջ 55): Ըստ իրեն, բազմաթիւ հոգեւորականներ կուսակրօնութիւնը կ՛ընտրեն աստուածային յստակ կոչումի մը շնորհիւ, դրդուած` «Ամբողջապէս Աստուծոյ նուիրուելու ցանկութենէն եւ ո՛չ թէ ամուսնութեան եւ ընտանիքի պատասխանատուութենէն փախուստ տալու ցանկութենէն» (էջ 157):

Գիրքին գրեթէ կէսը լայնօրէն լուսարձակ կը բանայ Ադամ-Եւայի ֆիզիքական միութեան վրայ, որ երկու սեռերու գոյակցութեան մայր օրինակն է տիեզերքի մէջ: Արդէն, հատորին գունաւոր կողքը, որ կը պատկանի արուեստագէտ Յովսէփ վրդ. Աշգարեանի վրձինին, ուղղակի կ՛առնչուի այս նիւթին: Բոլոր մէջբերումներն ու տուեալները բնականաբար քաղուած են Աստուածաշունչէն: Սեռայնութիւնը կամ սեռային հակումը, հետեւաբար, կը բնութագրուի իբրեւ «մաքուր» զգացում մը, որովհետեւ` «Աստուա՛ծ ստեղծեց այս հակումը եւ ի՛նք դրոշմեց զայն մարդուն եւ կնոջ մէջ: Աստուած անոնց մէջ տպաւորեց նաեւ միանալու նախատրամադրութիւնը: Անոնց տուաւ սեռային գործարաններ, որոնց միջոցով այդ միութիւնը պիտի նուիրագործուէր» (էջ 86):

Հատորին վերջին էջերը դուրս կու գան Աստուածաշունչէն ու կը խօսին սեռայնութեան մեր առօրեայ կեանքին վրայ ունեցած կարգ մը ազդեցութիւններուն մասին: Օրինակ, ինչո՞ւ երիտասարդներ սեռային ճնշումներու ենթակայ կը դառնան ու կը տառապին: Մարմնական սեռային հասունութիւնը ինչպէ՞ս պէտք է համալրուի հոգեկան սեռային չափահասութեամբ: Սեռային զրկանքը կրնա՞յ վերածուիլ հոգեկան ու մարմնային խռովութեան վիճակի: Ահա՛ հարցադրումներ, որոնք թերեւս սպառիչ պատասխաններ չունին ներկայ հատորին մէջ, սակայն սեղան բերուած են ամենայն անկեղծութեամբ:

Գիրքը կը փակենք մէ՛կ յստակ համոզումով. սէրը, սեռն ու քրիստոնէութիւնը, վարար գետերու նման, միասնաբար կ՛ոռոգեն մեր կեանքը ու եռաճիւղ ուղխերու պէս կը թափին բոցավառ նոյն քուրային մէջ…

«Արարատ»

Նախորդը

Հայ, Հայեր, Հայաստան, Հայաստաններ…

Յաջորդը

Ինչո՞ւ Կը Թուի, Թէ Հայաստանը Ուժեղ Է, Բայց Կրնայ Մէկ Օրուան Մէջ Ճաքիլ

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.