Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տարիք

March 16, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Հետաքրքրական է յիշել, որ իմ տարիքիս մարդիկ երբեմն համարձակ, յաճախ ալ ցած ձայնով կ՛արտայայտուին, որ արդէն ծերացած են: Իմ կարգիս, չեմ ուզեր այդ «բառը» գործածել: Կը գոհանամ` մենք ալ «մեծցանքով» մը: Որովհետեւ չեմ ուզեր ծերանալ եւ կամ ծերերու շարքին դասուիլ:

Ճիշդ է, որ 80-եւ աւելին ենք ու շատեր կամաց-կամաց իրենց շարժումներուն, խօսակցութեան կամ յիշողութեան մէջ կը սկսին դանդաղիլ, ազդանշանը` մարդուս տարիքի յառաջացման: Բայց… ի՞նչ կրնանք ընել: Նորութիւն մը չէ:

Ու իբրեւ այս խումբի անդամ` ըսեմ, որ այլեւս նոր ընկերներ, կամ բարեկամներ ունենալու բաղձանքը նուազած է: Աւելի՛ն. մեծցանք եւ սկսանք հանդարտ բնութիւնը սիրել, հեռու` հաւաքանութիւններէն, հաւաքոյթներէն, քաղաքներու եւ նոյնիսկ չափահասներու ու փոքրերու աղմուկէն:

Եւ անկեղծօրէն աւելցնեմ, որ դադրեցանք ոեւէ մէկուն հետ վիճելէ, նոյնիսկ եթէ իրաւացի ըլլայինք: Ձգեցինք, որ օրերը իրենք ապացուցեն մեր տեսակէտի ճշդութիւնը:

Մեծցայ, կամ աւելի ճիշդ` մեծցանք, անոր համար հիմա լուռ կ՛ուրախանանք ու լուռ ալ կը տխրինք եւ լուռ ալ կը ծիծաղինք: Քաղցր խօսքերը այլեւս անիմաստ են: Չենք ծիծաղիր ուրիշներու վրայ, ինչպէս որ տասնամեակներ առաջ սովոր էինք ընել: Նոր իմացանք, որ ամէն փայլուն «բան» ոսկի չէ: Մանաւանդ սորվեցանք` որո՞ւ վստահիլ եւ ե՞րբ վստահիլ:

Աւելցնեմ նաեւ, որ տարիները ինծի սորվեցուցին բոլոր այն լեզուները, որոնք սուտ չեն խօսիր: Այսպէս, իրերայաջորդ կերպով տիրացայ աչքերու լեզուին, նոյնիսկ` բնութեան, վարդերու ու սիրոյ լեզուներուն:

Այս բոլոր «լեզուները» զիս մարդոց յոռի վարմունքէն հեռու պահեցին ու կապեցին կեանքիս արմատներուն: Ուստի կամովին հեռացայ բոլոր անոնցմէ, որոնք դանակի նման իրենց խօսքերը դէմս կը սրէին: Նոյնիսկ հեռացայ բոլոր անոնցմէ, որոնք չյարգեցին իրենց խօսքերն ու տուած խոստումները:

Այդ մարդոց աչքերուն մէջ ես տեսած էի այն դիտումնաւոր ջանքերը, որոնց միջոցով երազներս ու յոյսերս կը փորձէին փշրել: Ու երբեք չսպասեցի յարմար պահուն, այլ իւրաքանչիւր պահ դարձուցի յարմար:

Իսկ հիմա, ա՛յս օրերուն, ամէն առաւօտ, գեղեցիկ սովորութեան մը համաձայն, սենեակէս ներս, համակարգիչիս դիմաց կը շրջիմ բառերուս եւ գրութիւններուս այգիին մէջ, որոնք հոգիիս ուրախութիւն կը բերեն, եւ ապա կը քննեն արտայայտութիւններուս պտուղները, անոնց գոյները, ձեւերը` զանոնք նմանցնելով նոր բացուած յասմիկի մը:

Յստակ է, որ այսպէս, երեք քառորդ դար եւ քիչ մըն ալ աւելի ապրուած կեանք մը կայ անունիս դիմաց, ուր թէեւ երեւակայութիւնս միշտ ծաղկեցուցած էր բոլոր օրերս, բայց ժամանակը արդէն իսկ քանդած էր մանկութեանս եւ երիտասարդութեանս պատերը ու շեղած` անոնց ճշգրիտ ճակատագիրը:

Ու ամէն օր, հազիւ արթնցած, երբ երեւակայութիւնս զիս հալածել կը սկսէր, ճիշդ այդ պահուն, այս անգամ յուշերս էին, որոնք կամաց կամաց ինծի մօտենալով` սիրտս ամուր մը կը սեղմէին ու պատճառ կը դառնային անոր արագ տրոփումին:

Ըսի` հին ու նոր յուշեր, լուսաւոր եւ երբեմն ալ մութ յուշեր, որոնք կ՛արթննային խոր գիտակցութեամբ, իրապաշտ եւ նոյնքան վիպապաշտ, երազկոտ ու նոյնքան ալ անիրական: Ու այս երազանքը կրնար երկար տեւել:

Այս առանձնութեանս մէջ երկար ու ապրուած իմ օրերուս,  ժամերուս, կեանքիս բանալին կը փնտռէի: Կը փորձէի վերակազմել անցեալի զանազան երփներանգ դէպքերը: Կը յիշէի այն երանելի ժամերը, որոնց ետեւէն այդ օրերու էութիւնս փշրելու աստիճան սիրտս կը լացնէր:  Նոյնիսկ խանդավառութիւնս ալ կը մաշեցնէր:

Կը գիտակցէի, որ զաւակներուս եւ յատկապէս թոռներուս ներկայութեան կը մոռնայի տարիքս, որովհետեւ անոնք էին, որ այդ օրուան կեանքիս կը ներարկէին ուժ եւ խանդավառութիւն: Այսպէս, մտքի հոսքի մը տեւական ճամբորդ մը եղած էի:

Կեանք եւ տարիք իրարու ամրօրէն առնչուող այս երկուորեակները թէեւ բարդ ազդակներ էին, անհասկնալի եւ նոյնքան ալ հասկնալի, սակայն նաեւ` սարսափելի: Պաշտելի ու նոյնքան ալ` յաճախ անհանդուրժելի: Թէեւ սեւն ու ճերմակը խառնուած էին, բայց միշտ վերագտած էի խանդս եւ ապրելու հպարտութիւնս: Բոլորին նման իմ ալ օրերս կապուած էին առօրեայ մտահոգութիւններու:

Օրերուս նման` յաճախ անտող էին նաեւ ժամերս ալ, եւ ամէն դժուարութիւն ու դժբախտութիւն տարիքիս կը կապէի: Անձէս խուսափելու լաւագոյն միջոցը` թերեւս: Հաստատ գիտէի, որ շատ ծանր պայքարած էի կեանքիս այս հեւքին մէջ:

Բայց կեանքը անուշ բան մըն է, հաճելի, եւ որ կ՛արժէ զայն անպայման ապրիլ: Ու տարիները գեղեցկացուցած էին կեանքս, հրապոյր տուած: Յայտնի էր, որ կեանքիս երկանքին անանուն ցաւեր ալ շալկած էի: Բայց չէի յուսահատած:

Մտածելու հաճոյքը անտեղի խորշոմներ գծած էին դէմքիս վրայ: Բայց հակառակ այս բոլորին` հաստատապէս գիտէի ու կը հաւատայի, որ այսօրը իմս էր, իսկ վաղը` Աստուծոյն:

[email protected]

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանի Մատենաշարը. Հիմնահարցեր Եւ Հանգրուաններ Արեւմտեան Հայաշխարհի Կազմաւորումին Մէջ Իբրեւ Պատմագիտութիւն, Պատմազանցութիւն Եւ Հոգեխուզում

Յաջորդը

Յունաստանի Մէջ Դաշնակցութիւնը Կ՛առաջադրէ Մեր Ամէնէն Այժմէական Համահայկական Օրակարգերը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.