Քոլոմպիացի յետսապահ Խոսէ Խունիոր Խուլիօ Պուենօ առաջին անգամ ըլլալով հրաւիրուեցաւ Հայաստանի ազգային խումբ:
29 տարեկան ֆութպոլիստը, որ 2021-էն ի վեր կը խաղայ Արարատ – Արմենիա խումբին հետ կեդրոնի յետսապահ դիրքին վրայ, 5 տարեշրջան անցընելէ ետք Հայաստանի մէջ, ստացաւ Հայաստանի քաղաքացիութիւն: Ան այսպիսով կարելիութիւն ստացաւ հանդէս գալու ազգային հաւաքականին հետ: Այսպիսով, 190 սմ յետսապահը դարձաւ երրորդ քոլոմպիացին, որ կը ներկայացնէ Հայաստանը Վբէյմար Անկուլոյէն եւ Ժորտի Արարատէն ետք (հակառակ անոր որ այս վերջինը ունի հայկական արմատներ):
Ըստ մարզիչ Եղիշէ Մելիքեանի, յետսապահ գիծը պէտք ունէր Պուենոյի նման փորձառու յետսապահի, որ շատ զօրաւոր ֆիզիքականի տէր մարզիկ մըն է:
Գլխաւոր մարզիչը յայտնած է նաեւ, որ հաւաքականին կարող են միանալ նաեւ նոր խաղցողներ, ինչպէս` Փիւնիկի Կարլեն Յովհաննիսեանն ու Նարեկ Յովհաննիսեանը (Երեւանի բանակայիններ):
Նշենք, որ Ռուսիոյ Օրենպուրկ խումբի միջնապահ Տիգրան Աւանէսեան իր կարգին հրաւիրուեցաւ Հայաստանի հաւաքական, որ 26 եւ 29 մարտին բարեկամական մրցումներ պիտի կատարէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Պիելոռուսիոյ դէմ:


