Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Երկրորդ Թիւը

March 10, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արդէն իսկ կարելի է համացանցի վրայ կարդալ ՀՅԴ «Դրօշակ» պաշտօնաթերթի 2026-ի երկրորդ թիւը:

Նկատի ունենալով փետրուարին հայութեան կեանքին մէջ արձանագրուած իրադարձութիւնները, յատկապէս հայութեան համազգային պոռթկումները` յանուն ազգային ազատութեան եւ արժանապատուութեան, Անի Մելքոնեան իր գրութեամբ կ՛անդրադառնայ ազգային պայքարի այս հերոսական էջերուն` հակադրութիւն տեսնելով Հայաստանի այսօրուան հայրենադաւ իշխանութեան ազգային շահերուն դաւաճանելու պարտուողական քաղաքականութեան հետ:

Պատմաբան Տարօն Յակոբեան արցախեան ազատագրական շարժման առիթով մանրամասնօրէն կ՛անդրադառնայ 36 տարի առաջ այդ պայքարի սկզբնաւորման եւ պայքարին խորքէն Արցախի ազգային պետական կառոյցներու ձեւաւորման գործընթացին:

Ասոր կողքին, «Դրօշակ»-ը լուսարձակի տակ կը բերէ 1988 փետրուարին Ազրպէյճանի ոճրագործ իշխանութեան կատարած ցեղասպանական գործողութիւնները: Սումկայիթի հայութեան ջարդերուն իրադարձութիւններուն ժամանակագրական մանրամասնութեամբ կ՛անդրադառնայ ցեղասպանագէտ Մարի Յովհաննիսեանը:

Լրագրող Արմէն Վարդանեանի յօդուածը կը վերաբերի Երեւանի այսօրուան բնապահպանական իրավիճակին: Բնապահպանական ոլորտի այս ուսումնասիրութիւնը մեր ուշադրութիւնը կը սեւեռէ նոյնպէս մտահոգիչ հիմնահարցի վրայ` փաստելով, որ իշխանութիւններու անտարբեր ու շահադիտական քաղաքականութեան պատճառով Հայաստանի մայրաքաղաքը այսօր կը գտնուի բնակչութեան առողջութեան համար խիստ վտանգաւոր բնապահպանական կացութեան մէջ:

Մեր ժամանակի լաւագոյն հայագէտներէն մէկը` Ալբերտ Մուշեղեանը, Աւետիք Իսահակեանի 150-րդ տարեդարձին առիթով «Դրօշակ»-ի համար 2025 թուականի աշնան պատրաստած է նշանաւոր բանաստեղծին ընկերվարական եւ պայքարի բնաբանով քանի մը ստեղծագործութիւններու խորազնին վերլուծութիւնը, սակայն, ցաւօք, ան չապրեցաւ մինչեւ յօդուածի հրապարակումը: Գրականութեամբ ու մշակոյթով հետաքրքրուողներուն համար շատ հետաքրքրական գրութիւն մըն է այս մէկը:

«Դրօշակ»-ի 2026-ի երկրորդ թիւը կարդալու համար այցելեցէք https://www.arfd.am/wp-content/uploads/2026/03/%D4%B4%D6%80%D6%85%D5%B7%D5%A1%D5%AF-%D5%A9%D5%AB%D5%BE-2-2026%D5%A9.pdf

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու «Վարիչի Դպրոց» Մարդուժի Պատրաստութեան Եռամսեայ Ծրագիրի Մեկնարկ

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Պատգամ Անցեալէն

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.