Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժողովրդավարութիւնը Ընդդիմութեամբ Կը Շնչէ

March 10, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՀԱՐՈՆ  ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Պետութեան ուժը չի չափուիր անոր բարձրաձայն սպառնալիքներով, այլ` հանդուրժողականութեամբ: Այն պետութիւնը, որ կը վստահի իր իրաւական կառոյցներուն եւ իր հաստատութիւններուն, երբեք չի վախնար ընդդիմութեան գոյութենէն: Ընդհակառա՛կը,  ան կը գիտակցի, որ բազմաձայնութիւնը ժողովրդավարական կեանքի բնական շնչառութիւնն է:

Սակայն, երբ իշխանութիւնը կը սկսի խօսիլ այն լեզուով, թէ որոշ կուսակցութիւններ «պէտք չէ գոյութիւն ունենան», արդէն խնդիրը  շատ հեռու կ՛երթայ քաղաքական վէճէն: Խնդիրը քաղաքական մտածողութեան բնոյթն է: Այդ լեզուն կը պատկանի ոչ թէ ժողովրդավարութեան, այլ` այն վարչակարգերուն, որոնք կը վախնան քննադատութենէն եւ կը փորձեն հասարակութիւնը հաւնոցի  սկզբունքով  միաձայն խումբերու վերածել:

Պետութիւնը չի կառուցուիր քաղաքական հակառակորդներու գոյութիւնը հարցականի տակ դնելով: Պետութիւնը կը կառուցուի` պատասխանատուութեամբ, գիտակցութեամբ, հաշուետուութեամբ եւ խնդիրներու լուծումով:

Երբ բանակին մէջ պատահող ողբերգութիւններու կամ հասարակութեան մէջ աճող բռնութեան մասին հարցումներ կը բարձրանան, իշխանութեան առաջին պարտականութիւնը պատասխան տալն է, ոչ թէ` մեղադրանքներ ուղղել ընդդիմութեան: Բանակի մէջ պատահող  ոճիրները, զինուորներու մահերը կամ հասարակական խնդիրները քաղաքական կուսակցութիւններու գոյութեան հետեւանք չեն: Անոնք պետութեան կառավարման, վերահսկողութեան եւ պատասխանատուութեան խնդիրներ են:

Այդ հարցերը լուծում կը պահանջեն, ոչ թէ` ծաղրանք:

Ժողովրդավարական մշակոյթին մէջ խորհրդարանը քաղաքական մրցակցութեան վայր է, բայց երբեք` վիրաւորանքի կամ սպառնալիքի բեմ: Երբ իշխանութիւնը կը սկսի հեգնանքով խօսիլ քաղաքական հակառակորդներու մասին եւ նոյնիսկ կը փորձէ կանխագուշակել, թէ ո՛վ պէտք է ըլլայ կամ չըլլայ ապագայ խորհրդարանին մէջ, այդ խօսքը աւելի շատ կը բացայայտէ իշխանութեան հոգեբանական վիճակը, քան` ընդդիմութեան ուժը:

Խորհրդարանին կազմը կ՛որոշէ ժողովուրդը, ոչ թէ` իշխանութեան ցանկութիւնը:

Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ տարբեր կուսակցութիւններ ունեցած են իրենց տարբեր ուղիները եւ իրենց սխալները: Սակայն այդ կուսակցութիւններուն մեծ մասը նաեւ անգնահատելի դեր ունեցած է հայ  ժողովուրդի ազգային ազատագրական պայքարին, պետականութեան կերտման եւ սփիւռքի կազմակերպման մէջ: Այդ պատմութիւնը անկարելի  է ջնջել քաղաքական պահու մը զայրոյթով կամ հեգնանքով:

Պետական մտածողութիւնը կը պահանջէ յարգանք` նոյնիսկ քաղաքական հակառակորդի նկատմամբ:

Քաղաքական բանավէճը կրնայ ըլլալ կոշտ, բայց ան պէտք է մնայ արժանապատիւ,  որովհետեւ երբ քաղաքական լեզուն կը խեղդուի վիրաւորանքի մէջ, առաջին վնասուողը  կ՛ըլլայ պետութեան հեղինակութիւնը:

Հայաստանին այսօր պէտք է լուրջ խօսք, ոչ թէ` ծաղր:

Պէտք է պատասխանատուութիւն, ոչ թէ` մեղադրանքի փախուստ:

Պէտք է պետական մտածողութիւն, ոչ թէ` քաղաքական նեղ հաշուարկ:

Եւ ամէնէն կարեւորը` Հայաստանին պէտք է այնպիսի քաղաքական մշակոյթ, ուր ոչ մէկ կուսակցութեան գոյութիւնը կասկածի տակ կը դրուի իշխանութեան կամքով:

Ժողովրդավար պետութեան մէջ ընդդիմութիւնը վտանգ չէ:

Ընդհակառա՛կը, ընդդիմութեան բացակայութիւնն է մեծագոյն վտանգը:

 

 

 

 

Նախորդը

Բնակարան Գնելու Եւ Մինչեւ 100.000 Ամերիկեան Տոլարի Փոխատուութիւն Ստանալու Կարելիութիւն

Յաջորդը

Ով Մոռանայ…

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.