Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ով Մոռանայ…

March 10, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐԳԱՐԻՏԱ ՄԱՄԻԿՈՆԻ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ

Արամ Հայկազը պաշտպանական ճառի փոխարէն` «Ազդակ»-ի 1970 թ. յունիսի 24-ի համարում տպագրել է «Եթէ կարենայի հոտ ըլլալ» յօդուածը.

«Վիրաբուժական գործողութեան մը պատճառով, դեռ կէս մարդ եմ ու հաւանաբար չեմ կրնար օդանաւ մը ցատկելով` յուլիս 1-ին դատավարութեան ներկայ ըլլալ: Եթէ կարենայի այդ բանն ընել, դատավարութեան օրը պիտի գայի սրահ, նստէի առաջին կարգի նստարաններէն մէկուն վրայ, յարմար առիթով մը մատս վերցներով` խօսք պիտի խնդրէի պարոն նախագահէն կամ դատաւորէն, ներկայացնէի ես ինծի` իբրեւ ամբաստանութեան տակ եղող յօդուածին հեղինակը ու խնդրէի թոյլտուութիւն, որ երդման տակ կեանքիս երեք օրերուն պատմութիւնը ընեմ դատարանին մէջ:

«Պարո՛ն դատաւոր, – պիտի ըսէի պաղատագին,- տասը րոպէ, միայն տասը րոպէ ժամանակ տո՛ւր ինծի, որ խօսիմ ձեր ու ներկաներուն առջեւ:

«Ու եթէ խնդրանքս լսուէր, պիտի ըսէի.

«-Խնդրեմ` բերէ՛ք եօթը անգամ եօթը Աստուածաշունչ, որ ձեռքս վրան դրած` խօսիմ, որ հաւատաք, որովհետեւ ինչ որ պիտի ըսեմ, իբրեւ մարդ, բանականութիւն ու սիրտ ունեցող մարդ` չէք կրնար հաւատալ:

«Ու պիտի ըսէի. հազար ինը հարիւր տասնեւհինգ` գարնանավերջն էր, հաւանաբար` յունիս ամսու 29-րդ օրը, երբ մեզ ճամբայ հանեցին մօտակայ գիւղը` մեր ծանօթներուն եւ ազգականներուն մօտ տանելու անունով, բայց ճամբան սուիններով ստիպեցին ուղղութիւնը փոխել ու անցնիլ զօրանոցին առջեւէն, ուր մեզ վերստին քննութենէ անցուցին ու ինձմէ երկու տարու մեծ եղբայրս վար դնելով` գնդակահարեցին: Իրենցմէ տասը քայլ հազիւ հեռացած էինք, երբ պատահեցաւ այդ արարքը, ու մայրս ցաւէն ու կսկիծէն քիչ մնաց ուշաթափուէր: Վեց ժամ անընդհատ քալեցինք լեռներու եւ բլուրներու վրայէն, մինչեւ որ արեւը մար մտաւ: Յետմնաց կին մը, որ կը բողոքէր, թէ ա՛լ չի կրնար քալել, «Աղէ՛կ, հոս նստէ՛ ու հանգչէ՛» ըսելով` թոյլատրեցին, որ նստի: Ու մինչ ան կ՛օրհնէր արտօնողները, ժանտարմ մը կռնակէն գնդակահարեց զայն: Մահը եղաւ վայրկենական ու առանց տառապանքի: Կ՛ընդունիմ, թէ գթութեան արարք էր այս…

«Գիշերեցինք ձորի մը մէջ: Կէս գիշերին քանի մը զէնք արձակեցին ու եկան ըսել մեզի, թէ «կողոպտիչներ էին եկած ու զանոնք վռնտեցինք: Ձեր երախտագիտութիւնը ցոյց տալու համար յարմար չէ՞, որ հանգանակութիւն մը ընելով` մեզի տաք…»:

«Տուինք, մինչեւ որ բաւականացան:

«Յաջորդ օրը` կէսօրէ առաջ, Աղուանիս հասանք: Մեզ գիւղ չմտցուցին, լեցուցին ոչխարներու մակաղատեղիի մը մէջ ու մէկիկ-մէկիկ դուրս բերելով` վրանիս խուզարկեցին ու առին, ինչ որ ունէինք թանկարժէք: Գիշերը ճրագով մտան մեր մէջ ու 12 աղջիկ զատելով` տարին հետերնին: Առաւօտուն զանոնք ետ բերին մահու չափ տժգունած ու լացէն ուռած աչքերով: Չգիտեմ` անոնց վիճա՞կն էր աւելի խղճալի, թէ՞ իրենց մայրերունը: Ժամէ մը հասանք Չոպանլը գիւղը, որուն կեդրոնէն գետակ մը կ՛անցնէր, ու գետակին վրայ կամուրջ մը կար: Գիշերը տարուած ու ետ բերուած աղջիկներէն մէկը ինքզինք կամուրջէն նետեց վար, բայց որովհետեւ ջուրը խորունկ չէր, չխեղդուեցաւ: Բայց իր գանկը ջախջախուեցաւ քարի մը վրայ, ու իր արիւնը կարմիր լայն երակի մը պէս խառնուեցաւ ջուրին: Թուրք կիները անոր մարմինը դուրս բերին ջուրէն ու մերկացնելով` հագուստները առին: Դիակը ձգեցին ափի մամռապատ քարերուն վրայ: Վերէն` կէսօրուան պայծառ արեգակին տակ, մարմարէ արձանի մը նման էր այդ մարմինը: Լաւ մը նայեցայ անոր, որովհետեւ 15 տարեկան էի ու մինչեւ այդ թուականը 15-16 տարեկան աղջկան մերկ մարմին չէի տեսած:

«Կամուրջին միւս կողմը մեզի խառնեցին Կիրասոնէն բերուած գաղթականներու կարաւան մը: Անոնց մէջ ծերունիներ ու երիտասարդ այր մարդեր ալ կային: Ոստիկաններէն մէկը իր ձիուն վրայէն գնդակահարեց կիրասոնցի երիտասարդներէն մէկը, ու ան ինկաւ կռնակի վրայ` ցորենի արտի մը մէջ: Երբ իր քովէն կ՛անցնէի, տեսայ, որ իր վիզէն հոսող արիւնը սրտի ամէն բաբախումի հետ գնդակի ծակէն դուրս պոռթկում մը կ՛ունենար:

«Իրիկուան դէմ Թիւմէքէր հասանք: Գիւղէն դուրս` խոզանի մը մէջ թոյլատրեցին, որ փռուինք հողին վրայ ու հանգչինք: Նոյնիսկ թոյլատրեցին, որ գիւղին մէջ յորդող զով ջուրի աղբիւրն երթանք ու լուացուինք, խմենք, վրանիս հոգի գայ: «Տեղացի բազմաթիւ կիներ, աղբիւրին շուրջ հաւաքուած, մեզ կը դիտէին: Անոնցմէ մէկը հաւնեցաւ ինծի ու ըսաւ, որ եթէ միւսլուման ըլլամ, կ՛որդեգրէ զիս: Ուրախացայ ու մօրս մօտ վազելով` տուի բարի լուրը: Ան արդէն պատուիրած էր, որ աչքս լայն բանամ ու պատեհութիւն մը ներկայանալու պահուն` իսլամանամ, ազատիմ:

«Վարդան զօրավարն ալ ժամանակաւորապէս ուրացաւ իր կրօնը, բայց Աստուած մեղք չհամարեց այդ ուրացումը,- ըսաւ ան ինծի օր մը առաջ:- Կը տանին մեզ ոչնչացնելու, արտասահման եղբայրներ ունիս, օր մը կը գտնես զանոնք:

«Բաժանումը եղաւ սրտակեղէք ու դժուար. զիս գրկած` կ՛օրհնէր ու կու լար…

«Երկու տարի ետք ստուգեցի, որ զայն ու մեր ընտանիքի միւս 11 անդամները թափեր էին Ակնայ առջեւէն հոսող Եփրատ գետը:

«Ես իսլամի անունով աւելի քան երեք տարի ապրեցայ Թուրքիոյ մէջ` թուրքերու եւ քիւրտերու մօտ ու հետ:

«Նպատակս այդ տարիներուն անցուցած կեանքիս ու օրերուս մասին խօսիլը չէ, կը բաւէ ըսել, թէ շատ լաւ ու վատ մարդոց հանդիպեցայ, ու երբ Առաջին Ընդհանուր պատերազմի զինադադարը կնքուեցաւ ու շնչելու հնարաւորութիւն ստեղծուեցաւ, փախչելով` հասայ Պոլիս, որ Դաշնակից բանակի գրաւման տակ կը գտնուէր այդ օրերուն: Հոն` Պոլսոյ մէջ էր, որ հանդիպեցայ ինծի նման հազարներու: Ամէն անգամ, որ քով քովի կու գայինք, մեր խօսակցութիւնը անպայմանօրէն կը դառնար տարագրութեան ընթացքին մեր ապրած օրերուն եւ դժուարութեանց վրայ: Այս ձեւով շատ բան եմ լսած, բայց կ՛ուզեմ անոնցմէ միայն մէկ հատը պատմել հոս… Ու ահա՛ կը զգուշացնեմ անոնց, որ թոյլ սիրտ ունին, թող ձգեն այս սրահը ու ելլեն դուրս…

«Պատմողը 65 տարու կին մըն է. «Անապատ հասանք ինը հոգիով: Երկու շաբաթը չլրացած` մնացինք միայն ես եւ ութ տարու թոռնուհիս: Բան մը չունէինք: Հրաշքով ձեռք անցուցած փսիաթի կտոր մը ցերեկը շուք կ՛ընէր մեր վրայ: Հալած, մաշած կմախքներու էինք վերածուած: Գիտէի, թէ մահը մօտ էր երկուքիս համար ալ, բայց չէի գիտէր, թէ ի՞մ, թէ՞ ոչ թոռնուհիիս առաջ մեռնիլը խնդրելու էի Աստուծմէ… Ան վերջին սրտահատորս էր, ու կը դողայի վրան, ու բնական էր` չէի ուզէր կորսնցնել, բայց առաջ ես մեռնելու պարագային ո՞վ տէր պիտի ըլլար անոր…

«Այն օրերուն վրանաքաղաքին մէջ լուր էր տարածուած, թէ կարգ մը մարդեր իրենց մեռելները եփելով` կ՛ուտեն: Կը սարսափէի` մտածելով, որ մենք ալ պէտք է այդպէս ընենք, եթէ կ՛ուզենք դեռ ապրիլ… Բայց թոռնուհիիս բան չէի ըսած, իսկ ան, շուքին տակ պառկած, գիտէի, թէ իր վերջին օրերը կ’ապրէր: Իրիկուն մը գլխով նշան ըրաւ, որ իրեն մօտենամ. ծռեցայ վրան ու գուրգուրանքով իր գանկը առի ափերուս մէջ.

«- Մեծ մայրիկ,- ըսաւ մեծ ճիգով մը,- երբ ես մեռնիմ, մարմինս մէկուն մի՛ տար, դուն մինակդ կեր…»:

«Պարո՛ն դատաւոր ու յարգելի՛ հանդիսականներ, ես վերջացուցի: Հիմա կը յուսամ, թէ կը հասկնաք, թէ ինչո՞ւ չենք կրնար մոռնալ 1915 թուականն ու թուրքը…»:

Արդէն 110 տարի հայութիւնը փորձում է արթնացնել աշխարհի քնած խիղճը… Մեր օրերում կատարւում է ամենասարսափելին` մեզանում կան ու մոլախոտի պէս բազմանում են թուրքի բարբաջանքները կրկնողները… Պատճառը լաւ թաքցրած, բայց ակնառու չիմացութիւնն է, եթէ մի պահ մոռանանք բանական մարդու երեւակայութեան սահմաններում չտեղաւորուող շահամոլութիւնը:

Շապինգարահիսարցի Արամ Հայկազի «Նշանածս կ՛ըսէ, որ…» պատումի հայ հերոսուհին` «Ես այդ բոլորէն լուր չունէի…» չքմեղանքով փորձում է պաշտպանուել պատմական ճշմարտութիւնը ոչ միայն իմանալու, այլ նաեւ հարկ եղած դէպքում ներկայացնելու պարտադրանքից, երբ ստիպուած է լսել օտարազգի նշանածի մեղադրանք-կշտամբանքը. «Ի՞նչ տեսակ մարդիկ էք դուք` հայերդ, գացիք ու ոչխարի հօտերու պէս ջարդուեցաք…»:

Գրողը խրատում է երիտասարդ հայուհուն`

Ա) «Նախ` կ՛ըսես, որ ո՛ւր որ հնարաւոր էր, կռուեցանք: Վախկոտներ չենք: Մեր ազգային պատմութիւնը ապստամբութեան մը նկարագրականով կը սկսի…»:

Բ) «…Անոնք պետական մեքենայ, բանակ, կազմակերպութիւն, թնդանօթ, այլ միջոցներ ու անհատնում ռազմանիւթ ունէին… Մեր ինչո՞ւն դէմ…»:

Գ) «Երկիրը պատերազմի մէջ էր, ու երիտասարդութիւնը տարուած էր, կանչուած էր բանակ` իր քաղաքացիական պարտականութիւնը կատարելու:

Բոլոր աչքի ինկող դէմքերը կեղծ ու պատիր ամբաստանութիւններով բանտ էին նետուած կամ կախաղան հանուած: Մնացած էինք անգլուխ»:

Դ) «Աւելի՛ն կայ. կարաւանի ճամբաներուն, անցած ու անցնելիք ուղիներուն վրայ ամէն օր ու օրը քանի մը անգամ կը հանդիպէինք բիրերով, եաթաղաններով, նոյնիսկ մանգաղներով զինուած խուժաններու, որոնք առիթի կը սպասէին վրանին թափուելով` յօշոտելու զանոնք: Ժանտարմաներն էին, որ անոնց գլխուն վրայէն քանի մը գնդակ նետելով` ետ կը կեցնէին զանոնք իրենց ծրագիրը իրագործելէ: Քիչ անգամներ չէր, որ երախտագիտական զգացումով լեցուած ենք դէպի մեր ուղեկիցները: Ճշդեմ նաեւ, թէ հետագային պարզ եղաւ մեզ համար, թէ երեւութապէս մեզ պաշտպանելու համար գործուած այդ արարքները գործուած էին պարզապէս շահախնդրութէամբ` աւարը իրենց վերապահելու մտահոգութեամբ»:

Է) «Յետոյ կար նաեւ այն պարագան, որ մենք բնաւ չկասկածեցանք, թէ մեզ սպասողը ամբողջական բնաջնջումն էր: Պատմութեան մէջ թիմուրներ ու ալփասլաններ գիւղեր ու քաղաքներ սրբած են երկրի երեսէն ու անոնց բնակչութիւնը` սուրէ անցուցած, գերած, բայց ցեղ մը ամբողջութեամբ չէ բնաջնջուած բնաւ: Նոյնիսկ մինչեւ այդ թուականը բառարաններուն մէջ «ցեղասպանութիւն» բառը գոյութիւն չունէ՜ր… Մենք` հայերս, հակառակ որոշ նշաններու, չկրցինք գուշակել, թէ կացինը այս անգամ մեր արմատին էր ուղղուած…

«Դարերով, դարերով` ամէն 20-25 տարին անգամ մը, թուրքերը կոտորած են մեզ ու թալանի տուած մեր գոյքը: Ենթադրեցինք, թէ այս անգամ ալ, մեր պարտէզն ու այգին մտնելով, քիչ մը պիտի ջարդեն մեր ճիւղերը, ու երբ իշխանութիւնները բաւ համարեն, պիտի տան «դադրեցուցէ՛ք»-ի հրամանը»:

Զ) «Մեր առաջաւոր դէմքերէն ոմանք փոթորիկի առաջին նշաններուն հետ միջոցներ ունէին` արտասահման անցնելով իրենց կաշին փրկելու, բայց, ի պատիւ իրենց, չփախան: Մնացին ժողովուրդին հետ ու նահատակուեցան. խորհեցան, թէ իրենք զիրենք մատաղ տալով` թերեւս յաջողին փրկել զանգուածները…

«Ուրիշ խօսքով, ազնուական հայ ժողովուրդին համար անըմբռնելի եղաւ, թէ մարդկային միտքը կրնայ նման անմարդկային դաւ մը յղանալ ու գործադրութեան դնել, եթէ նոյնիսկ այդ միտքը թրքական միտքն է…»:

է) «Թուրքիան ընկճելու, հայոց հանդէպ իր ծրագրած ահաւոր դաւին համար զայն պատժելու շատ աւելի ազդեցիկ միջոցը կար. ազդեցիկ ու դիւրին միջոցը, բայց այդ վերջին ու յուսահատ միջոցին դիմելու համար պէտք էր, որ լիովին տեղեակ ըլլայինք հայաջինջ ծրագրին ամբողջութեան. այն ատեն թերեւս չվարանէինք ու անցնէինք գործի` Թուրքիան մէկ ծայրէն միւսը վառելու գործին: Անիծապարտ այդ երկրին ո՛ր մէկ անկիւնին մէջ հայ չկար որ… Հայոց ընելիքը որոշ թուականի մը ամէն տեղ, ամէն քաղաքի ու գիւղի մէջ իր տունէն, պալատէն, գոմէն կամ հասուննալու վրայ եղող արտէն կրակ մը սկսիլն էր: Մոռնանք, թէ համայնատարած հրդեհ մը սահմանափակ միջոցներով զսպել անկարելի է, այլեւ թուրքեր կրակ մարել չեն կրնար, չեն գիտէր:

«Այդպէս չեղաւ: Սխալած էինք: Ահաւո՛ր կերպով սխալած»:

Սա Շապին Գարահիսարի հերոսամարտի մասնակից Արամ Չէքեմեանի ցաւոտ անդրադարձն է 1915-ի ողբերգութեանը:

Արամ Հայկազի այս պատումի արձագանգն է Վահէ Գիւլեսերեանի (1894-1970)` «Թէ ինչպէս ջարդուեցանք «ոչխարներու պէս» (Արամ Հայկազի «Նշանածս կ՛ըսէ…» յօդուածի մասին)է խոհագրութիւնը :

Բ. Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ հզօր բանակ ունեցող քանի՜ երկիր ու ժողովուրդ հաշուած օրերում կամ շաբաթներում յայտնուեցին ֆաշիստների լծի տակ, համակենտրոնացման ճամբարներում քանի՜ միլիոն մարդ նահատակուեց: Ընդամէնը 20-25 տարի առաջ Թուրքիայում կատարուածը մնաց մարդկութեան խղճի վրայ, աւելի՛ն, անգամ մեր օրերում յաճախ են յիշատակում 1939-1945-ի նախճիրը` հպանցիկ յիշատակելով կամ բոլորովին անտեսելով հայութեան ցեղասպանութիւնը: Աւելի՛ն. 2023-ին Արցախում կատարուածը հաստատեց` մարդկութիւնը, յիշողութիւնից բացի, կորցրել է նաեւ տեսնելու եւ կատարուած ողբերգութիւնից դաս քաղելու ունակութիւնը: Ամենասարսափելին անզիղջ յամառութեամբ իրականութիւնը ժխտելն է, զոհին եւ ոճրագործին փոխատեղելը, յամառ տգիտութեամբ զոհերին մեղադրելը:

Հայի` բնօրրանում ապրելու բնածին իրաւունքը պաշտպանելու համար Շապին Գարահիսարի բերդը բարձրացած, շաբաթներ շարունակ թուրքական կանոնաւոր զօրքին ու խուժանին դիմադրելուց յետոյ անձնատուր եղած մարդկանց մեղադրելը:

Գիտեմ` մեր օրերում Ցեղասպանութիւնն ուրացողներին այս ամէնը ոչինչ չի սովորեցնելու. ստում են եւ շարունակելու են ստել, աղաւաղել ու խաղաթիւրել ամէն ինչ` յիշողութիւն, պատմութիւն, ներկայ ու անցեալ…

Գուցէ Շապին Գարահիսարի հերոսական դիմադրութեան մասնակից, Եղեռնի` դէպի անյայտութիւն տանող ճամբաներով անցած Արամ Հայկազի գրաւոր վկայութիւնը ինչ-որ բան կարող է փոխել…

Յուսամ…

 «Դրօշակ» թիւ 1, 2026 
(Շար. 2 եւ վերջ)

(Շար. 1)

Նախորդը

Ժողովրդավարութիւնը Ընդդիմութեամբ Կը Շնչէ

Յաջորդը

21-րդ Դարու Ուսուցիչը Ալկորիթմներու Եւ Մարդկայինութեան Միջեւ⁷

RelatedPosts

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.