Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Հայ Կնոջ Վերապահուած Առաքելութիւնը Աւելի Քան Սուրբ Է (Կիներու Միջազգային Օրուան Առիթով)

March 7, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Հարազատի մը այն նկատողութիւնը, թէ Կիներու միջազգային օրը` 8 մարտ, հայ մամուլի էջերուն այդքան ալ լայն արձագանգ չի գտներ կամ ալ` ընթացիկ քանի մը մտքեր բովանդակող գրութիւններ լոյսին կու գան, պարզապէս յիշատակելու եւ ըստ պատշաճի գնահատելու այս օրը, հաւանաբար տեղին է ու մտածումի առաջնորդող  մտահոգութիւն:

Այո՛, մտածումի առաջնորդող` մեկնած այն մտահոգութենէն, որ հայ մայրը, քոյրը, կողակիցն եւ ընդհանրապէս կանայք, յատկապէս վերջին տասնամեակներուն այդքան ալ ըստ արժանւոյն չեն գնահատուիր, ոչ թէ անոր համար, որ շրջապատը չի գիտեր կամ չ՛ուզեր, այլ պարզապէս ընդունուած է ըսել, որ հայ կնոջ դերն ու տեղը անփոխարինելի են, իսկ առաքելութիւնը` սուրբ:

Մեր պարագային դարեր շարունակ այս հասկացութիւնը տիրապետող է եղած ու կը շարունակուի մինչեւ մեր օրերը:

Ի դէպ, այս մօտեցումին մէջ ճիշդ ու սխալի հարց պէտք չէ տեսնել, կամ` զայն ընթացիկ, սովորական մէկ արտայայտութիւն նկատել, որովհետեւ հայ ժողովուրդը` իբրեւ քաղաքակիրթ ու մշակութանուէր առանձնայատկութիւն ունեցող ազգ, միշտ ալ ի սրտէ եւ ամբողջական նուիրումով գնահատած է հայ կանայք, որոնք պատմութեան տարբեր փուլերուն անշրջանցելի դերակատարութիւն ունեցած են ու գերազանցած  իրենք զիրենք:

8 մարտ:

Ճիշդ է, որ 20-րդ դարուն էր, որ կիները ստացան իրենց իրաւունքին մէկ բաժինը, երբ միջազգային հասարակութիւնն ու պետութիւններ փորձեցին օրէնքներ մշակել յանուն կին արարածի զարգացման, բարգաւաճման եւ բարօրութեան:

Յայտնապէս այդ իրաւունքին տիրանալու համար աշխարհով մէկ կանայք մղեցին անդուլ պայքար եւ ցոյց տուին պահանջատէրի ամուր կեցուածք:

Ու եկաւ այն ժամանակը, որ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն հնչեցին կիներու իրաւունքի պաշտպանութեան օրէնքներ, որոնցմով ճամբայ հարթուեցաւ` ունենալու աւելի լայն լիազօրութիւն, արդարադատական օրէնքներ եւ համահաւասար իրաւունք:

Միւս կողմէ, սակայն, մտահան պէտք չէ ընել նաեւ այն, որ 21-րդ դարուն իսկ ողջ մարդկութիւնը ցարդ ականատես է, կ՛ապրի կիներու նկատմամբ գործադրուած անարդարութիւններու, ոճիրներու, բռնաբարումներու եւ անտեսումներու:

Ընդունուած է ըսել, որ այր մարդու կողքին կնոջ ներկայութիւնը իր տպաւորիչ նեցուկով եւ հմայիչ գեղեցկութեամբ աւելի քան էական է` ընտանիքի մը ամրութիւնը անսասան պահելու եւ կիրթ սերունդներ դաստիարակելու:

Վերջին հարիւրամեակին ամբողջ մարդկութիւնը ականատես եղաւ կիներու յեղափոխիչ եւ արժանավայել կեցուածքներուն եւ բազում ոլորտներու մէջ արագասոյր ոստումներու:

Իրօք, այր մարդուն զուգահեռ, կինը յաջողեցաւ գրաւել ակադեմական բարձր ամպիոններ, նուաճումներ արձանագրեց գիտական աշխարհին մէջ եւ արժանացաւ բոլորին գնահատանքին:

Այսօր պետական բարձրաստիճան պաշտօններու վրայ կանգնած կանայք կը կատարեն պատուաբեր աշխատանք: Ներկայ ժամանակներուն սովոր է հանդիպիլ կին  նախագահի, նախարարի, երեսփոխանի, սպայի ու ղեկավարի, որոնք անվրէպ կը գործեն, կ՛առաջնորդեն եւ կը ստեղծագործեն:

Վերադառնալով մեր ածուին:

Արդար է ընդգծել, որ հայ մամուլը չէ զլացած իր էջերը տրամադրել` կիներու, սիրոյ թէ մայրերու տօնին առիթով կազմակերպուած հանդիսութիւններու եւ միշտ թիկունք է կանգնած անոնց նուիրական աշխատանքին:

Հայ կնոջ սլացիկ գեղեցկութեան հիմքը անոր մտային, բարոյական, նուիրումի եւ զոհողութեան պահուածքն է, որով ան կրցած է պահել իր իգականի արժանիքն ու այր մարդու կողքին ըլլալու խոր գիտակցութիւնը:

Հայ կնոջ վայելուչ եւ առաքինի կերպարին մենք ականատես ենք ամէնուրեք: Ան` շնորհիւ իր գիտական պատրաստութեան եւ նախանձախնդիր կեցուածքին, կրցած է իր ներկայութիւնը պարտադրել եւ ստանձնել բարձրաստիճան պաշտօններ:

Հայ կինը, իր կողակիցի ու մայրական պարտաւորութեան առընթեր, կը փորձէ կանգուն եւ բարօր պահել իր ընտանեկան բոյնը` ցոյց տալով իր ներուժին ու կամքին հնչեղութիւնը: Անոր կը հանդիպինք գրեթէ բոլոր ասպարէզներուն մէջ, միշտ կայտառ եւ ընդունակ իր լաւագոյնը տալու, փոխանցելու:

Բացմիտ հայ կնոջ կերպարը պէտք չէ առնչել լոկ սեռայնութեան, բնազդային հակումներու թէ արդի կեանքի պարտադրած նորաձեւութիւններու, որովհետեւ հայ կնոջ վերապահուած սրբազան առաքելութիւնը առանձնակի նշանակութիւն ունի հայ օճախի հարազատութիւնը պահելու եւ կենսունակութիւնը ապահովելու:

Սա չի նշանակեր երբեք, որ ան հեռու մնայ նորարար կեանքի բարիքներէն եւ հրապուրելու իրաւունքէն, այլ ընդհակառակը` պէտք է օգտուի արդի կեանքին ընձեռած վայելուչ ապրելու կարելիութենէն:

Հայ կնոջ ներդրումը մեր կեանքի առաւել բարելաւման մէջ` անփոխարինելի է, որովհետեւ ան իր կողակիցի վայելչութեամբ եւ մայրական հոգատարութեամբ միշտ ալ ապաւէն է եղած ու փոխադարձ սիրոյ խորհրդանիշ:

Ձեր տօնը շնորհաւոր:

 

 

Նախորդը

Շնորհակալական Խօսք

Յաջորդը

8 Մարտ` Կիներու Միջազգային Օր⁶

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.