Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ֆորմիւլա 1». Այս Շաբաթավերջին Մելպուռնի Մէջ Կը Սկսի Տարեշրջանը

March 6, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի առաւօտեան ժամը 6:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) կը սկսի այս տարուան «Ֆորմիւլա 1»-ի տարեշրջանը, որ պիտի բացուի Մելպուռնի (Աւստրալիա) մէջ եւ աւարտի Ապու Տապիի մէջ 6 դեկտեմբերին:

Ինչպէս նշեցինք, այս տարի անակնկալ տարի մը կրնայ ըլլալ, ուր «Էֆ. Այ. Էյ.»-ի նոր օրէնքներուն հիման վրայ ինքնաշարժները ամբողջովին փոփոխութիւններ կրած են, եւ մեքենաներուն ուժը 50 տոկոս վառելանիւթի, իսկ միւս 50 տոկոսը բարդերու պիտի վստահուի: Ինքնաշարժները 20 սմ աւելի կարճ եւ 10 սմ աւելի նեղ են` 30 քկ աւելի թեթեւ կշռելով: Նոր օրէնքներով աւելի դիւրին կրնայ ըլլալ իրար գերազանցելը: Ճիշդ է, որ աւելի դանդաղ պիտի ըլլան նախորդ տարիներէն մօտ 2 երկվայրկեան (1 շրջանի վրայ), բայց ըստ «Էֆ. Այ. Էյ.»-ի կարեւորագոյն բանը վարորդներուն ապահովութիւնն է:

24 կրան փրիներուն պիտի մասնակցին 11 խումբեր, որոնց շատ կարճ ժամանակ յատկացուեցաւ պատրաստութեան համար, եւ անցեալ ամիս Պահրէյնի մէջ 2 փորձերը ճիշդ ձեւով չեն արտացոլեր խումբերուն վիճակը:

Անցեալ տարուան խմբային ախոյեան «Մաքլարեն» իր առաջին փորձերուն Պարսելոնայի մէջ բաւական լաւ արդիւնք արձանագրեց, բայց Պահրէյնի փորձերուն վերջին օրը ետ կը մնար «Մերսետես»-էն, «Ռէյսինկ Պուլզ»-էն եւ «Հաաս»-էն:

Վարորդները` անցեալ տարուան ախոյեան Լանտօ Նորիս եւ Օսքար Փիասթրի լաւատես են, որովհետեւ լաւ ըլլալը կամ արագ ըլլալը բաւարար չէ, որ ինքնաշարժը կայուն մնայ ամբողջ մրցումին ձեռք ձգեց Պարսելոնայի եւ Պահրէյնի մէջ: Շարլ Լըքլեր եւ Լուիս Համիլթըն վերջապէս յաջող տարեշրջան մը կրնան ունենալ:

«Ուիլիամս» 11 ինքնաշարժներու խումբերէն ամէնէն ուշ սկսողն էր եւ նոյնիսկ չկրցաւ պատրաստ ըլլալ Պարսելոնայի փորձերուն: Պահրէյնի մէջ ինքնաշարժը «Մաքլարեն»-ի հետ առաւելագոյն շրջանները կատարեց եւ բաւական յաջող էր, կը մնայ աշխատիլ ինքնաշարժին ծանրութեան վրայ, որ քիչ մը աւելի է մրցակիցներէն:

«Ռէյսինկ Պուլզ» անշուշտ «Ռետ Պուլ»-ի պահեստի խումբը ըլլալով իր կարգին պիտի օժտուի «Ֆորտ» մեքենաներով, եւ փորձերուն, թէ՛ Պարսելոնայի, թէ՛ ալ Պահրէյնի մէջ բաւական յաջող շրջաններ ունեցաւ Լիամ Լոսընի եւ Արվետ Լինտպալտի հետ, որ իր առաջին տարեշրջանը պիտի կատարէ «Ֆորմիւլա 1»-ի աշխարհին մէջ:

Ասթոն Մարթին հաւանաբար ամէնէն վատ արդիւնքները ձեռք ձգող խումբն էր, բայց ըստ Ֆեռնանտօ Ալոնսոյի եւ Լանս Սթրոլի արդիւնքները կրնան բարելաւուիլ տարեշրջանի կէսերուն:

«Հաաս» բաւական լաւ արդիւնք ձեռք ձգեց մանաւանդ Պահրէյնի փորձերուն, ուր 390 շրջաններ կատարեց կայուն ձեւով ետ մնալով միայն «Մաքլարեն»-էն, «Ուիլիամս»-էն եւ «Ֆեռարի»-էն: Էսթեպան Օքոն եւ Օլիվըր Պերմըն ամերիկեան ընկերութեան ինքնաշարժէն գոհ են եւ յոյս ունին պայքարելու «Ալփին»-ի եւ «Ռէյսինկ Պուլզ»-ի հետ` միջին դիրքերու համար:

«Աուտի» քիչ մը անկայուն պարտութեան փորձեր

ունեցաւ` փոխարինելէ ետք «Քիք Սաուպըր»-ը: Թեքնիք հարցերով շատ շրջաններ չկատարելով, գերմանական խումբը Պահրէյնի մէջ աւելի լաւ էր, ուր վարորդներ Նիքօ Հուլքենպերկ եւ Կապրիէլ Պորթոլեթօ գիտեն, որ լաւ աշխատանք պէտք էր տարուէր` լաւ ձեւով սկսելու համար տարեշրջանը:

Ալփին, որ 2025-ին վերջին դիրքը գրաւած էր, կանուխ սկսած էր աշխատելու 2026-ի ինքնաշարժին վրայ, եւ Պարսելոնայի առաջին օրուան ձախողութիւններէն ետք երկրորդ օրը շատ աւելի լաւ արդիւնք ձեռք ձգեց: Պահրէյնի մէջ մանր հարցեր ծագեցան, բայց վարորդներ Ֆրանքօ Քոլափինթօ եւ Փիեռ Կասլի յոյս ունին, որ բաւական լաւ արդիւնք կրնան ձեռք ձգել այս տարեշրջանին:

«Քատիլաք», որ իր առաջին տարեշրջանը պիտի կատարէ «Ֆորմիւլա 1»-ի աշխարհին մէջ, անակնկալ ձեւով պատրաստ էր Պարսելոնայի եւ Պահրէյնի փորձերուն, ուր փորձառու վարորդներ Վալթերի Պոթաս եւ Սերխիօ Փերես յոյս յայտնեցին, որ արդիւնքները հետզհետէ բարելաւուին տարեշրջանի յաջորդող կրան փրիներուն:

Այժմ ոչ մէկ խումբ հաստատօրէն թեկնածու կը նկատուի, մանաւանդ որ նոր փոփոխութիւններով, ինքնաշարժի լաւ ըլլալու կողքին վարորդներուն վարպետութիւնն ալ շատ կարեւոր պիտի ըլլայ, մանաւանդ երբ յաւելեալ ուժ ունենալու համար վարորդը պէտք է որոշէ ե՛րբ բարդի ուժին վստահիլ եւ ե՛րբ պահել ուժերը եւ վերստին լեցնել բարդը, որ կը լեցուի ամէն անգամ, որ վարորդը գործածէ իր արգելակը (ֆրեն):

Հետաքրքրական, բայց աւելի դանդաղ տարեշրջան մը մեզ կը սպասէ, եւ առաջին անգամն ըլլալով կրնանք տեսնել նոր ինքնաշարժները այս կիրակի` Մելպուռնի մէջ:

Նախորդը

«Լոյսով` Լոյսին» Խորագիրով. Հայաստանի «Կամերային պետական նուագախումբ»-ի Բարձրորակ Համերգը

Յաջորդը

Արթուր Միրանեան Հասաւ Երեւան

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.