Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս.- «Միջին Արեւելքի Համայնքներու Անվտանգութիւնը Առաջնահերթ Հրամայական Է Բոլորիս Համար»

March 4, 2026
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ գիշեր ուշ ժամուն, Երեքշաբթի, 3 Մարտ 2026-ին, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հեռաձայնային խօսակցութիւն ունեցաւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի անդամ թեհրանաբնակ Յովսէփ Աւետեանի հետ։ Վերջինը անհրաժեշտ տեղեկութիւններ փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին` Իրանէն ներս տիրող ներկայ կացութեան ընդհանրապէս եւ հայ համայնքին մասին մասնաւորաբար։ Տրուած տեղեկութիւններուն համաձայն, հայ համայնքը մարդկային կորուստ չունի, այլ` միայն նիւթական թեթեւ վնասներ։ Թեմական ու համայնքային պատասխանատուները մօտէն կը հետեւին կացութեան զարգացումներուն, երիտասարդական խումբեր կը շրջին հայ թաղերէն ներս` պատրաստ օգտակար ըլլալու ընտանիքներու կարիքներուն։

Երէկ գիշեր Նորին Սրբութիւնը նաեւ կապ հաստատեց Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Արք. Սարգիսեանի հետ։ Սրբազան հայրը որոշ տեղեկութիւններ փոխանցեց Հայրապետին յիշեալ շրջաններու կացութեան մասին։ Մարդկային զոհեր ու նիւթական վնասներ չկան։

Քիչ առաջ նաեւ կապ հաստատուեցաւ Քուէյթի թեմական ու համայնքային պատասխանատուներուն հետ։ Քուէյթէն ներս եւս որեւէ ձեւով հայ համայնքը վնասի չէ ենթարկուած։

Բնականաբար բոլոր շրջաններուն մէջ կը տիրեն ընդհանուր անապահովութիւն, անորոշութիւն ու մտավախութիւն։ Մեր կրթական կառոյցները կը մնան փակ եւ առցանց կը կատարուին դասաւանդութիւնները։ Նորին Սրբութիւնը թելադրեց բոլոր շրջաններու պատասխանատուներուն առաւելագոյն չափով հեռու պահելու մեր համայնքները վտանգալից պայմաններէ եւ մօտէն հետեւելու մեր համայնքներու կարիքներուն ու մտահոգութիւններուն։

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը նաեւ հեռաձայնային խօսակցութիւն ունեցաւ Կիպրոսի հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի հետ եւ տեղեակ դարձաւ վերջերս Կիպրոսի անգլիական զինուորական կեդրոնին վրայ եղած յարձակումի մանրամասնութիւններուն։

Երէկ գիշեր, Հայրապետին նախագահութեամբ, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովը առցանց յատուկ նիստ գումարեց, որուն ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Միջին Արեւելքէն ներս ստեղծուած կացութիւնը եւ մեր համայնքներուն աջակցելու կարելիութիւնները։ Ժողովը յատկապէս անդրադարձաւ Լիբանանի ու Պէյրութի հարաւային շրջաններուն, ինչպէս նաեւ Պեքայի վրայ կատարուող իսրայէլեան յարձակումներուն եւ անոնց հետեւանքներուն։

Վեհափառ Հայրապետը կը շարունակէ մօտէն հետեւիլ զանազան շրջաններու մեր համայնքներու ընդհանուր կացութեան եւ անհրաժեշտութեան պարագային Cilicia TV-ն տեղեակ պիտի պահէ մեր ժողովուրդի զաւակները։

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Միջին Արեւելքի Հայ Գաղութներու Ներկայ Իրավիճակին

Յաջորդը

Հետաքրքրական. Նուագարանի Մը Պատմութիւնը Զուռնայ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.