Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն. «Ներկայ Փուլը Բոլորէն Կը Պահանջէ Ամբողջական Յանձնառութիւն Ազգային Պատասխանատուութեան Նկատմամբ Եւ Լիբանանի Գերագոյն Շահերը Ամէն Բանէ Վեր Դասել»

March 2, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն շաբաթ օր շրջանին մէջ հետզհետէ թափ ստացող զարգացումներուն եւ անոնց հաւանական հետեւանքներուն հետեւելու ծիրին մէջ կատարեց շարք մը հաղորդակցութիւններ, որոնք ներառեցին վարչապետ Նաուաֆ Սալամը, հանրօգուտ շինութեանց նախարար Ֆայեզ Ռասամնին, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Իսան եւ բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալը:

Ան նաեւ ուրբաթ օր խորհրդակցեցաւ խորհրդարանի նախագահին հետ:

Հանրապետութեան նախագահը շեշտեց, որ անհրաժեշտ է «Լիբանանը պաշտպանելու համար սահմանադրական տարբեր իշխանութիւններուն ու առնչակից ծառայութիւններուն բարձրագոյն աստիճանի պատրաստութիւնը եւ անոնց միջեւ համակարգումը»:

«Ներկայ նուրբ փուլը բոլորէն կը պահանջէ ամբողջական յանձնառութիւն ազգային պատասխանատուութեան, եւ Լիբանանի գերագոյն շահերը ամէն բանէ վեր դասել»:

Միւս կողմէ, հանրապետութեան նախագահը հեռաձայնեց ռմբակոծման ենթարկուած շարք մը արաբական երկիրներու ղեկավարներու` արտայայտելով իր եւ Լիբանանի ժողովուրդին դատապարտումը «յարձակումներուն, որոնք թիրախաւորեցին անոնց պետութիւններուն գերիշխանութիւնը, կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը»:

Նախագահը իր հաղորդակցութեան ընթացքին զօրակցութիւն յայտնեց «թիրախաւորուած եղբայրական պետութիւններուն եւ անոնց ժողովուրդներուն»:

Նախագահ Աուն հեռաձայնեց Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ Պըն Սալման իշխանին, Քուէյթի իշխան Մեշհալ Ահմետ Ժապեր Սուպահին, Քաթարի իշխան Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանիի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ Մոհամետ Պըն Զայետ Ալ Նահիանի եւ Պահրէյնի թագաւոր Համատ Պըն Իսա Ալ Խալիֆայի:

 

Նախորդը

Սալամ. «Բոլոր Լիբանանցիներուն Կոչ Կ՛ուղղեմ` Խոհեմ Ու Հայրենասէր Ըլլալու Եւ Լիբանանի Ու Լիբանանցիներուն Շահերը Դասելու Որեւէ Հաշիւէ Վեր»

Յաջորդը

Պաշտպանութեան Բարձրագոյն Խորհուրդը Կը Յայտարարէ. «Խաղաղութեան Եւ Պատերազմի Որոշումին Միակ Տէրը Պետութիւնն Է»

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.