Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մօրս` Ալիս Ոսկերիչեանի Յիշատակին

February 28, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԶԵՓԻՒՌ ՈՍԿԵՐԻՉԵԱՆ-ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Քառասուն օրեր առաջ մեզմէ առյաւէտ հեռացաւ կեանքն ու մարդիկ սիրող մայրս:

Համեստ ընտանիքի մը զաւակն էր, ծնած Հալէպ: Հայրը` ուսուցիչ եւ թղթակից «Արեւելք» օրաթերթի, հետագային ձեռնադրուած քահանայ` Վահան աւագ քահանայ Գրիգորեան: Մայրը` Սիրանուշ, որբանոցի մէջ հասակ առած  էր եւ յաճախ կը պատմէր մեզի տեղահանութեան իր դառն յիշողութիւնները:

Ժամանակ մը ընտանիքը ապրած է Լաթաքիա, ապա վերադարձած է Հալէպ, ուր մայրս ընտանիք կազմած է հօրս` Սուրէն Ոսկերիչեանին հետ: Քոյրս` Գայեանէն եւ ես, մանկապարտէզի աշակերտներ էինք, երբ մեր ընտանիքը Լիբանան հաստատուեցաւ: Շուտով կրտսեր եղբայրս` Հայկն ալ ծնաւ, եւ մեր ընտանիքը եղաւ ամբողջական:

Մեր տան ուրախ մթնոլորտը մանկութեանս ջերմագոյն յիշատակներէն է: Հայրս` լրջախոհ, սակայն սրամիտ ու կատակասէր, մայրս` կենսուրախ եւ ընկերային: Այսպիսով` մեր տունը միշտ լեցուն էր ազգականներով եւ բարեկամներով, յաճախ` ճոխ սեղաններու շուրջ, ուր մօրս ձայնը կը հնչէր ժողովրդային քաղցր երգերով: Երգերու շարանը  կը սկսէր «Սարի սիրուն եարով» եւ կ՛աւարտէր «Մենք անկեղծ զինուոր ենք» խմբերգով:

Երբ դաժան հիւանդութիւնը հօրս կեանքը խլեց, մայրս ամբողջ սրտով նուիրուեցաւ հոգածութեան իր վեց թոռնիկներուն, որոնք իր կեանքի իմաստն ու ուրախութիւնը եղան: Անոնց անդադար կը զուարճացնէր իր կատակներով ու խրատներով լեցուն պատմութիւններով` դառնալով անոնց ամենասիրելի մեծ մայրը:

Մայրս նոյն թափով մասնակցեցաւ միութենական աշխատանքներու: Արդէն ԼՕԽ-ական, ան շրջան մը վարեց ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղին ատենապետութիւնը, եւ իր կապը ԼՕԽ-ի ընկերուհիներուն հետ` որպէս երկրորդ ընտանիք, շարունակուեցաւ մինչեւ վերջ:

Իր բարեսրտութեամբ  եւ կարիքաւորին օգնելու ձգտումով` միշտ օգնութեան հասաւ շրջանի ընկերային տնտեսական դժուարութիւններ ունեցող ընտանիքներուն եւ յատկապէս` տարեցներուն, հարկ եղած պարագային նաեւ դիմելով  բարեսիրական հաստատութիւններու:

Մաս կազմեց Կաթողիկոսարանի Տիկնանց յանձնախումբին եւ այդ ճամբով իր ձեռագործի հմտութեամբ վերանորոգեց կաթողիկոսարանի թանգարանի քանի մը ծածկոցներ, որոնք այսօր ցուցադրուած են: Հոգելոյս  Գարեգին Բ. վեհափառին պատուէրով նաեւ գործեց Կիլիկեան զարդագորգ մը` որպէս ձեռագործ, որ նուիրուեցաւ Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. վեհափառին: Առ ի գնահատանք` վեհափառը մօրս յանձնած էր շնորհակալագիր մը, զոր ան կը պահէր մեծ հպարտութեամբ:

Մօրս կեանքի ամէնէն յատկանշական փուլը եղաւ մօրս անդամակցութիւնը ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի յանձնախումբին, որուն մաս կազմեց 30 տարիներ շարունակ: Այնտեղ առիթը ունեցաւ ձեռագործներու նկատմամբ իր սէրն  ու հետաքրքրութիւնը զարգացնելու: Մեծ խանդավառութեամբ կը խօսէր հայկական ասեղնագործերու մասին. կը սիրէր ծանօթացնել եւ սորվեցնել զանոնք գործելը մեր տունը այցելողներուն: Ամէն տարի կային երկու ամիսներ, երբ մեր տունը գոյներու փառատօնի կը վերածուէր, երբ Ձեռարուեստի յանձնախումբը իր տարեկան ցուցահանդէսը կը կազմակերպէր: Հեռաձայնը չէր դադրեր հնչելէ, նստասենեակը` ձեռագործի գոյնզգոյն դերձաններ, կտաւներ, զանազան օրինակներ, հրաւիրատոմսեր: Բոլորին կը պատուիրէր, որ ներկայ ըլլան ցուցահանդէսին եւ վայելեն հայկական ձեռարուեստը: Մենք կ՛ուրախանայինք` մօրս խանդավառութիւնը տեսնելով: «Մեր ձեռարուեստի կեդրոնը», «Մեր աշխատանոցը»` հարազատ արտայայտութիւններ էին մեզի համար:

Որքա՜ն կը փափաքէի տեսնել մայրս Ձեռարուեստի յանձնախումբի իր ընկերուհիներուն հետ բեմի վրայ. ծափահարէինք եւ գնահատէինք հայկական ժառանգութեան այս լուռ նուիրեալները, քաջալերելու համար  նոր սերունդը, որ շարունակէ  աւանդը:

Վերջին շրջանին, երբ միայն մօտիկ հարազատներ եւ զաւակները` յատկապէս եղբայրս Հայկը, իր յիշողութեան մէջ մնացած էին, ձեռագործները գանձի պէս կը պահէր իր մօտը, եւ դէմքը կը պայծառանար, երբ գունաւոր նախշ մը տեսնէր:

Գեղեցկութիւն եւ ուրախութիւն սփռող մայրս հեռացաւ այս կեանքէն` առյաւէտ միանալով հօրս: Սակայն մեր մօտ միշտ վառ կը մնայ անոր անձնուէր, աշխատասէր ու սիրալիր հոգիին յիշատակը:

Հանգչէ՜ խաղաղութեամբ, սիրելի՛ մայր:

 

 

Նախորդը

Չինացիները Նոր Տարին Կը Տօնեն 15 Օրեր Շարունակ

Յաջորդը

Երկու Հայ Պաշտօնեաներ Կը Վատնեն Հարկատուներու Գումարները Լոս Անճելըս Կատարած Անօգուտ Ճամբորդութեան Վրայ

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ազգային Ժողո՞վ, Թէ՞ Քաղաքական Հաշուեյարդարի Բեմ

November 4, 2026
Վտանգը
Անդրադարձ

Նստարանէս

November 4, 2026
Սփիւռք Ըլլալու Տարբեր Ձեւերը
Անդրադարձ

Սփիւռք Ըլլալու Տարբեր Ձեւերը

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.