Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սալամ. «Ընտրութիւնները Յետաձգելու Կարող Միակ Կողմը Խորհրդարանն Է, Եւ Հըզպալլային Կոչ Կ՛ուղղեմ Երկիրը Նոր Արկածախնդրութեան Չտանելու»

February 25, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Իրան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններու ընթացքին վրայ վերահսկողութիւն չունինք»: Սակայն ան միաժամանակ Հըզպալլային կոչ ուղղեց` երկիրը նոր արկածախնդրութեան չտանելու:

«Կազայի արկածախնդրութեան Լիբանանի վրայ ունեցած գինը մեծ էր, եւ կը փափաքինք, որ նոր արկածախնդրութեան մէջ չներքաշուինք», ըսաւ վարչապետը:

Անդրադառնալով զէնքի մենաշնորհման ամբողջացման` Սալամ ըսաւ, որ նախարարաց խորհուրդը առանց տատամսումի եւ հաստատակամօրէն յառաջ կ՛ընթանայ իր այդ որոշումին գործադրութեան ուղղութեամբ` նկատի ունենալով, որ անիկա անդառնալի գերիշխանական ընտրանք մըն է, սակայն ընդունեց, որ Լիթանի գետէն հիւսիս անոր գործադրութեան կշռոյթը կախեալ է շարք մը ազդակներէ, որոնց շարքին է յառաջիկայ ամիս Փարիզի մէջ սպասուող լիբանանեան բանակի աջակցութեան խորհրդաժողովի արդիւնքը:

Սալամ այդ խորհրդաժողովի յաջողութեան նկատմամբ լաւատեսութիւն յայտնեց` նշելով, որ զայն հրաւիրող երկիրները` Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան եւ Սէուտական Արաբիան նախանձախնդիր պիտի ըլլան անոր յաջողութեան պայմաններու ապահովման:

Ինչ կը վերաբերի խորհրդարանական ընտրութիւններուն, վարչապետը նշեց, որ կառավարութիւնը իր լիազօրութեան սահմաններուն մէջ գտնուող աշխատանքը ամբողջացուց, եւ վարչական ու գումակային պատրաստութիւնները դրաւ ճիշդ ուղղութեան վրայ, սակայն 16-րդ ընտրաշրջանի գործադրութիւնն ու մագնիսացուած քարտի որդեգրման մեքանիզմը երկու կէտեր են, որոնք օրէնսդիրներուն միջամտութիւնը կը պահանջեն:

Սալամ յայտարարեց, որ կառավարութիւնը պատրաստ է խորհրդարանական ընտրութիւնները անմիջապէս իրենց ժամկէտին կատարելու` հիմնուելով ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ հրապարակուած որոշումներուն վրայ:

Ան աւելցուց, որ ինչ կը վերաբերի 16-րդ ընտրաշրջանին ու մագնիսացուած քարտի որդեգրման մեքանիզմին, ապա խորհրդարանը անոնց գործադրութիւնը ուզելու պարագային պէտք է այդ առնչութեամբ անորոշութիւնը փարատէ:

Սալամ ընդգծեց, թէ կառավարութիւնը պատրաստութիւնները ամբողջացուց, եւ սահմանադրութեան համաձայն ընտրութիւնները յետաձգելու կարող միակ կողմը խորհրդարանն է:

Նախորդը

Ռաժժի. «Գոյութիւն Ունին Ցուցանիշեր, Թէ Մագլցումի Պարագային Իսրայէլ Կրնայ Ուժեղ Հարուածներ Հասցնել Լիբանանին Եւ Կրնայ Պէյրութի Օդակայանը Թիրախաւորել»

Յաջորդը

վեհափառ հայրապետը ընդունեց ՀՄԸՄ-ի լիբանանի շրջանային նորընտիր վարչութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Իսրայէլի Թիրախափոխումները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլի Թիրախափոխումները

February 25, 2026
Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ  Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ  Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»

February 25, 2026
Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»
Գլխաւոր լուրեր

Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.