Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը վերջին շաբաթներուն կազմակերպեց տղոց եւ աղջկանց տարուան առաջին մրցաշարքը` «Պոնիւս 1», որ բաժնուած էր նահանգներու համաձայն:
Պէյրութի նահանգէն ՀՄԸՄ Պէյրութէն (տղաք) մասնակցեցան վեց մարզիկներ, եւ մրցումներու աւարտին Միսաք Պոյաճեան գրաւեց երկրորդ դիրքը, իսկ Շարպել Մարուն` 3-րդ դիրքը:
Լեռնալիբանանի նահանգէն մասնակցեցան ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, ՀՄԸՄ Ճիւնի եւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս` 14 մարզիկներով:
Աղջկանց մրցումներուն ՀՄԸՄ մասնակցեցաւ 9 մարզիկներով` մարզիչ Լարա Քէչէպաշեանի գլխաւորութեամբ: Մրցումներու աւարտին ՀՄԸՄ Պէյրութէն Լոռի Եահնէեան գրաւեց երրորդ դիրքը, իսկ Նոել Քէշիշեան` 4-րդ դիրքը:



