Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Գ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն, ՀՄԸՄ Պէյրութ իր յաջորդական 3-րդ մրցումին յաղթելէ ետք Ատապ Ուա Ռիատա Քֆարշիմային, հասաւ յաջորդ հանգրուան:
ՀՄԸՄ Պէյրութ, որ վեթերան եւ երիտասարդ հայ մարզիկներով կազմուած խումբ մըն է, իր առաջին մրցումին 70-25 արդիւնքով յաղթած էր Ուինըրզ Ռիատիին, ապա 59-34 արդիւնքով` Ամալ Պիքֆայային:
Յոյսով, որ յաջորդ հանգրուանին ալ յաջող ելոյթներ ունենալով եւ լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգելով, ՀՄԸՄ Պէյրութի աղջկանց խումբը կը բարձրանայ Բ. դասակարգ:


