Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ Իրան համաձայնած են հինգշաբթի, 26 փետրուարին Ժընեւի մէջ անուղղակի բանակցութիւններու երրորդ հանդիպումը կայացնել: Երրորդ հանդիպման համար նախապայման էր Իրանի կողմէ խելամիտ առաջարկի մը ներկայացումը: Կը թուի, որ այդ առաջարկը մշակուած է եւ փոխանցուած ամերիկեան կողմին, որ զայն ընդունելի համարած է իբրեւ բանակցային հիմք: Այս մասին չի յայտարարուիր, փոխարէն կը հնչեն պատերազմական շեփորները: Միացեալ Նահանգներ Իրանի մօտակայքը կը կեդրոնացնեն մարտանաւեր, օդանաւակիրներ, Մերձաւոր Արեւելքի եւ յարակից շրջաններու մէջ իրենց ռազմակայանները մարտական վիճակի կը բերեն. պատերազմի նախապատրաստութիւնը բացայայտ է եւ հրապարակային:
Նախագահ Թրամփ կը յայտնէ, որ իր նախընտրութիւնը դիւանագիտութիւնն է, սակայն անհրաժեշտութեան պարագային պատրաստ է մահաբեր ուժ գործածելու: Դիւանագիտութիւնը փոխադարձ շահերու վրայ հիմնուած զիջումներով միջին լուծում գտնելու արուեստն է: Բայց բանակցող կողմերէն մէկը կը թուի, որ չ՛ուզեր իր պահանջներէն որեւէ բան զիջիլ: Բանակցութիւնը այս պայմանով կը դառնայ մարտական սպառնալիքի տակ տարակարծութեան միակողմանի լուծումի պարտադրանք:
Ինչի՞ մասին է տարակարծութիւնը: Իրան կը մեղադրուի իւրանիոմի հարստացմամբ հիւլէական ռումբ արտադրելու ծրագիր ունենալով: Գլխաւոր այս մեղադրանքին կողքին կան յարակից երկու պահանջներ. հրաժարիլ հեռահար հրթիռներու արտադրութենէն (եղած պահեստը չէզոքացնելով) եւ դադրեցնել օժանդակութիւնը շրջանային զինեալ խմբաւորումներուն (Հըզպալլա, Հուսիներ…): Երեք պահանջներն ալ անմիջականօրէն չեն առնչուիր Միացեալ Նահանգներուն: Վերջինը ուրեմն միջնորդաւորուած պայքար կը մղէ շրջանային այլ պետութիւններու հաշուին: Այդ պետութիւնները արաբական երկիրներն են եւ… Իսրայէլ: Արաբական որեւէ երկիր Իրանէն եկող վտանգի մասին չէ բողոքած: Կը մնայ, իբրեւ ենթադրաբար վտանգուած երկիր, Իսրայէլ: Իսրայէլի ապահովման համար է, որ Միացեալ Նահանգներ պատերազմի սպառնալիքով կը բանակցին Իրանի հետ:
Իսրայէլ իր ստեղծումէն ի վեր անդադար հակամարտութեան մէջ է շրջակայ երկիրներուն հետ: Օժտուած իր տարածքին հետ ոչ համեմատելի մարտական ահռելի ուժով, Իսրայէլ կը յաջողի տարածքներ գրաւել դրացի երկիրներէն ու զանոնք անօրինականօրէն պահելու համար վկայակոչել իր ապահովութեան անհրաժեշտութիւնը: Ի՛նչ քայլի ալ դիմէ, Միացեալ Նահանգներ ու հաւաքական Արեւմուտք կը հանդուրժեն, պատճառաբանելով, որ Իսրայէլ իրաւունք ունի ինքնապաշտպանութեան:
Իսրայէլի եւ անոր ի նպաստ փոխանորդաբար Արեւմուտքի կատարածը ինքնապաշտպանութեան համա՞ր է միայն: Իսրայէլը շրջանային հակակշռող ուժի վերածելու համար, շրջանի շատ մը երկիրներու մէջ գունաւոր յեղափոխութիւններ բեմադրուեցան, զինեալ գործողութիւններ կատարուեցան կամ Աբրահամեան կոչուած խաղաղութեան ծրագիրներ առաջադրուեցան: Նպատակը Իսրայէլի շուրջ ապահովական դատարկութիւն ստեղծել է: Իսրայէլ չի կատարեր համաձայնութիւններով ստանձնած պարտաւորութիւնները, չ՛ենթարկուիր միջազգային օրէնքին: Ոչ ոք կը բողոքէ, ոչ ոք կ՛ըսէ. Իսրայէլ, աչքիդ մէջ շիւղ կայ: Ով կը զօրանայ, կը դառնայ վտանգաւոր Իսրայէլի համար եւ արժանի կը դառնայ պատուհասման:
Վերադառնանք Իրանին: Իսրայէլի, ապա Միացեալ Նահանգներու կողմէ ռմբակոծումները ցանկալի արդիւնքը չտուին: Գունաւոր յեղափոխութեան փորձ մը, ցոյցերով եւ անկարգութիւններով, վիժեցաւ: Խաղաղարար Թրամփ յօժարեցաւ վերադառնալ դիւանագիտական լուծումին, բայց ահասարսուռ ռազմական սպառնալիքի տակ: Իրան պատրաստակամութիւն կը յայտնէ ընդունելու սպառնալիքը եւ անոր պատասխանելու փոխադարձ սպառնալիքով, պատերազմի ծիրը ամերիկեան մարտանաւերէն անդին, ամերիկեան բոլոր մատչելի ռազմակայանները հարուածելով:
Մաղթենք, որ դիւանագիտական լուծումը իրողապէս առաջնային կը դառնայ, իսկ ռազմական սպառնալիքը` լոկ հոգեբանական ճնշումի միջոց: Արդար լուծումի մը յանգելու համար, կողմերը իմաստութիւնը պիտի ունենան հրաժարելու ծայրայեղ պահանջներէ, փոխադարձաբար զիջումներ կատարեն, համագործակցութեան գետին որոնեն եւ խաղաղութիւնը զէնքի փողէն հեռացնեն:



