. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Այսօր Եգիպտոսի մէջ բանակի աջակցութեան խորհրդաժողովի նախապատրաստական խորհրդաժողովը իր թափին մեծ մասը կորսնցուց, երբ շարք մը երկիրներու, մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանները յայտնեցին, որ պիտի չկարենան ներկայ գտնուիլ, եւ բաւարարուեցան միայն ներկայացուցիչներ ուղարկելով»:
. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանական ընտրութիւնները յետաձգելու նոր առաջարկներու շարքին է զանոնք կառավարութեան ճամբով յետաձգելը` հիմնուելով վարչապետ Սալամի Թաէֆի համաձայնագիրը ամբողջութեամբ գործադրելու եւ Ծերակոյտ ստեղծելու նախաձեռնութեան վրայ:
Աղբիւրներ «Ախպար»-ին յայտնած են, թէ այս տեսակէտին տէրերը տողատակի կ՛առաջարկեն փոխզիջման կարելիութիւն մը, որուն հիմամբ օտար երկիրները համաձայն գտնուին Սալամը իր պաշտօնին վրայ պահելու դիմաց նախարարական փոփոխութիւն կատարելուն:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿՆԵՐ «Նաշրա» կայքին. «Խորհրդարանական ընտրութիւնները յետաձգելու պատճառներէն մէկը Սաատ Հարիրիի սիւննիական մեծաթիւ աթոռներ ապահովելու կարողութիւնն է, ինչ որ Սէուտական Արաբիան վերածեց ընտրութիւնները յետաձգելու քայլին ուժեղ կերպով աջակցողի, մինչ սէուտական Արաբիոյ դեսպան Պուխարին սիւննի քաղաքական անձնաւորութիւններու, օրինակ` Աշրաֆ Ռիֆիի աջակցութեան այցելութիւններ կու տայ, որովհետեւ վերջինս կը մերժէ բարոյական աջակցութիւնը, մասնաւորաբար Թրիփոլիի մէջ անոր ժողովրդականութեան նահանջին մասին խօսակցութիւններէն ետք»:
. «ԷԼ.ՊԻ.ՍԻ.»-ի տեղեկութեան համաձայն, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը երէկ, շրջանին մէջ սպասուող զարգացումներուն լոյսին տակ նախազգուշական քայլով մը, իր պաշտօնեաներէն տասնեակներ Պէյրութի միջազգային օդակայանի ճամբով երկրէն հեռացուցած է:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Իր անօդաչու թռչող սարքերը եւ հեռահաս ու թիրախահար հրթիռները յանձնելու վերաբերեալ լիբանանեան պետութեան ու բանագնացներուն տուած Հըզպալլայի պատասխանը ժխտական էր: Կուսակցութեան մօտ զանոնք յանձնելու համար փորձեր կատարուեցան պատերազմի ուրուականը հեռացնելու համար»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Լիուա» օրաթերթին. «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի առաքելութիւնը զինադադարով սահմանափակելուն նպատակը նախկին դեսպան Սիմոն Քարամը յանձնախումբին միացնելու Լիբանանի նախաձեռնութեան կարեւորութիւնը նուազեցնելն է»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ու ապահովական աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Գոյութիւն ունին Համասի առնչուած տարրերու դաշտային տեղաշարժեր, որոնք կը համակարգուին կամ կը գտնուին Հըզպալլայի ծածկոյթին տակ, ինչ որ Լիբանանի համար հետզհետէ աւելի մեծ մարտահրաւէրներ կը ստեղծէ եւ մտավախութիւններ կը յառաջացնէ, թէ ասիկա կրնայ ըլլալ այն կայծը, որ երկիրը կը ներքաշէ Թեհրանին «թիկունք կանգնելու պատերազմ»-ի մէջ»:


