Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտելլաթիֆ Տրիան ի պատիւ իրեն մեծարանքի իֆթարի մը ընթացքին յայտնեց. «Լիբանանը համաձայնութեան, հաւասարակշռութեան, բազմազանութեան եւ բազմակարծութեան հայրենիք է եւ կը գրկէ իր բոլոր զաւակները` անոնց տարբեր համայնքներով, յարանուանութիւններով ու քաղաքական պատկանելիութեամբ: Այս Լիբանանը ձեր դիմաց է, դուք էք Լիբանանը, եւ մենք այս սիրելի երկրին ու սիրելի հայրենիք Լիբանանի մէկ հիմնական մասն ենք:
«Միշտ կրկնեցինք, թէ, որպէսզի հայրենիքը ճիշդ հիմերու վրայ կառուցուի, պէտք է անոր համայնքներուն միջեւ հաւասարակշռութիւնը յարգել: Մենք միշտ ու յաւիտեանս անոր կոչ կ՛ուղղենք: Ատոր համար, մենք մեր սկզբունքներուն վրայ հաստատ ենք, որպէսզի նախանձախնդիր ըլլանք իւրաքանչիւր լիբանանցիի շահին, հայրենիքի մէջ գործընկերներու շահին, ճիշդ ինչպէս նախանձախնդիր ենք մեր շահերուն ու ձեռքբերումներուն` պահպանելով Լիբանանը իր ամբողջ տարածքով»:
«Ասկէ կը բխի արդար եւ հաւասար պետութիւն կառուցելու ոգին, որ կ՛ընդունի բոլորը, եւ որուն բոլորը կը դիմեն աջակցութեան համար, եւ որուն նկատմամբ բոլորը կը կատարեն իրենց պարտականութիւններն ու պարտաւորութիւնները: Մենք երբեք չենք ուզեր, որ որեւէ խումբ անսահմանափակ օգուտ քաղէ պետութենէն, առանց որեւէ ներդրում կատարելու, այլ կ՛ուզենք, որ բոլորը պետութեան ձեռք երկարեն, եւ պետութիւնը միշտ ու յաւիտեան պաշտպանէ զանոնք, բոլոր հանգամանքներուն եւ բոլոր պայմաններուն մէջ», նշեց հանրապետութեան միւֆթին:


