Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հանգիստ` Տաթեւ Սրբազանի Հոգիին

February 24, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՂԻԿ Գ. Խ.

Փետրուարեան արտասովոր պայծառ երկինքը վայելելով, ուրբաթ առաւօտ, դասաւանդումի սովորական օրուան մը համար կ ՛ուղղուիմ դպրեվանք, Պիքֆայա: Հեռաձայնիս պաստառին վրայ գոյժ մը կը ցնցէ զիս` Տաթեւ սրբազանը վախճանեցաւ…

Դէպի դպրեվանք սիրած ճամբաս հիմա աւելի դարձդարձիկ, երկար եւ դժուար կը թուի. անիկա կարծես կը դառնայ կեանք մը ամբողջ, յիշողութիւն մը համապարփակ, արդարեւ, որքան որ կորսնցուցածներուս ցաւին առկայութեամբ աչքերս կը թրջէ, նոյնքան ալ լաւն ու ազնիւը ճանչցած ըլլալուս գոհունակութեամբ հանգիստ ժպիտ մը կ՛առթէ: Յանկարծ  պարզ ու միօրինակ ճամբան կը ստանայ արժէք, կը զգենու իմաստ. այն ճամբան, որ նոյնինքն սրբազանին հետ անթիւ անգամներ չափած ենք ընտանիքիս բոլոր անդամներն ու ես, այն ճամբան, որ կը յուշէ սրբազանին դպրեվանեան տեսչութեան օրերը, որոնց ընթացքին ականատես կ՛ըլլայինք` անոր խաղաղ ներկայութեան, համեստ ժպիտով տղոց ուղղած խրատներուն, սրամիտ կատակներուն, ջերմեռանդ աղօթքներուն, բժշկական դեղեր յանձնարարելու տարօրինակ կարողութեան, գուրգուրոտ վերաբերումին, առատօրէն բաշխուող փաթթուկներուն, հմուտ անգլերէնին, ջինջ հայերէնին, եռանդուն ընթերցանութեան, քրիստոնէական սկզբունքներու բարի արտայայտումին եւ ամուր հաւատքին:

Դեռ աւելի՛ն. քրիստոնէական եւ մարդկային տարբեր արժանիքներու կողքին, սրբազանը օժտուած էր անհատականութեան հաճելի երեսներով` ֆութպոլի խաղերու խանդավառութեամբ, երաժշտութեան սիրով, անասուններու հանդէպ գուրգուրանքով, բոյսեր խնամելու եւ պարտէզները դալար պահելու նախանձախնդրութեամբ: Քեսապցիի յատուկ բարբառով եւ դարձուածքներով կը կատակէր բոլորին հետ եւ «վնաս չունի»-ն իր ամէնէն շատ գործածած քաջալերական արտայայտութիւնն էր:

«Տաթեւ պապուկ» կը կոչէի զինք` կնքահայրս, մանուկի տրամաբանութեամբս իր մօրուքը վերագրելով «պապուկ»-ի վիճակի: Եւ իրաւամբ, պապուկը մանուկին հետ անոր լեզուով կը մանկանար եւ մտաւորականին հետ բարձրորակ հետաքրքրութիւններ կը բաժնէր: Իր մեղմ արտաքինը եւ հանդարտաբարոյ կեցուածքը զինք հասանելի կը դարձնէին  բոլորին, իսկ լուրջ պահերուն իր խոհուն եւ ուղղամիտ բացատրութիւնները վստահութիւն կը ներշնչէին իր շրջապատին: Այդպէս ալ կը վկայէին իր բոլոր գործակիցները` Լիբանանի մէջ, թէ Բերիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմերէն ներս տարած իր գործունէութեան ընթացքին:

Պէտք է խոստովանիմ, որ մանկութեանս եւ պատանեկութեանս տարիներուն, դպրեվանքին ծանօթանալուս եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հանդէպ յարգալիր սիրոյ զգացումներուս եւ մտածումներուս հաւատարմութեան մէջ, հօրս անզուգական պատկերին առընթեր, սրբազանին պատկերը եւս փայլուն ներկայութիւն է: Շատ յաճախ, դպրեվանքի դասարաններու յարկին վրայ, հօրս դիմագիծին հետ կ՛ուրուագծուին այլ դէմքեր եւս, որոնց մէջ կայ նաեւ եւ մանաւանդ սրբազանը. եւ դպրեվանքի սիրելի աշակերտներս, անտեղեակ այս մտաբերումներէս, թերեւս յաճախ կը զարմանան, թէ ինչո՛ւ յանկարծ կը ժպտիմ եւ կամ երբեմն ալ կը յուզուիմ: Պատճառը այն է, որ ինքնութեան արժեհամակարգին մէջ մարդիկն ու վայրերը յաճախ կը միանան, նոյնիսկ կը նոյնանան, եւ այդ մէկը կը դառնայ խարիսխ` այդ ինքնութեան կայունացումին, ինչպէս նաեւ` հոնկէ բխող հպարտութեան ամրապնդումին:

Կեանքի պայմանները եւ անձնական ընտրութիւնները մեզմէ երբեմն կը խլեն մեր սիրածն ու փայփայածը: Երկար տարիներու մտերմութենէ ետք, սրբազանը այլեւս չտեսայ Անթիլիաս ու Պիքֆայա, բայց այցելեցի անոր Հայաստան, ուր նոյն տաքուկ ժպիտով եւ իրեն իւրայատուկ ցած ձայնին հատիկ-հատիկ մրթմրթանքով հարցուց այն բոլորին եւ ամէն ինչին մասին, զորս ձգած էր իր ետին…

Դպրեվանք հասնելու ճամբան տակաւին կ՛երկարի, եւ մտապաստառիս վրայ կը տողանցեն մեծաթիւ յուշեր, դէպքեր եւ պատմութիւններ. մէկը կը յամենայ. քայլերս կը ծանրանան սիրտիս պէս, եւ մեղեդի մը հեռուէն, շատոնց մոռցուած, շուրթերուս վրայ կը յայտնուի. «It՛s a small world after all» երգն է, որուն սկաւառակը սրբազանը նուիրած էր ինծի: Անոր բոլոր երգերուն բառերը անգիր սորված էի մօրս օգնութեամբ, եւ անոնց ընդմէջէն ամբողջ նոր աշխարհ մը բացուած էր դիմացս` իր տարբերութիւններով եւ նմանութիւններով, ցաւի եւ յոյսի փորձառութիւններով:

Յուշերը մարդուն զգացումներուն խօսելէ անդին կ՛անցնին եւ կը դառնան զարթուցիչ, դաստիարակիչ եւ յուսադրիչ: Անոր համար է , որ  ուրախ թէ տխուր առիթներուն երախտապարտ ըլլալու զգացումը կը պարտադրէ ինքզինք` բարեբախտաբար: Այս տխուր պահուն եւս ինծի հետ կը մնայ երախտագիտութեան մխիթարող զգացումը միայն, մանկութեանս պզտիկ աշխարհին մէջ ներդրում ունեցած մեծութիւններուն հանդէպ` անդրադառնալով, որ անոնց շնորհիւ մեզի ժառանգուած է ազգային եւ հոգեւոր մեծ աշխարհ մը, որուն մէջ մի՛շտ պիտի յիշուին մեծերը:

 

 

Նախորդը

Ընթացք Առաւ «Ազդակ»-ի «Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Հինգերորդ Փուլը

Յաջորդը

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Հոգեհանգստեան Կարգ` Լուսահոգի Տաթեւ Արք. Սարգիսեանի

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Պատերազմը Խաղաղութեան Միջոց Չէ

February 25, 2026
Բաց Նամակ.  «Մէկ Ընտանիքի Պէս Ապրում Ենք Այստեղ» Յօդուաշարքին Առիթով
Անդրադարձ

Բաց Նամակ. «Մէկ Ընտանիքի Պէս Ապրում Ենք Այստեղ» Յօդուաշարքին Առիթով

February 25, 2026
«Հայաստանում Իշխանութիւնը Վերածուել Է Քաղաքական Ճնշման Գործիքի». Լիլիթ Գալստեան
Անդրադարձ

«Հայաստանում Իշխանութիւնը Վերածուել Է Քաղաքական Ճնշման Գործիքի». Լիլիթ Գալստեան

February 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.