Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խաղաղութեան Անունով Լռութիւն, Իսկ Լռութեան Ետին` Ազգային Նահանջ

February 24, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Պաքուն այսօր կը փորձէ պատմութիւնը վերաձեւել` Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի վրայ հիմնուած ազգային-ազատագրական շարժումը ներկայացնելով իբրեւ «ահաբեկչութիւն»: Սակայն ժողովուրդ մը, որ իր պատմական հողին վրայ կը պայքարի գոյութեան, անվտանգութեան եւ արժանապատուութեան համար, չի կրնար ահաբեկիչ կոչուիլ միայն այն պատճառով, որ մերժած է ենթարկուիլ բռնապետական իշխանութեան:

Արցախեան շարժումը ծնունդ առաւ միջազգային իրաւունքի ամրագրած ինքնորոշման սկզբունքէն: Ան ծնունդ առաւ այն գիտակցութենէն, թէ ժողովուրդը ինք է որոշողը իր ճակատագիրը: Այս իրաւունքը չեն ստեղծած հայերը. անիկա ամրագրուած է միջազգային փաստաթուղթերու մէջ եւ դարձած` տասնեակ պետութիւններու անկախութեան եւ գերիշխանութեան հիմք:

Բայց, ինչպէս երէկ, այսօր եւս Պաքուն ոչ միայն կ՛անտեսէ այդ իրաւունքը, այլ նաեւ կը փորձէ զոհը դարձնել մեղաւոր:

Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ օրեր առաջ յայտարարեց, թէ՛ վստահութիւն չունենալով Միջազգային քրէական ատեանի հեղինակութեան վրայ` իրենք որոշած են «արդարութիւնը» իրենց ձեռքով լուծել: Այս յայտարարութիւնը սովորական քաղաքական արտայայտութիւն մը չէ. բացայայտ խոստովանութիւն մըն է, որ միջազգային իրաւունքը իրենց համար պայմանական է, իսկ դատավճիռը` ուժի գործիք:

Երբ պետութիւն մը կը յայտարարէ, որ ինք է որոշողը` ո՛վ է մեղաւոր, ո՛վ` արդար, եւ կը խօսի Արցախի ժողովուրդին ու Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող քաղաքական բանտարկեալներուն մասին, այդ պահուն հարցը կը դառնայ քաղաքակրթական:

Սակայն ամենասարսափելին պաշտօնական Երեւանի լռութիւնն է:

23 սեպտեմբերը դարձաւ Արցախի հայութեան բռնի տեղահանութեան խորհրդանիշը: Նոյն օրը Հայաստանի Ազգային ժողովի մէջ հնչեցին ձայներ, թէ այդ օրը պէտք է դիտարկել իբրեւ Հայաստանի «իսկական անկախութեան օր»: Անկախութիւն` որո՞ւ հաշուոյն: Անկախութիւն` հայրենազրկուած ժողովուրդի՞ն, թէ՞ անկախութիւն` ազգային պարտաւորութիւններէն հրաժարուելու:

Անկախութիւնը չի չափուիր լքուած քաղաքներով եւ գաղթի ճամբան բռնած հազարաւոր ընտանիքներով: Անկախութիւնը պատասխանատուութիւն է, ոչ` փախուստ:

Այս կողմնորոշումը կրնայ ճակատագրական ըլլալ ոչ միայն Արցախի, այլեւ ամբողջ Հայաստանի ապագային համար:

Այս բոլորին վրայ կը գումարուի մէկ այլ վտանգաւոր հանգամանք: Ակնյայտ է, որ Եւրոպական Միութեան շրջանակներ, արեւմտեան քաղաքական ուժեր, ինչպէս նաեւ Թուրքիա ու Ազրպէյճան շահագրգռուած են, որ ներկայ իշխանութիւնը յաղթանակ արձանագրէ յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Երբ արտաքին դերակատարները բացայայտ կամ քողարկուած միջոցներով կը նպաստեն քաղաքական ներքին մթնոլորտի մը ձեւաւորման, հարցը այլեւս միայն դիւանագիտական համակրանք չէ, այլ` չափուած, ձեւուած կողմնորոշում: Հայաստանը նոր Վրաստանի եւ Ուքրանիոյ վերածելու հերթական նախափորձ…

Արդեօ՞ք սա պետական գերիշխանութեան նուաստացում չէ:

Արդեօ՞ք սա գերիշխանութեան սահմաններու վտանգաւոր խախտում չէ:

Խաղաղութիւնը արժէք է, բայց խաղաղութեան անունով լռութիւնը` զգայնութեան վտանգաւոր թուլացում: Հայրենիքը այսօր կը ննջէ խաղաղութեան խոստումներով, մինչդեռ անոր հեղինակութեան կշիռը կը սպառի, ազգային իրաւունքները կ՛անտեսուին:

Արցախեան շարժումը իրաւունքի եւ գոյութեան հարց է: Ան ազգային արժանապատուութեան արտայայտութիւն է: Իսկ լռութիւնը, որ կը փորձէ զայն մոռացութեան մատնել, քաղաքական յստակ դիրքորոշում է:

 

 

Նախորդը

Փոխնախագահը Արդեօք Կը Համարձակուէ՞ր

Յաջորդը

Երբ Լռութիւնը Մեղսակցութիւն Է, Իսկ Խիղճը` Մեղադրեալ

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.