. ԱՂԲԻՒՐ մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Գոյութիւն ունի այն մտավախութիւնը, որ Հըզպալլան իրանեան խնդրանքով մասնակցի որեւէ հաւանական պատերազմի եւ օգտագործէ թիրախահար հրթիռներ, որոնք Կազայի թիկունք կանգնելու պատերազմի ընթացքին վնասազերծուեցան»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Մուտուն»-ին. «Հըզպալլայի մէջ գոյութիւն ունի երկու ուղղուածութիւն` պատերազմի մը մէջ ներքաշուելէ խուսափելու եւ կուսակցութիւնն ու Լիբանանը անկէ զերծ կացուցելու ուղղուածութիւնը, եւ մէկ այլ ուղղուածութիւն, մասնաւորաբար ժիհատական խորհուրդէն անձնաւորութիւններու մօտ, որոնց կարծիքով` պէտք է ամբողջ ուժով մասնակցիլ պատերազմին»:
. «ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթի տեղեկութիւններուն համաձայն, «ՄԱԿ-էն պաշտօնատար մը այցելած է Իսրայէլ եւ առնչակից կողմերու փոխանցած, թէ Իսրայէլ չյայտարարուած տագնապի վիճակի նմանող վիճակի մէջ է, կը պատրաստուի հաւանական պատերազմի եւ մտահոգութեամբ կը դիտէ լիբանանեան ճակատը»:
– ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Մուտուն»-ին. «Իրանը հարուածելու ամերիկեան որոշումը տրուեցաւ, սակայն յայտնի չէ անոր ժամկէտը կամ տարողութիւնը: Նպատակը շրջանին մէջ բոլոր հաւասարակշռութիւնները փոխելն է, ինչ որ իր անդրադարձը պիտի ունենայ Լիբանանի մէջ քաղաքական հոլովոյթին վրայ»:
. «ՏԻԱՐ» օրաթերթի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Միացեալ Նահանգներու դեսպանը Հնգեակի դեսպաններուն յայտնած է, որ ամերիկեան-իսրայէլեան հաղորդակցութիւնները չեն յաջողած Թել Աւիւը համոզել հինգ կէտերէն հեռանալու կամ իր գործողութիւնները դադրեցնելու վերաբերեալ որեւէ զիջում կատարելու»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Գոյութիւն ունի այն մտավախութիւնը, թէ իսրայէլեան յարձակումներն ու սպառնալիքները, որոնց կշռոյթը կ՛աճի, յանգեցնեն երկրին մէջ անդամալուծութեան, որուն պատճառով կը սառեցուին այն թղթածրարները, որոնց վրայ աշխատանք կը տարուի տնտեսական, քաղաքական եւ նոյնիսկ ապահովական ոլորտներու մէջ»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Զէնքի մենաշնորհման երկրորդ փուլի ամբողջացման համար ճշդուած ժամանակը չորսէն ութ ամսուան միջեւ կը տարուբերի, եւ իրողապէս ընթացք առաւ Լիթանի գետի հիւսիսէն մինչեւ Աուալի գետ երկարող շրջանին մէջ գետնի վրայ քայլերու որդեգրումով»:
. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Աուն եւ Պըրրի առաջին անգամ ըլլալով ֆրանսական-սէուտական դիմումներ ստացան խորհրդարանի նստաշրջանը առնուազն մէկ տարիով երկարաձգելու»:
. «ՄՈՒՏՈՒՆ». «Ներքին եւ արտաքին շարք մը կողմեր Պըրրիին առաջարկեցին երկու տարիով երկարաձգել խորհրդարանի նստաշրջանը, եւ ան մեծ իրաւաբաններէն եղող նախկին երեսփոխանի մը պարտականութիւն տուաւ այդ երկարաձգման համար օրինագիծ մը մշակելու»:
. ԱՐԱԲԱԿԱՆ եւ արեւմտեան աղբիւրներ «Էլ.Պի.Սի.»-ին հերքած են այն խօսքերը, թէ կարգ մը երկիրներ Լիբանանէն խնդրած են երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգել, եւ հաստատած սահմանադրական ժամկէտները յարգելու կարեւորութիւնը:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Անպա» օրաթերթին. «Ներքին գործոց նախարարին արտերկրի լիբանանցիներուն քուէարկութեան վերաբերեալ օրէնսդրութեան մարմինէն խորհուրդ հայցելը բացայայտ կողմնակցութիւն է քաղաքական կողմի մը ընդդէմ մէկ այլ կողմի, երբ կառավարութեան համար աւելի լաւ պիտի ըլլար հրապարակել ընտրական օրէնքի գործադրութեան հրամանագիրը, ինչ կը վերաբերի վեց աթոռներու ցամաքամասերու վրայ տարածման»:
. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Ֆայսալ Քարամէ աշխատանքի լծուած է կազմելու ընտրացանկ մը` դաշնակցելով երեսփոխան Թահա Նաժիի հետ, ըստ որուն Մընիէի թեկնածուն պիտի ըլլայ Քազեմ Խէյրը կամ Օսման Ալամէտտինը, առանց որ առնչակիցները վճռած ըլլան Տընիէի թեկնածուին անունը»:
. ԹՐԻՓՈԼԻԷՆ շրջանակներ «Ախպար» օրաթերթին. «Մեզի համար զարմանալի է ընտրապայքարին նկատմամբ Պահա Հարիրիի ցուցաբերած սառնութիւնը: Շրջանակներուն աղբիւրները կը յայտնեն, որ եթէ հարցերը այսպէս մնան, որեւէ ընտրացանկ պիտի չկազմուի»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Մուտուն»-ին. «Թէեւ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը տարբեր ընտրաշրջաններու մէջ ընտրական դաշինք կազմելու համար Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ երկխօսութիւն կը կատարէ, սակայն ատոր զուգահեռ երկխօսութիւն կը կատարէ անկախ, գերիշխանական եւ բարեկարգչական երեսփոխաններու հետ, եւ ընտրութիւններու ճակատագիրը իմանալէ առաջ տակաւին կանուխ է հարցերը վճռելու»:
. ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նեհմաթ Ֆրամ «Սաութ Քուլ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին. «Երեսփոխանական ընտրութիւնները չկատարելը աւելի լաւ է, քան կատարելը ձախող, ոչ սահմանադրական, ոչ օրինական ընտրութիւններ, որոնք ոչ իրատեսական արդիւնքներու կը յանգին»:
. ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ աղբիւր մը «Ասաս»-ին. «Նախագահ Աուն եւ բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալ յաջողեցան ամերիկացիներուն ըսել, թէ իրենք իրենց սեփական կշռոյթով կ՛ընթանան: Ուաշինկթըն կը փափաքի, որ անոնք աճապարեն` մեկնելով թափը կորսնցնելու եւ լիբանանեան բանակին հետ լաւ յարաբերութիւնը կորսնցնելու մտավախութենէն»:
. ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ աղբիւր մը «Ասաս»-ին. «Լիբանանեան բանակին զէնքի մենաշնորհման գործադրութեան կշռոյթէն «ամերիկեան դժգոհութեան» մասին տարաձայնութիւնները ճիշդ չեն, ընդհակառակն` Լիբանանի նախագահութեան կը ձգուի ընտրել անոր կշռոյթն ու ժամկէտը, եւ կը բաւարարուի «դէտի դերակատարութեամբ»:
. «ԷԼ.ՊԻ.ՍԻ.»-ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «աւելի քան 50 երկիրներու եւ կազմակերպութիւններու հրաւէր ուղղուած է մասնակցելու բանակի աջակցութեան խորհրդաժողովին»:


