Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Ուրբաթ Օր Եւ Բանակցային Փուլի Կայացման Հաւանականութիւնը

February 23, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ըստ ամերիկեան աղբիւրներու, Ուաշինկթընի կողմէ բանակցողները պատրաստ են ուրբաթ օր Ժընեւի մէջ Իրանի հետ բանակցութիւններու եւս մէկ փուլ թեւակոխել, եթէ յառաջիկայ 2  օրերուն ստանան հիւլէական համաձայնագիրին վերաբերեալ մանրամասն  առաջարկներ Թեհրանի կողմէ:

Ըստ ամերիկեան լրատուամիջոցին, ամերիկացի պաշտօնատարները  կը նշեն,  որ ներկայիս դիւանագիտական տարբերակը, հաւանաբար, վերջին կարելիութիւնն է, որ նախագահ Թրամփը կու տայ Իրանին, նախքան Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ լայնածաւալ ռազմական գործողութեան ձեռնարկելը, որ կրնայ  ուղղակիօրէն թիրախաւորել Իրանի գերագոյն առաջնորդը:

Մինչեւ այս լրատուութեան հրապարակումը, փոխսպառնական հռետորաբանութիւնը եւ գետնի վրայ արձանագրուող նախապատրաստութիւնը մագլցողականութեան նոր մրցանիշներ կը գրանցէին:

Հիմա պահ մը կեդրոնանանք սակայն մինչեւ ուրբաթ տեղի ունենալիք հաւանական բեմագրութիւններուն վրայ: Երկրորդ փուլի կայացումը կախեալ է Իրանի յղելիք առաջարկներէն: Մինչ այդ, Թեհրանը պարզ դարձուցած էր, որ կայ հաւանական համաձայնագիրի նախագիծ, որուն ուղղութեամբ Թեհրան լրացուցիչ առաջարկներ կը մշակէ:

Այս լրատուութիւնն ու պաշտօնական Թեհրանի յայտարարութիւնը իրար կը համապատասխանեն: Կը հասկցուի այնպէս, որ հաւանական համաձայնագիրի նախագիծին Թեհրան ունի լրացուցիչ առաջարկներ: Մինչեւ այս փուլը  այնպէս կը ներկայացուէին խնդիրները, որ հիմնական տարակարծութիւնը կայանալիք համաձայնութեան փուլայի՞ն, թէ՞ փաթեթային ըլլալն էր: Այլ խօսքով, միայն հիւլէական թղթածրարի՞ն շուրջ, թէ՞ նաեւ հեռահար հրթիռներու եւ իրանեան տարածաշրջանային յենակէտերուն պիտի վերաբերէր:

Մինչեւ նոր փուլի ճշդումը Ուաշինկթընէն կը հնչէին նաեւ սահմանափակ գործողութիւն իրականացնելու բարձր հաւանականութեան մասին յայտարարութիւններ: Հիմա սակայն ճնշումը նոր աստիճանաչափերով կը բարձրանայ: Կը խօսուի Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ միացեալ յարձակումի եւ գերագոյն առաջնորդի թիրախաւորման մասին:

Քաղաքական ընթերցումը կրնայ այն համոզումը փոխանցել, որ յառաջիկայ օրերուն Թեհրան կը յղէ համաձայնագիրին լրամշակուած  տարբերակը: Այս ճնշումներն ու սպառնալիքները նպատակ ունին ուրեմն, Թեհրանէն ստանալու այն, ինչ որ կ՛ակնկալուի: Տակաւին պարզ չէ, որ օրակարգերը ամբողջականօրէն ներառական պիտի ըլլա՞ն, թէ՞ բանակցութիւնները պիտի ընթանան փուլ առ փուլ, հետեւաբար` օրակարգ առ օրակարգ:

Շղթայական եւ հետեւանքային տրամաբանութեան վրայ հիւսուած շարքին մէջ պէտք է դիտարկել նաեւ Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններու կայացման-յետաձգման նոր պարանաձգութիւնը: Իրանը, տարածաշրջանին մէջ իր յենակէտերուն դէմ կատարուած յարձակումներէն ետք կը շարունակէ պահպանել իր ազդեցութիւնը եւ այդ է, որ կ՛անհանգստացնէ Թել Աւիւը:

Լիբանանը, թէկուզ որոշ վերափոխումներով, այդուհանդերձ տակաւին կը կրէ այդ ազդեցութիւնը: Ընտրութիւններու կայացում-յետաձգում ընտրանքի հնչեղութիւնը զօրացաւ, երբ զուգահեռ Ուաշինկթըն-Թեհրան լարուածութիւնը թէժացաւ: Եթէ ուրբաթ օրը նախատեսուած բանակցային փուլը կայանայ, ապա ըստ այնմ անիկա իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ լիբանանեան  ընտրական օրակարգը այսօրուան մշուշապատ վիճակէն դուրս բերելու գործընթացին վրայ:

«Ա.»

Նախորդը

Ըստ Իրանցի Բարձրաստիճան Պաշտօնատարի Մը. Իրան-Միացեալ Նահանգներ Անուղղակի Բանակցութիւնները` Մարտի Սկզբնաւորութեան

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (23 Փետրուար 2026)

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.