Աշխարհի թիւ 1 թենիսմեն Քարլոս Ալքարաս 2 ժամ 28 վայրկեան պայքարէ ետք 6-7, 6-4 եւ 6-3 արդիւնքով դժուար յաղթանակ արձանագրեց Կարէն Խաչանովի դէմ:
Աշխարհի թիւ 17 Խաչանով առաջին սեթը յաղթեց, բայց չկրցաւ դիմադրել աւելի զօրաւոր Ալքարասին, պահ մը վիճեցաւ իրաւարարին հետ, որ զինք ազդարարած էր 25 երկվայրկեանէն աւելի ուշանալուն համար:
Տոհայի (Քաթար) տաքին անակնկալ պարտութիւն մը կրեց թիւ 2 թենիսմեն Եանիք Սինըր, որ 6-7, 6-2 եւ 3-6 արդիւնքով պարտուեցաւ աշխարհի թիւ 16 դասուած Եաքուպ Մենշիքի (Չեխիա) դէմ մրցումին:


