2026-ի ձմեռնային 25-րդ Ողիմպիական խաղերը շարունակուեցան Միլանի եւ Քորթինա Տ՛Ամփեցոյի մէջ, եւ սառոյցի վրայ պարի աղջկանց անհատական մրցումներու ազատ ծրագիրի մրցումներուն մեծ անակնկալներ արձանագրուեցան: Ամերիկացի Ալիսա Լիու, որ կարճ ծրագիրի մրցումէն ետք 3-րդ դիրքը կը գրաւէր, ազատ ծրագիրին կրցաւ անցնիլ երկու ճափոնցի իր մրցակիցներուն եւ 226,79 կէտերով շահեցաւ ոսկի մետալը:
Լիու, որ խմբային ոսկի մետալն ալ շահած էր, 2022-ի Փեքինի Ողիմպիականէն ետք ասպարէզը լքած էր: Այժմ 20 տարեկան Լիու 2025-ին վերադարձած էր եւ դարձած աշխարհի ախոյեան եւ այժմ Ողիմպիականի ոսկի մետալակիր: Վերջին անգամ 2002-ին Սարա Հիուզ եղած էր ամերիկացի ոսկի մետալակիր` Ողիմպիականի մրցումներուն:
Ռուսահայ ներկայացուցիչ Ատելիա Պետրոսեան, որ կարճ ծրագիրի 5-րդ դիրքը գրաւած էր, պզտիկ սխալէ մը ետք ինկած էր ազատ ծրագիրի իր ելոյթին, ինչ որ պատճառ դարձաւ թեքնիք գնահատականներու աւելի նուազ կէտեր ստանալու, հակառակ անոր որ ան մեծ յաջողութեամբ կատարած էր ամբողջ 4 կարեւոր շարժումները: Ատելիա 214,53 կէտերով գրաւեց 6-րդ դիրքը` չնչին տարբերութեամբ ետ մնալով ամերիկացի Էմպեր Կլենէն, որ 214,91 կէտ հաւաքած էր:
Քաորի Սաքամոթօ, Ամի Նաքայ եւ Մոնէ Չիպա «զուտ ճափոնական» յաջողութիւն ունեցան` գրաւելով յաջորդաբար 2-էն 4-րդ դիրքերը:
Ռաֆայէլ Յարութիւնեանի սան Սոֆիա Սամոտելքինա 10-րդ դիրքը գրաւեց:


