Ձմեռնային ողիմպիական 25-րդ խաղերը շարունակուեցան երէկ Իտալիոյ մէջ, եւ ռուսահայ մարզիկ Ատելիա Պետրոսեան (18 տարեկան) սառոյցի վրայ պարի անհատական մրցումներուն 72,89 կէտ հաւաքելով գրաւեց 54-րդ դիրքը` կարճ ծրագիրին, եւ հասաւ աւարտական հանգրուան, ուր այսօր պիտի մասնակցի ազատ ծրագիրին:
Կարճ ծրագիրի ամէնէն փայլուն անակնկալ արդիւնքը արձանագրեց 17 տարեկան ճափոնցի Ամի Նաքայ, որ 78,71 կէտերով խլեց առաջին դիրքը` գերազանցելով թիւ 1 թեկնածու եւ իր ազգակից Քաորի Սաքամոթոն (77,23 կէտ):
Հայաստանի Ողիմպիական հաւաքականը իր ելոյթները աւարտած էր Միլանի եւ Քորթինա տ՛Ամփեցոյի մէջ, ուր մասնակցած էին դահուկարշաւի, լեռնադահոյկի, ինչպէս նաեւ սառոյցի վրայ պարի մարզաձեւերով:
Յարութիւն Յարութիւնեան հսկայ սլալոմի 59-րդ դիրքը գրաւած էր 91 մասնակիցներու կողքին, մինչ սլալոմի 96 մասնակիցներու պայքարին չկրցաւ աւարտել մրցումը:
Կատիա Գալստեան դահուկարշաւի (սքիաթլոն) 69-րդ դիրքը գրաւած էր, իսկ 10 քմ ազատ ոճի 82-րդ դիրքը` 109 մասնակիցներու կողքին:
Միքայէլ Միքայէլեան սքիաթլոնի 48-րդ դիրքը գրաւած էր 75 մասնակիցներու կողքին, իսկ 10 քմ ազատ ոճի 82-րդ դիրքը` 109 մասնակիցներու կողքին:
Միքայէլ Միքայէլեան սքիաթլոնի 48-րդ դիրքը գրաւած էր 75 մասնակիցներու կողքին, իսկ 10 քմ ազատ ոճի 53-րդ դիրքը` 113 մասնակիցներու կողքին:
Սառոյցի վրայ պարի մրցումներուն, Ակոբովա – Ռախմանին զոյգը 19 այլ զոյգերու մրցումին գրաւած էին 14-րդ դիրքը:
Ատելիա Պետրոսեանի կողքին Ֆրանսայի կազմին մաս կը կազմեն Ճգնաւորեան եղբայրները, որոնք շաբաթ օր ելոյթ պիտի ունենան:


