Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանաեան Կարճ Լուրեր

February 19, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթ. «Հարիրիի վերադարձը յոյսի իրական շող է` դարմանելու այն դատարկութիւնը, որ քայքայած է սիւննիական ներկայութիւնը եւ զայն լուսանցքայնացման ու անորոշութեան մատնած»:

. ԼԻԲԱՆԱՆ ստանձնեց ՄԱԿ-ի սննդեղէնի եւ երկրագործութեան կազմակերպութեան` ՖԱՈՒ-ի մէջ Մերձաւոր Արեւելքի խումբի 2026 թուականի նախագահութիւնը:

. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Նախարարաց խորհուրդին բանակի տեղակայումը առանց որեւէ առարկութեան որդեգրելը արդիւնք է տեղական ու շրջանային փոխադարձ հասկացողութիւններու, որոնք գոյացան բանակի հրամանատարին ներկայացուցած պատկերացումին ու տեղակայման մեքանիզմներուն մշակումէն առաջ»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Լիբանանեան բանակը Լիթանի գետէն հիւսիս զէնքի մենաշնորհման ծրագիրի գործադրութեան սկսելէ առաջ մէկ ամսուան կարիք ունի թիւի եւ գումակային կարիքներու մակարդակին պատրաստուելու համար, եւ կը նախատեսուի, որ առաքելութեան տեւողութիւնը չորսէն ութ ամսուան միջեւ ըլլայ»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Նախարարաց խորհուրդի որդեգրածին նկատմամբ ֆրանսական ու արաբական, մասնաւորաբար եգիպտական ու քաթարեան «ողջունում» գոյութիւն ունի, իսկ ամերիկեան ու սէուտական կողմերը «գոհ» են բանակի հրամանատարի ներկայացուցածէն, որովհետեւ երկու պետութիւնները կը նախընտրէին, որ թուականները աւելի նեղ ու յստակ ըլլան, սակայն ոչինչ»:

. ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ դիւանագիտական աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Արտաքին կողմերը Լիբանանի պետութեան հետ կը գործեն, եւ ասոր կամ անոր դիրքորոշումով չեն հետաքրքրուած»:

. ՇԻԻ երկեակէն աղբիւրներ «Անպա» օրաթերթին. «Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր խօսքը ըսաւ ու քալեց` վէճերն ու դիրքորոշումները ձգելով իր ետին, եւ առանց անոնց ուղղակի կերպով պատասխանելու»:

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Գերմանիոյ նախագահին այցելութիւնն ու պարունակած հանգստացնող դիրքորոշումներն ու ցուցանիշները հաստատեցին, որ Գերմանիոյ հետ յարաբերութիւնները լիբանանեան պետութեան հաստատութիւններուն, մասնաւորաբար բանակին աջակցութեան վրայ հիմնուած գործընկերութեան յառաջադէմ բնորդ մըն է»:

 

Նախորդը

Աւստրիոյ Սանքթ Փէօլթըն Քաղաքին Մէջ Սկսաւ Եպիսկոպոսաց Հաւաքը

Յաջորդը

Միւֆթի Քապալան. «Կարելի Չէ Ժողովուրդը Մահապատիժի Ենթարկել, Պէտք Է Գումարը Ապահովել Առասպելական Շահերէն»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.