Կեանքը ծնունդէն մինչեւ մահ երկարող ժամանակը չէ միայն: Կեանքը մնայուն կատարելագործում է, պայքար է, մարդոց հետ յարաբերութիւն է եւ` շարունակականութիւն:
ՀՄԸՄ-ն ալ կեանք է, որովհետեւ ան կը սկսի մարդու մը փոքր տարիքէն եւ կը շարունակուի մինչեւ վերջալոյս: Մանուկը առաջին անգամ սկաուտական հաւաքավայր կ’ուղղուի եւ կամ մարզադաշտ կ’իջնէ` առանց գիտնալու, որ այդ պահուն ան կեանքի դպրոց մը կը մտնէ: Ժամանակի ընթացքին ան կը սորվի ըլլալ` ճշդապահ ու կարգապահ, պարկեշտ ու վեհանձն, նախաձեռնող, պատասխանատուութիւն ստանձնող, պարտութիւններէ չտկարացող եւ յաղթանակներէ չգինովցող մարդ: Արժանիքներ, որոնք կեանքի հիմքերն են եւ սկաուտական կամ մարզական կանոններ չեն միայն:
Կեանքը պայքար է, եւ ՀՄԸՄ-ը կը սորվեցնէ պայքարիլ ո՛չ միայն մրցակիցներու դէմ, այլ նաեւ` սեփական եսին դէմ: Մարզադաշտին վրայ կ’արժեւորուի ջանքը եւ ո՛չ միայն արդիւնքը: Սկաուտական կեանքին մէջ կ’արժեւորուի ծառայութիւնը եւ ո՛չ միայն անհատական յաջողութիւնը: Այս մօտեցումը կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ կը ստեղծէ մարդիկ, որոնք պատրաստ են տեւաբար աշխատելու, չյուսահատելու եւ սկսուած գործ մը ամէն գնով շարունակելու: Մարդիկ, որոնք քաջութիւնը ունին կեանքի փոթորիկներուն դէմ ի հարկին առանձինն ուղիղ կանգնելու: Ունին պայքարելու կամք եւ համբերութիւն:
Կեանքը նաեւ յարաբերութիւն է: ՀՄԸՄ-ը յարաբերութիւններու լաւ միջավայր է: Մարզական խումբի մը խմբակիցը միայն խաղընկեր չէ: Սկաուտ քոյր մը կամ եղբայր մը միայն կիրակնօրեայ հաւաքի ընկեր չէ: ՀՄԸՄ-ի մէջ կը ստեղծուին ընկերային ամուր կապեր, որոնք ժամանակը կը դարձնեն աւելի գեղեցիկ, իսկ կեանքը` աւելի իմաստալից: Այդ կապերը կ’երկարին տարիներու վրայ եւ կը դիմանան ժամանակի փորձութիւններուն, որովհետեւ ծնունդ կ’առնեն միասին ապրուած կեանքէ, աշխատանքէ եւ զոհողութենէ:
Կեանքը կը նշէ շարունակականութիւն: ՀՄԸՄ-ը եւս կը մարմնաւորէ շարունակականութեան գաղափարը: Երէկուան սկաուտը այսօր կը դառնայ առաջնորդ, մարզիկը` մարզիչ, իսկ անդամը` վարչական: Շարունակական այս ընթացքը ցոյց կու տայ, որ ՀՄԸՄ-ի մէջ կեանքը քարացած չի մնար: ՀՄԸՄ-ականը կը մեծնայ, կը զարգանայ եւ իր փորձառութիւնը կը փոխանցէ յաջորդներուն` ապահովելով միութեան յարատեւութիւնը, մնայուն շարժումը:
Ի վերջոյ, կեանքը շարժում է, շարժումը կեանք է: Շունչ է` սերունդէ սերունդ փոխանցուող: Դաստիարակութիւն է` մարմինի, միտքի եւ հոգիի: Ուխտ է` ծառայասիրութեան, մարդասիրութեան եւ հայրենասիրութեան: Որեւէ շարժում, սակայն, պարտաւոր է ընդառաջել իր ժամանակի պահանջներուն:
Ժամանակները կը փոխուին, մօտեցումները եւս կը փոխուին եւ անհրաժեշտ կը դարձնեն գործունէութեան նոր ձեւերու որդեգրում, արդիականացում, պահելով հանդերձ շարժումի մը հիմնական սկզբունքները: ՀՄԸՄ-ը լաւագոյն փաստը կու տայ այս իրականութեան` իր 107-ամեայ պատմութեամբ եւ մնայուն կենսունակութեամբ:
Ուրեմն, պատահականութիւն չէ «ՀՄԸՄ-ը կեանքս է» արտայայտութիւնը, որ կարգախօսի ձեւով կը տեսնուի միութեան ցամաքամասային բանակումներէն մէկուն ձեռային աշխատանքին վրայ` իբրեւ վկայութիւն ՀՄԸՄ-ի արժէքին ու կարեւորութեան եւ իբրեւ անկեղծ խոստովանութիւն մէկու մը, որ կ’ապրի ու կը մեծնայ այս միութեան մէջ: Իր մեծ ընտանիքը կը գտնէ հոն: Իր ներկան ու ապագան կը կապէ անոր` հաւատալով, որ եթէ կեանքը մարդ կը կերտէ, ՀՄԸՄ-ը` լա՛ւ մարդ:
«ՀՄԸՄ-ը կեանքս է» արտայայտութիւնը նաեւ վկայութիւն մըն է, որ ՀՄԸՄ-ը շատերուն համար յիշողութիւն է` առաջին տարազը, առաջին երդումը, առաջին պարտութիւնն ու յաղթանակը: ՀՄԸՄ-ի մէջ ապրուած տարիները կուտակում են յիշողութիւններու եւ փորձառութիւններու, որոնք կը ձեւաւորեն մարդու մը մտածումները, համոզումներն ու կեցուածքները:
Տարիները կրնան թաւալիլ, կեանքի բեռը կրնայ ծանրանալ, սակայն ՀՄԸՄ-ը չի դադրիր ներկայ ըլլալէ մարդու մը հոգիին մէջ, ո՛չ իբրեւ վայր, այլ` իբրեւ զգացում: Մարդ կրնայ հեռանալ ՀՄԸՄ-ի դաշտերէն, ակումբներէն, սակայն ՀՄԸՄ-ի մէջ ունեցած կեանքը չի կրնար հեռանալ իրմէ:
Հետեւաբար, երբ մէկը կ’ըսէ, թէ «ՀՄԸՄ-ը կեանքս է», ան չի յիշեր միայն անցեալը, այլ` ներկան ու ապագան: Ան կը խօսի իր արմատներուն մասին: ՀՄԸՄ-ական սիրտի զարկին մասին: Կ’արտայայտուի իր ինքնութեան եւ պատկանելիութեան մասին ու կը խոստովանի, որ այսօր ի՛նչ որ է, ո՛ւր որ է, ան կը պարտի նաեւ` ՀՄԸՄ-ին, միութեան ակումբներուն, դաշտերուն եւ հաւաքավայրերուն մէջ իր անցուցած ժամանակին:
Եւ որովհետեւ ՀՄԸՄ-ը միայն վայր չէ: Ժամանակ չէ: Վիճակ է: ՀՄԸՄ-ը կեա՛նք է:
Սիրտերու մէջ դրոշմուա՛ծ կեանք:
Անցեալէն եկող ու ապագայի՜ն գացող կեանք:


