Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութեան Ճշդած Նոր Տուրքերուն Դէմ Բողոքի Ցոյցեր

February 18, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախարարաց խորհուրդը երկուշաբթի գիշեր աւարտեց իր երկարատեւ ժողովը: Տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս ժողովի աւարտին յայտարարեց. «Նախարարաց խորհուրդը որոշեց պաշտօնեաներուն 6 յաւելեալ ամսականներ տալ, անոնց բոլոր յաւելուածներով ալ զինուորականներուն` հիմնուելով 2019 թուականին որոշուած արժէքին վրայ, ինչպէս նաեւ նախարարաց խորհուրդը ջնջեց մազութին վրայ նախապէս ճշդուած տուրքը»:

«Ամսականներու յաւելումը աշխատավարձին վրայ ամսական փոխհատուցման պէս է եւ իսկական աշխատավարձին մաս չի կազմեր», բացատրեց ան:

«Տնտեսական կամ ելեւմտական յաւելեալ խախտումէն խուսափելու համար, որոշուեցաւ յաւելեալ աշխատավարձերը վճարել Յաւելուած արժէքի տուրքի («Թէ.Վէ.Ա.») յաւելման օրէնքի եւ անհրաժեշտ յաւելեալ վարկերու տրամադրման օրէնքի հրապարակումէն ետք, որովհետեւ յաւելումը 800 միլիոն տոլար կը կազմէ», նշեց Մըրքոս:

Նշենք, որ նախարարաց խորհուրդը որոշեց պենզինի գինը աւելցնել 300.000 լ.ո.-ով, իսկ Յաւելուած արժէքի տուրքը` 1 առ հարիւր:

Հանրային փոխադրամիջոցներու շարք մը վարորդներ երէկ փակեցին Պէյրութի մէջ Ռինկի կամուրջը` առ ի բողոք տուրքերը աւելցնելու կառավարութեան որդեգրած որոշումներուն:

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամի Թրիփոլիի նաւահանգիստ այցելութեան ընթացքին սենտիքաներու անդամներ նաւահանգիստին առջեւ նստացոյց կատարեցին:

Աւելի ուշ Թրիփոլիի Փալմա ճամբան եւս փակուեցաւ:

Ցուցարարները ճամբան փակեցին նաեւ Խալտէի եռանկիւնին վրայ` բողոքելով ապրուստի սղաճին եւ կառավարութեան որդեգրած տուրքերուն դէմ:

Վարչապետ Սալամ Թրիփոլիի նաւահանգիստէն յայտարարեց. «Կ՛ուզենք, որ պետական պաշտօնեաներու իրաւունքները իրենց սեփականատէրերուն հասնին»:

«Յաւելուած արժէքի»-ի տուրքը հարուստներուն վրայ կ՛ազդէ, եւ աշխատանք կը տանինք տուրքերու եւ մաքսատուրքերու գանձումը բարելաւելու», աւելցուց ան:

«Ստիպուեցանք պենզինի գինը բարձրացնել, սակայն ջնջեցինք մազութի գինին վրայ բարձրացումը, որ աղքատ դասակարգին կը վնասէ», նշեց ան:

Տնտեսութեան նախարար Եասին Ժապեր մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին նշեց. «Անհրաժեշտ է, որ հաւասարակշռութեան հաստատման համար քայլեր ըլլան»` նշելով, որ այն, ինչ որ որդեգրուեցաւ, միայն պահանջուածին մէկ մասը կը բաւարարէ:

Ժապեր ըսաւ, որ պետական ամավարկի աւելի քան 50 առ հարիւրը աշխատավարձերուն կը յատկացուի, եւ անհրաժեշտ էր գումարներ ապահովելու քայլեր որդեգրել` նշելով, որ բոլոր պետական պաշտօնեաները պենզին կը ստանան, եւ պետութիւնը ամավարկէն կը վճարէ անոնց գինը:

Տնտեսութեան նախարարը նաեւ նշեց, որ ներածուող ապրանքներուն 30 առ հարիւրը Յաւելուած արժէքի տուրքէ զերծ կացուցուած է, եւ այս քայլերու որդեգրումը անհրաժեշտ էր կարգ մը պահանջներու բաւարարման համար հաւասարակշռութիւն հաստատելու համար` աւելցնելով, որ կառավարութեան որոշումները 620 միլիոն տոլար պիտի ապահովեն:

Վառելանիւթի կայարաններու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Ժորժ Պրաքս յայտարարեց, որ սենտիքան պենզինի գինի բարձրացումէն անակնկալի մատնուած է` նշելով. «Այս յաւելումը մաքսատուրք է, որ ամբողջութեամբ պետութեան գանձարկղը կ՛երթայ, եւ վառելանիւթի կայարաններու սեփականատէրերը անոր հետ որեւէ կապ չունին, մանաւանդ որ կառավարական կամ պաշտօնական որեւէ հեղինակութիւն մեզի հետ նախապէս որեւէ խորհրդակցութիւն չկատարեց»:

Ան ըսաւ, որ պենզինի գինի յաւելումն ու անոր ձեւը կը խորացնեն վառելանիւթի կայարաններու սեփականատէրերու տառապանքը, ժխտական հետեւանքներ կ՛ունենան բոլոր ապրանքներուն վրայ եւ կ՛աւելցնեն կայարաններուն բանեցման գինը:

Ան իշխանութիւններուն կոչ ուղղեց` ամէն առիթով վառելանիւթերու վրայ ուղղակի տուրքերը աւելցնելէ դադրելու:

Նախորդը

Քաց. «Լիբանանէն Պիտի Չհեռանանք, Քանի Տակաւին Հըզպալլան Զէնք Ունի»

Յաջորդը

Ռուբէն Վարդանեան Դատապարտուեցաւ 20 Տարուան Բանտարկութեան

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.