Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկական Երեսփոխանական Պլոք. «Պահ Դրուած Գումարներու Սեփականատէրերու Իրաւունքը Քաղաքական Հարց Չէ, Այլ Սկզբունքային, Օրինական Ու Բարոյական Հարց»

February 17, 2026
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Դրամատուներու մէջ պահ դրուած գումարներու սեփականատէրերու պոռթկումը» միութիւնն ու Դրամատուներու մէջ պահ դրուած գումարներ ունեցող ֆրանսացի լիբանանցիներուն միութիւնը Հայկական երեսփոխանական պլոքին հետ գումարեցին ընդլայնուած ժողով մը, որուն ընթացքին քննարկեցին օրէնսդրական ու ելեւմտական վերջին զարգացումները, մասնաւորաբար այն օրինագիծը, որուն որդեգրումը կառավարութիւնը կը ջանայ ապահովել, եւ որ կը բովանդակէ կէտ մը պահ դրուած սեփանակատէրերուն  գումարները վերածելու անյայտ ճակատագիրով պարտատոմսերու, ինչ որ ուղղակի կերպով կ՛ոտնահարէ անհատական սեփականութեան իրաւունքը, որ երաշխաւորուած է Լիբանանի սահմանադրութեամբ:

Երկու միութիւններուն ներկայացուցիչները ընդունուեցան Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի եւ պլոքի անդամ երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի կողմէ:

Միութիւնները ժողովի սկիզբը շնորհակալութիւն յայտնեցին Հայկական երեսփոխանական պլոքին` կառավարութեան մէջ, թէ դուրս իր յստակ դիրքորոշման, ինչպէս նաեւ բացայայտ մերժմանը համար որեւէ բանաձեւի, որ կը յանգեցնէ պահ դրուած գումարներու չեղեալ նկատուելուն կամ ելեւմտական քայքայումին գինը այդ գումարներու սեփականատէրերու ուսերուն բեռցնելուն: Անոնք այդ դիրքորոշումը նկատեցին պահ դրուած գումարներու սեփականատէրերու օրինական իրաւունքներու պաշտպանման երթին մէջ հիմնական քայլ մը:

Հայկական երեսփոխանական պլոքը իր կարգին հաստատեց, որ համաձայն չէ որեւէ նախագիծի կամ ծրագիրի, որ կը հակասէ սահմանադրութեան եւ գործող օրէնքներու կէտերուն, եւ պիտի չընդունի որեւէ առաջարկ, որ կը խախտէ անհատական սեփականութեան իրաւունքը կամ կը յանգեցնէ պահ դրուած գումարներու չեղարկման, կամ զանոնք չերաշխաւորուած կամ տեւողութիւնն ու արժէքը չճշդուած ֆինանսական գործիքներու վերածման:

Հայկական երեսփոխանական պլոքը շեշտեց, թէ պահ դրուած գումարներու սեփականատէրերու իրաւունքը քաղաքական հարց չէ, այլ սկզբունքային, օրինական եւ բարոյական հարց:

Նախորդը

«ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Լիբանանի Կողքին Պիտի Մնանք» Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Նախագահը

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (17 Փետրուար 2026)

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.