Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Յարմարուելու Դասեր

February 14, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանը, Հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի խորհուրդի անդամի մը լիազօրութիւնները դադրեցնելու օրակարգի քննարկումին առիթով յագեցած էր Դաշնակցութեան յարմարուելու  դասեր տալու ելոյթներով: Պատմական, քաղաքական, գաղափարական բովանդակութեամբ յայտարարութիւններով իշխանամէտ պատգամաւորները մրցումի մէջ էին փորձել համոզելու համար, որ Դաշնակցութիւնը «ժամանակավրէպ» կուսակցութիւն է եւ որուն գործունէութիւնը կը յատկանշուի հակաանկախականութեամբ եւ հակապետականութեամբ:

Անշուշտ տրուեցան պատասխաններ, որ Դաշնակցութիւնը ի՛նք կերտած է անկախ հանրապետութիւն եւ պետականութիւն, որուն ժառանգորդն է այսօրուան հանրապետութիւնը: Միտումն ու նպատակը յստակ էին: Օրինակ կը տրուէր «Սարոյեան եղբայրները», եւ Դաշնակցութեան կը վերագրուէր դաշնակցական Գէորգէն համայնավար Հայկ կերպարանափոխուելու իբրեւ թէ փաստը: Հակափաստարկները հիմնաւորեալ էին` թէ՛ պատմական, թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ գաղափարական առումներով:

Կեդրոնանանք սակայն յարմարուելու յորդորին վրայ: Այլ կերպով, կը յանձնարարուէր յարմարուիլ Արարատը  հայապատկան չհամարելու, Սահմանադրութիւն փոխելու, Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ընդունելու, տարածքային բոլոր պահանջներէն, պատմական բոլոր իրաւունքներէն հրաժարելու, Հայաստանի ինքնիշխան ներխուժուած տարածքներու հարցը չարծարծելու, Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումի օրակարգը շրջանցելու պահանջներուն:

Պահ մը անտեսենք «Մահ կամ ազատութիւն» կարգախօսին, հայդատականութեան, առաւելապաշտութեան, ռազմատենչութեան, երդումի աւանդութեան հեգնանքը, պարզապէս գիտակցելով, որ այդ բոլորը կ՛ենթարկուին քարոզչական համազարկի, կտրելով զանոնք իրենց ժամանակահատուածի պայմաններէն, օրուան իմաստէն եւ յեղափոխութեան խորհրդանշանակութենէն:

Այս բոլորին առընթեր անդադար օրինակ կը բերուէին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան պետական այրերու որդեգրած քաղաքականութիւնը, յայտարարութիւններն ու անոնց գրիչին պատկանող յօդուածները:

Անկախ ժամանակներու  միջեւ կատարուած սխալ համեմատութիւններէն, քաղաքագիտական այբուբեն է, որ պետութեան ղեկը ստանձնած համակարգն ու հասարակական կազմակերպութիւնը նոյն բովանդակութեամբ եւ նոյն ոճով չեն կրնար պաշտօնական յայտարարութիւններ կատարել: Ցցուն օրինակի համար այլ բան է տարածքային պահանջ չարծարծելը, այլ բան է գրաւոր, յատուկ պայմանագիրով այդ բոլորէն հրաժարիլը: Կամ, այլ բան է պաշտօնապէս միացեալ Հայաստանի մասին պաշտօնական յայտարարութիւն չկատարելը եւ բոլորին այլ բան պատմութիւնը վերաշարադրելը, «ատելութեան խօսք»-ի ջնջումի պատրուակով պատմական իրականութիւնները «մաքրել»-ու փորձեր կատարելը կամ միջազգային ցեղասպանագիտութեամբ իսկ հաստատուած եզրակացութիւնները հարցականի տակ առնելով Թուրքիայէն դուրս այլ պատասխանատուներ որոնելու կոչերը:

Յամենայն դէպս քանի որ պետականագիտութեան եւ պետականամէտութեան մասին շատ դասեր հնչեցին, մնալով զուտ այս բանավէճի սահմաններուն մէջ, պէտք է արձանագրել, որ պետական շահերէն կը բխի դերերու բաշխումի տեսութիւնը: Պետական գործիչը, գիտակցելով իր եւ հասարակութեան խօսոյթի տարբերութիւններուն ազգային-պետական շահերէն բխած ըլլալու իրողութեան, մանաւանդ պարտուած դիրքերէ բանակցելու համար պէտք է գիտակցի, որ հասարակութեան կառչած մնալը իր իրաւունքներուն` Արցախէն մինչեւ պատմական տարածքներ, աւելի քան անհրաժեշտ է: Մանաւանդ ներկայ պայմաններուն մէջ:

Հետեւաբար պետական շահերու յարմարուելու յորդորները, մեկնելով պետական շահերը պաշտպանելու սկզբունքէն եւ կանոններէն, պէտք է վերադարձնել դասատուներուն: Որպէսզի գիտակցին, որ Հայոց պատմութիւնը վերաշարադրելը ինքնութեան ինքնահարուած է ամէն բանէ առաջ: Գիտակցիլ նաեւ, որ նոր ստեղծուած վերանկախացած Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան հռչակագիրը գերադասելով պետական շահերը, իբրեւ հիմնադրոյթ բանաձեւած է պատմական իրաւունքներու վերականգնումը, Արցախի վերամիաւորումը, Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումին սատար կանգնիլը եւ արդարութեան վերահաստատումը: Ըստ էութեան ՀՅԴ Ծրագիրի առաջադրանքներն են, որոնք Անկախութեան հռչակագիրով ստացած են պետական տարազ, Դաշնակցութիւն-պետութիւն տեսլականներու  միաձուլումով:

Ա՛յս իրականութեան պէտք է յարմարուին բոլոր անոնք, որոնք Դաշնակցութեան յարմարուելու կոչեր կը հնչեցնեն:

Նախորդը

Թրամփ. «Պէտք Է Իրանի Հետ Գործարք Կնքենք, Այլապէս Ցնցումի Պիտի Ենթարկուի, Եւ Դժուար Պահ Պիտի Դիմագրաւենք»

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 235-ի Լուծում

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.