Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Հիւլէական Ուժանիւթի Բազմազանացումը` Աշխարհաքաղաքական Մրցակցութեան Շրջածիրին Մէջ

February 11, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահի այցելութեան օրակարգերէն պահ մը կեդրոնանանք Երեւանի հետ ստորագրուած հիւլէական ուժանիւթի խաղաղ նպատակներով օգտագործման ոլորտին մէջ երկու կառավարութիւններուն միջեւ համագործակցութեան համաձայնագիրին վրայ: Ըստ պաշտօնական Երեւանի, այս համաձայնութիւնը  կը նպաստէ Հայաստանի ուժանիւթի աղբիւրներու բազմազանացումին եւ անվտանգ ու նորարարական արհեստագիտութեան ներգրաւման:

Ուժանիւթի աղբիւրներու բազմազանացումը քաղաքական տրամաբանութեամբ շատ պարզ է, որ ինչի կ՛ակնարկուի: Ուժանիւթի բնագաւառին մէջ հիմնական մէկ աղբիւր կայ այսօր: Հիմա կ՛առաջադրուի բազմազանացում: Ամերիկեան ներդրումները ուրեմն նպատակ ունին բազմազանացնել ուժանիւթային արտադրութիւնը եւ ստեղծել նոր արտադրամասեր, կիսահաղորդիչներ:

Խնդիրը տեսքով տնտեսական, ըստ էութեան աշխարհաքաղաքական սուր առանցք ունի: Ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող կեդրոններու մէկ ազդեցութենէն միւսին անցումն է, որ այս կերպով կը փորձուի իրականացնել: Ելեկտրականութեան ոլորտը, մասնաւորէն պետականի անցումի տարազին տակ ըստ էութեան նոյն նպատակը կը  հետապնդէր:

Այնպէս ինչպէս որ նոյեմբեր 9-ը փոխարինուեցաւ օգոստոս 8-ով, կամ ռուսական վերահսկողութեամբ բացուելիք հաղորդուղիները` ԹՐԻՓՓ-ով, նոյն վարքագիծն է, որ Ուաշինկթընը կը շարունակէ կիրարկել Հայաստանի մէջ:

Այս հանգամանքները նկատի ունենալով էր, որ պաշտօնական Մոսկուան կատարեց իրերայաջորդ յայտարարութիւններ,  ներգրաւման առաջադրանքով ճշդելու համար ԹՐԻՓՓ-ին ռուսական ներգրաւման տարողութեան գիծերը:

Հետեւաբար այնքան ալ միանշանակ եւ հեզասահ չ՛երեւիր այս վարքագիծին երթը: Հիմա, ուժանիւթի ոլորտին վերաբերող հայ-ամերիկեան համաձայնագիրին իբրեւ անմիջական արձագանգ ուշադիր պէտք է կարդալ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալին յայտարարութիւնը, առ այն, որ Մոսկուան պատրաստ է ստանձնել Հայաստանի ուժանիւթի անվտանգութեան երաշխաւորի դերը: Աւելի՛ն. ըստ անոր, Հայաստանի հիւլէական կայանի նոր արտադրամասի շինարարութեան համար ռուսական առաջարկներէն բացի իրական այլընտրանքներ չկան:

Ռուս դիւանագէտը բացած է որոշ փակագիծեր: Յայտնած, որ իրենք հայկական կողմին առաջարկած են մշակուած առաջարկներու թղթածրար, եւ թէ ռուսական ընկերութիւնը պատրաստ է ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին սկսիլ նախագիծի իրականացման: Յիշեցուցած, որ  հայ-ռուս հիւլէական մասնագիտական համատեղ խումբը կայուն եւ արդիւնաւէտ կ՛աշխատի եւ պիտի շարունակէ աշխատիլ մինչեւ նախատեսուած 2036 թուականը:

Հիմա փորձենք որոշ հետեւութիւններ արձանագրել ստորագրուած համաձայնագիրին հիման վրայ կատարուելիք ներդրումային խոստումներուն եւ ընթացքի մէջ եղող աշխատանքներու յիշեցումի այս պատկերը նկատի ունենալով. հաստատելով` աշխարհաքաղաքական սուր մրցապայքարի նախադրեալներու ներառուած ըլլալը այս բոլորին մէջ:

Յայտնապէս աւելի յստակ կը դառնայ, որ բազմազանացումը ի՛նչ կը նշանակէ ներկայ պայմաններուն մէջ: Կը յստականայ, որ ռուսական կողմը մշակուած առաջարկներու թղթածրար փոխանցած է Երեւանին, որ ներկայացուածը անարձագանգ ձգած է, ըստ երեւոյթին: Մոսկուան սակայն կը հաստատէ, որ պիտի շարունակէ հիւլէական արտադրութեան անվտանգութեան երաշխաւորի իր դերը:

Ուաշինկթընի հետ համաձայնագիր եւ Մոսկուայի հետ մինչեւ 2036 համատեղ շահարկում հիւլէական կայանի: Այս զուգահեռները տեղ մը բախման կէտի կրնան վերածուիլ: Մանաւանդ որ Մոսկուան պաշտօնապէս կը յայտարարէ, որ հիւլէական ուժանիւթի նոր արտադրամասի շինարարութեան համար ռուսականէն բացի որեւէ իրական այլընտրանք չկայ:

Աւելորդ պիտի չըլլար յիշելը, որ գործող կայանի անմիջական փակումի պահանջը ամէն առիթի կը բարձրացնէին թէ՛ Անգարան եւ թէ՛ Պաքուն:

«Ա.»

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգները 11 Միլիոն Տոլարի Հետախուզական Անօդաչու Սարքեր Պիտի Տրամադրեն Հայաստանին

Յաջորդը

Յիշողութիւնը Ջնջելու Դիւանագիտութիւնը- Ծիծեռնակաբերդէն Պաքու` Յիշողութեան Վաճառքը

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.